Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ին, Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորական այցելութեամբ մը հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Երկու հոգեւոր պետերուն աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի, Սփիւռքի եւ Հայաստանի կապուած այժմէական հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։
Աւելի ուշ, Հոգեւոր Տէրը իր գլխաւորած պատուիրակցութեամբ այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Մարոնիթ Պատրիարք Մար Պշարա Պութրոս Ռահի քարտինալին հետ, որուն հետ քննարկեց երկու եկեղեցիները եւ լիբանանեան քրիստոնեայ համայնքը մտահոգող հարցեր, յատկապէս յառաջիկայ ընտրութիւններու լոյսին տակ։
Առ այդ՝ Հոգեւոր Տէրը իր այցելութիւններու շարքը շարունակեց ուղղուելով դէպի Հարիսայի Պապական Նուիրապետութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիի հետ։ Գերապայծառին հետ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը քննարկեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Լիբանան նախատեսուած այցելութեան նպատակները, օրակարգը եւ անոր նախապատրաստական աշխատանքները։