CORONAVIRUS-Ը ՄԱՐԴԿԱՅՆԱՑՈՒՑ ՍԱՐՍԱՓԱՀԱՐ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 

Քորոնավիրիւսի (Coronavirus – Covid 19 – Պսակաձեւ ժահր) համաճարակը, որ սկսաւ անցեալ Դեկտեմբերի վերջը Չինաստանի Հիւպէյ նահանգին մէջ, հակառակ կանխարգիլման համաշխարհային միջոցառումներուն՝ շատ արագ տարածուեցաւ, մահուան անսանձ սպառնալիքով ահ ու սարսափի մատնեց համայն աշխարհը իր բոլոր բաղկացուցիչ մարդկային տեսակներով, դասակարգերով եւ հոսանքներով, անխտիր բոլոր մարդիկը, մեծն ու փոքրը, աղքատը եւ հարուստը, գործատէրն ու գործաւորը, հզօրն ու տկարը, ղեկավարն ու շարքայինը, հաւատացեալն ու անհաւատը, բարեկամն ու թշնամին։ Սկզբնական կանխազգուշութիւնները բաւարար չեղան Ժահրէն վարակուածներու եւ զոհերու թիւի արագ աճը արգելակելու։ Շուրջ 300․000 վարակուածներ եւ 15․000 զոհեր երեք ամսուան մէջ։ Պետական իշխանութիւններու, հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու քորոնավիրիւսին դէմ պայքարի զօրաշարժը եւ լայնածաւալ միջոցառումները բաւարար չեղան կասեցներու համար ժահրի հետեւանքներուն աճը։

 

ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐԸ ԱՆՑԱԳՐԻ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ ՀԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Չինաստանէն սկսած համաճարակը շուտով դարձաւ համաշխարհային, ընդգրկելով բոլոր երկրամասերը․ ան համաշխարհայնացաւ, որովհետեւ Ժահրերը կամ փոխանցիկ հիւանդութիւնները անցագիրի պէտք չունին ազգային սահմաններ հատելու համար, կրնան արագօրէն եւ անարգել տարածուիլ երկրագունդի բոլոր կողմերը։ Ի յայտ եկաւ որ դեռ եւս գոյութիւն չունի անոնց տարածումը արգելակող ուժ մը։ Քորոնավիրիւսը ցոյց տուաւ որ գերհզօր տէրութիւններն անգամ՝ մինչեւ մոլորակներ հասնող իրենց նուաճումներով, ռազմական ու տնտեսական հսկայական միջոցներով անզօր են իր դիմաց։ Անոնք չունի՛ն (յուսանք կ’ունենան) զայն պարտութեան մատնող ուժ մը։ Ան դարձաւ զօրաւորին դիմաց տկարին անհաւատալի յաղթանակը։

 

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ

Արդարեւ, աշխարհ, սարսափահար եւ յանկարծահար, չկարենալով առաջքը առնել համաճարակի տարածումին, փորձեց գէթ արգելակել եւ սահմանափակել զայն։ Այս նպատակով, վտանգուած երկիրներու իշխանութիւնները իրենց երկիրներուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին, փակեցին մարդաշատ վայրերը, ջնջեցին ամէն տեսակի հաւաքները, մարզական, ընկերային, մշակութային, սառեցուցին ժամանակակից կեանքի համարեա բոլոր ոլորտները՝ ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական, առեւտրական, արդիւնաբերական, կրթական, ցամաքային, ծովային եւ օդային փոխադրութեանց, տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւնները խզեցին եւ սահմանները փակեցին, քաղաքներ ամբողջ արգելանոցի վերածեցին, գործեցին միայն դեղատուները եւ սննդեղէններրու խանութները, օդանաւային ընկերութիւններ ջնջեցին իրենց թռիչքները։ Մարդիկ, խուճապահար, խուժեցին կենսական սննդամթերքներու վրայ՝ անորոշ ժամանակով արգելափակուելու համար իրենց տուները։ Ինքնամեկուսացումը դարձաւ Ժահրին դէմ պայքարի գլխաւոր միջոցը։

 

ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՆՄԱՍՆ ՉՄՆԱՑ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ

Կացութիւնը համեմատաբար տարբեր չէր նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր քորոնավիրիւսը յայտնուեցաւ 20 Փետրուարին եւ սկսաւ արագօրէն տարածուիլ։ Բնակիչներուն ինքմեկուսացումը չարիքին դէմ պայքարելու գլխաւոր դեղամիջոցը նկատուեցաւ։ Մարդիկ իրենք զիրենք արգելափակեցին իրենց տուներուն մէջ։ Ամէն գործունէութիւն դադրեցաւ։ Հոգեւոր կեանքն անգամ կանգ առաւ։ Եկեղեցական արարողութիւնները ջնջուեցան։ Զատկական տօնական օրերու նախօրեակին եկեղեցիները ամայացան։ Պապը յայտարարեց որ արարողութիւնները պիտի կատարուին առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Իսլամ կրօնապետերը եւս ջնջեցին Ուրբաթ օրուան աղօթքները։ Քաղաքացիները հրաւիրուեցան հնարաւորին չափ խուսափելու երթեւեկելէ եւ իրենց տուներէն դուրս չգալու։ Ինքնամեկուսացուելու։ Օդակայանը եւ նաւահանգիստները փակ յայտարարուեցան։ Հաղորդամիջոցները ողողուեցան կանխազգուշութեան պատուէրներով, ցուցմունքներով, թելադրութիւններով․ նուազագոյնը՝ ձեռքերը լուալ յաճախ, մանրէասպան քսուկներ օգտագործել, հակավարակի դիմակներ կրել։

 

ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ

Բացի պատճառած մարդկային վնասներէն եւ ընկերութեան կեանքի բնականոն ընթացքը խանգարող հետեւանքներէն, քորոնավիրիւսի համաճարակը շատ ծանր հարուած տուաւ համաշխարհային տնտեսութեան՝ խանգարելով արդիւնաբերութիւնը եւ արժոյթային ցանցերը գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս։ Վնասները միլիառներով ու միլիառներով գնահատուեցան։ Վնասներու պատկերացում մը տալու համար նշուեցաւ որ «Պլումպըրկ Պիլիըներզ Ինտեքս» գործակալութեան համաձայն, 12 Մարտին, աշխարհի 500 ամէնէն հարուստ մարդիկ մէկ օրուան մէջ կորսնցուցած են 331 միլիառ տոլար, ինչ որ մեծագոյն միօրեայ կորուստը եղած է գործակալութեան ութամեայ պատմութեան ընթացքին: Աղքատները կորսնցնելիք բան չունենալով գոհացան Տիրոջ հանապազօրեայ հացով եւ աղօթելով։

 

ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ

Հարիւր հազարաւոր կեանքեր խլող Քորոնա ժահրի համաճարակին մարդասպան հետեւանքները զգացուցին համաշխարհայնացում հասկացողութեան նոր եւ մարդկայնական ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ամէն անգամ որ ազգային սահմաններ հատող համաճարակ մը յայտնուի՝ մարդկութիւնը ի վիճակի ըլլայ միջազգային համագործակցութեամբ եւ ուժերու լարումով չէզոքացնելու զայն, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող առողջապահութեան ազգային դրութիւնները պէտք եղածին պէս նախապատրաստուած չեն նման յանկարծահաս համաշխարհային ստիպողական վիճակ մը դիմագրաւելու։ Նման ճգնաժամերու դէմ պայքարը կը կարօտի համաշխարհային նոր մարտավարութեան մը, ինչ որ կ’ենթադրէ համապատասխան միջոցներու եւ մասնագիտութիւններու միջազգային շտապ զօրաշարժ մը՝ մարդասիրական քայլերուն զուգահեռ։

Այսպիսի դժուարին իրադարձութիւններուն դիմաց միջպետական բազմաբնոյթ մրցակցութիւնները անիմաստ կը դառնան։ Մարդկայնականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ։ Ամէն քաղաքականութեան մեկնակէտը մարդկայնականութիւնը կ՛ըլլայ (պէ՛տք է ըլլայ) այնպէս ինչպէս բազմաթիւ առիթներով քանիցս ու քանիցս թելադրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

 

ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՉԱՐԻՔԷՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԲԱՐԻՔԸ

Մարդկայնականութիւնը՝ ներկայիս մարդկութեան ապրած չարիքէն ծնունդ առած բարիքը պիտի ըլլայ, եթէ ան իր արտայայտութիւնը գտնէ իրարօգնութեան մէջ, մարդոց փոխյարաբերութիւններուն մէջ, միջպետական համագործակցութեան մէջ, մարդկութեան դիմաց ծառացած բազմաբնոյթ խնդիրներու լուծումը մարդկայնական մօտեցումներով փնտռելուն մէջ, ներկայ կացութեան նման բոլոր ճգնաժամերէն միասնաբար, որպէս մէկ մարդկութիւն դուրս կարենալ գալու գիտակցութեան մէջ, ինչպէս կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Այս կացութենէն կրնանք դուրս գալ միայն միասին» կ’ըսէ ան 20 Մարտ 2020-ին իտալական Լա Սթամբա թերթի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, եւ կը շարունակէ․- «Յաճախ կը մոռնանք որ «մութ գօտիներ» եւ «տխուր պահեր» կան կեանքին մէջ։ Եւ կը մտածենք որ ասիկա կրնայ պատահիլ միայն ուրիշներուն։ Մինչդեռ այդ պահը տխուր է բոլորին համար, ոչ ոք կրնայ ազատիլ անկէ։ Ամէն ոք կը բաժնէ այս դժուարին օրերը։ ․․․ Հաւատացեալներու եւ ոչ-հաւատացեալներու միջեւ խտրութիւն դնելու հարց չկայ։ Բոլորս մարդ ենք եւ որպէս մարդիկ բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ կը գտնուինք»։ Պապը կ’ըսէ թէ «այս համաճարակը փորձութիւն մըն է որ պիտի նպաստէ մարդոց միանգամընդմիշտ յիշեցնելու որ մարդկութիւնը միակ հասարակութիւն մըն է։ Համաշխարհային եղբայրութիւնը կարեւոր է ու վճռորոշ։ Պէտք է մտածենք որ պատերազմէն ետք «միւսը» պիտի չըլլայ այլեւս, այլ «մենք» պիտի ըլլանք բոլորս։ Որովհետեւ այս կացութենէն դուրս կրնանք գալ միայն բոլորս միասին»։

 

 24 / 03 / 2020