Հինգշաբթի՝ 5 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանէն ներս կը տիրէր հայկականութեամբ դրոշմուած մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, հոն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շուրջ համախմբուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներն ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որոնք եկած էին մասնակցելու Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման ու օրհնութեան արարողութեան։ Նախքան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան նաեւ Հայ եւ Լատին բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար առանձնազրոյցներ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ երկու վեհափառներուն հետ։ Ապա ժամը12-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ ան նախագահեց Ժ. դարու հայ մեծանուն բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանին բացման արարողութեան։
Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը ողջունուեցաւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու հնչեցուցած «Թարգմանչաց» շարականով, ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն՝ (Գլ. 15, 9-17) ուր Յիսուս կը փոխանցէ իր սիրոյ պատուիրանը ըսելով «սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ աւելցնելով որ «Զկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»։
Աւետարանէն ետք արտասանուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքէն հատուած մը։ Ապա Քահանայապետը օրհնեց արձանը «այս նշանաւ, Սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուր շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ», հուսկ տեղի ունեցաւ արձանի քօղազերծումը ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանի։
Արարողութիւն շարունակուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի պաղատանքի աղօթքով, որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին աղօթքը, հուսկ Գարեգին Բ. Վեհափառին աղօթքը։ Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Հայ Եկեղեցւոյ երեք հովուապետերուն հետ միասին առաքելական օրհնութեամբ արձակեցին ներկաները վերջ տալով Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան պատմական արարողութեան։