Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը հրաւէրով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ որուն ներկայ եղան բարձրաստիճան հիւրեր՝ Վատիկանի պետական քարտուղար Վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրթ Քոխ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ու անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը, Հայաստանի մօտ պապական նորանշանակ նուիրակ Արհիապատիւ՝ Տէր Խոսէ Աւելինօ Արք. Պեթենքուրդ, Հայ կաթողիկէ համայնքի սիւնհոդոսական սրբազան հայրերէն՝ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Լատին Ամերիկայի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Վարդան Եպս. Պօղոսեան եւ Եգիպտոսի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Օգոստինոս Գրիգոր Եպս. Գուսան, Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր գերյարգելի՝ Հայր Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, գերյարգելի ու գերապատիւ վարդապետներ եւ վարժարանին Ժառանգաւորները:
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, սիւնհոդոսական հայրերը եւ մեծայարգ հիւրերը քննարկեցին եկեղեցական եւ Հայութեան հետ առնչուող հարցեր: