Այսօր առաւօտեան, Գամիշլիի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեան եւ իր հայրը Հաննա Պետոյեան, Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակը ստուգելու համար, երբ անձնական ինքնաշարժով կը մեկնէին Տէր Զօր, ահաբեկիչներ յարձակած եւ կրակ բացած են անոնց ինքնաշարժին վրայ:
Ժողովրդապետին հայրը տեղւոյն վրայ նահատակուած է, իսկ ժողովրդապետը՝ վայրկեաններ անց: Անոնց ընկերակցող սարկաւագ Ֆատի Սանօն վիրաւորուած է: