Աբրահամ Արծիւեան կը պատկանի այն հայ եկեղեցականներու հոյլին, որոնք կաթողիկէ էին Հայ Եկեղեցիին ծոցին մէջ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը գոյութենէն առաջ:
Աբրահամ Արծիւեան ծնաւ Այնթապ: Կաթողիկէ քարոզիչ Մելքոն վրդ. Թազպազեանին աշակերտելէ ետք, հոգեւոր ասպարէզին նուիրուելով՝ մտաւ Սսոյ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսի ծառայութեան մէջ, որ զինք վարդապետական աստիճանի բարձրացուց , ապա Հալէպի Եպիսկոպոս ձեռնադրեց 1710-ին: Այս թուականէն ետք, Արծիւեանի կեանքը հալածանք, բանտարկութիւն ու աքսոր պիտի ըլլայ, օսմանեան զանազան բանտերուն մէջ:
1714-ին, հայ կաթողիկէները Պոլսոյ մէջ ժողով մը կը գումարեն եւ կ՛որոշեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի մը հիմնել եւ Մարտինի Մելքոն Եպս. Թազպազեանը Պատրիարք կը նշանակեն: Ոստիկանութիւնը ժողովականները կը ձերբակալէ, Թազպազեան ու Արծիւեան եպիսկոպոսները թիարան կը նետուին, ուր տարի մը ետք Թազպազեան կը նահատակուի: Արծիւեան թիարանէն ազատուելէ ու Արուատ կղզին դարձեալ բանտարկուելէ ետք (1719-21), կ՛ազատի բանտէն պայմանով որ Հալապէն ցմիշտ հեռանայ: Կ՛ապաստանի Քրէյմ (Ղուսթա, Քեսրուան, Լիբանան), ուր հալէպցի Մուրատեան եղբայրները կալուած մը գնած էին, հոն վանք մը շինելու եւ կրօնաւորական կեանք մը վարելու համար:
Արծիւեան, 17 տարի Քրէյմ մնալով, իր այս կամաւոր բանտարկութեան շրջանին կը հիմնէ Անտոնեան Հայ Միաբանութիւնը, կը կառուցանէ վանքին եկեղեցին, միայնգամայն հեռուէն հովուելով Հալէպի հայ կաթողիկէ իր ժողովուրդը, իր տեղապահ Յակոբ վրդ. Յովսէփեանին միջոցով:
Հալէպի հայ կաթողիկէները, 1738-ին, եկեղեցի մը ձեռք կը ձգեն ու Արծիւեանը Հալէպ վերադարձնելու արտօնագիրն ալ կը հանեն (1739): Անոնք վճռած են անկախ Պատրիարքութիւն մը ունենալ, յանձին իրենց Եպիսկոպոսին, որ Հալէպ հասնելով, յոյն կաթողիկէ եպիսկոպոսներու օժանդակութեամբ, իր փոխանորդ Յակոբ վրդ.ը ու երկու ուրիշ վարդապետներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ: Անոնք իրենց հերթին զինք Պատրիարք կ՛օծեն 26 Նոյեմբեր 1740-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին մէջ:
Պատրիարքական ընտրութիւնը վաւերացնելու համար, Արծիւեան Հռոմ կը մեկնի, ներկայանալու Բենեդիկտոս ԺԴ. Պապին: Կարդինալներու Ժողովը 26 Նոյեմբեր 1742-ին կը վաւերացնէ Արծիւեանի Պատրիարքութիւնը ու Բենեդիկտոս ԺԴ. իր անձնական բարեկամութեան ու համակրանքին հետ՝ անոր կը պարգեւէ Բալիումը, 8 Դեկտեմբերին:
Արծիւեանի հիմնած Պատրիարքութիւնը, եկեղեցական օրէնքով վաւեր, օսմանական օրէնքով ապօրինի ըլլալով, պետական մնայուն հետապնդումներու առարկայ դարձաւ: Ու հակառակ եւրոպական դեսպանատուներու կատարած միջամտութիւններուն՝ սուլթանական պէրաթ մը ձեռք ձգելու նպատակով, Արծիւեան հարկադրուեցաւ հրաժարիլ Պոլիս հաստատուելու իր սկզբնական ծրագիրէն, եւ Հռոմէն վերադարձաւ Քրէյմի Ամենափրկիչեան Վանքը:
Ասիկէ սկզբնաւորութիւնն էր հերոսավէպի մը, որ կը դարերէ ի վեր:
Վտարուած Լիբանանեան լեռներուն մէկ խոր անկիւնը, իր շուրջ ունենալով միայն 6 եպիսկոպոս ու 22 անտոնեան հայ կրօնաւորներ, ան պիտի պայքարէր իրենց յանձնուած առաքելութիւնը կատարելու համար: Հալածանքներէ հիւծած ու օսմանեան բանտերէն մաշած, ան մեկնեցաւ իր Տիրոջ մօտ, Յակոբ Եպս. Յովսէփեանը իրեն յաջորդ նշանակելէ ետք: