ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՈՒՂԵՐՁԸ «ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ»ԻՆ՝ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական յորդորը ուղղուած Հայ երիտադարդներուն, որոնք պիտի մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին հետ, Հ.Ե.Օ. (Համաշխարհային երիտասարդական օրերուն), որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Օգոստոս 1-էն 6, Փորթուկալի Լիզպոն քաղաքին մէջ:
***
Սիրելի հայկազուն Զաւակներս, Երիտասարդներ եւ Երիտասարդուհիներ, անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունեմ Ձեզ այս նկարաերիզով՝ ձեզի փոխանցելու իմ հայրական օրհնութիւնս ու սրտաբուխ մաղթանքներս «Համաշխարհային Երիտասարդական Հաւաք»-ին ձեր մասնակցութեան առիթով: Անոր նպատակն է, նախ եւ առաջ տալ քրիստոնէական վկայութիւնը ձեր ինքնութեան եւ ապա, ունենալ պատրաստակամութիւնը՝ ծառայութեան:
Ի տարբերութիւն աշխարհի բոլոր երիտասարդներէն, դուք կը պատկանիք առաջին քրիստոնեայ Հայ Ազգին, որ դարերու ընթացքին չխնայեց իր արիւնը թափելու Քրիստոսի համար: Պատմական փաստը արդար հպարտանքով կարող էք վկայել եւ ըսել, թէ մինչեւ այսօր Արցախի մէջ հայ քրիստոնեաները հալածուած են, իրենց անմեղ արիւնը կը թափեն աշխարհի գերհզօր երկիրներուն դիմաց, որոնք միայն խօսքով կը կարեկցին մեզի, բայց կը շարունակեն դիտել անընդհատ անկումը մեր նահատակներուն: Նոյն պատկերն էր նաեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայասպանութեան ատեն: Մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի զոհեր՝ կտրիճներ, նահատակներ վճարեցին իրենց կեանքը Յիսուս Քրիստոսի անգին զոհողութեան սիրոյն համար:
Այո՛, դուք թիւով քիչ էք, բայց արժէքներով շատ մեծ էք: Կը մնայ միայն գիտակցութիւնը ձեր քրիստոնէական պատկանելիութեան եւ հայկական ինքնութեան: Ինքնութիւնը, որ կարող է դառնալ տիպար օրինակն ողջ հաւաքին՝ ձեր կիրթ եւ ընկերաբարոյական կեցուացքով, ազնիւ ու մաքուր փոխ յարաբերութեամբ զանազան ազգերու զաւակներուն հետ:
Հաւաքը Եւրոպայի մէջ է: Փորթուկալի մէջ, ուր Աստուածամայրը 1917-ին երեւցաւ երեք մանուկներուն եւ անոնց յանձնեց աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր, բայց կարեւոր պատգամը՝ Յիսուսի պատգամը, որ մարդերը կը հրաւիրէ աղօթքի, ապաշխարութեան եւ վերադարձի: Եւրոպա, սակայն, այսօր մեծ տագնապներու մէջ կը տուայտի: Անհաւատութիւնը, մարդկային կեանքէն շեղումները, անբարոյականութիւնն ու ամենածանրը՝ ուրացո՛ւմը Քրիստոսի:
Չտարուի՛ք խափուսիկ խոստումներէն, չփորձէ՛ք այն, ինչ որ կը հակասէ ձեր բարոյական արժէքներուն: Մնա՛ք պինդ բայց ազնիւ, վերապահ բայց ընկերային, հոգեւոր բայց բնական: Աղօթեցէ՛ք Աստուածամօր, արտայտեցէ՛ք ձեր իղձերը, ներկայացուցէ՛ք ձեր խնդրանքները, աղօթեցէ՛ք մեր Հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի, մեր Լիբանանի, մեր Եկեղեցիին ու հոգեւորականներուն, ինչպէս ալ ձեր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն համար:
Պահն է հանդիպումի: Հանդիպո՛ւմ Աստուծոյ հետ: Հանդիպո՛ւմ մարդկութեան հետ: Աստուծոյ հետ՝ յայտնելու մեր որդիական երախտագիտութիւնը: Մադկութեան հետ՝ յայտնելու մեր պատրաստակամութիւնը ծայառելու եւ նուիրուելու:
Սիրելի Հոգեզաւակներս, «Համաշխարհային Երիտասարդական Հաւաք»-ին ձեր մասնակցութեամբ՝ դուք կը ներկայացնէք մեր Հայ Ազգը, Հայ Եկեղեցին, համայն հայութեան երիտասարդութիւնը, հետեւաբար, ձեր պարտականութիւնը թէ՛ հոգեւոր է եւ թէ՛ ազգային է:
Ձեր վերադարձին՝ կը սպասեմ ձեր բարի լուրերուն, դրական տպաւորութիւններուն եւ վկայութիւններուն: Ձեր վերադաձին՝ դուք պիտի դառնաք թթխմորը մեր երիտասարդութեան՝ ձեր ընկերներուն ու տարեկիցներուն փոխանցելով ձեր փորձառութեան արժէքները:
Ուրա՛խ, խանդավա՛ռ ու հզօ՛ր մնաք:
Ամենակալ Աստուծոյ՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ օրհնութիւնն մնասցէ ի վերայ ձեր:
Ամէն:
Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողոկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկըոյ Կաթողիկէ Հայոց