ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԸ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներուն եւ միաբանութեանց մեծաւորներուն, այսօր՝ երեքշաբթի 28 օգոստոս 2018-ին Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, որ պիտի երկարի մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2018։

Սիւնհոդոսի օրակարգը պիտի ընդգրկէ հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցեր,  ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական գաղութներուն իրավիճակը եւ համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներ։