Sermons Sermons
Կիրակի, 11 Յունիս 2006 - Սիրտ Յիսուսի Տօն - Ս. Փրկիչ Եկեղեցի
Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Սուրբ Գիրքը կ‏’ըսէ. «Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն» (Ես. 12,3): Եսայի մար•արէէն քաղուած այս խօսքերով, երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. Սրբ. Քահանայապետը հովուական թուղթ մը հրատարակեց յիսուն տարի առաջ, 15 Մայիս 1956ին, Յիսուսի Ս. Սիրտի Տօնին՝ համայն Եկեղեցւոյ Տօն հռչակումին հարիւրամեակին առիթով: Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը քաջալերելու համար, Սրբ. Պապը կը յորդորէր հաւատացեալները իրենց սիրտը բանալ Աստուծոյ սիրոյն, որ կարող է զայն կերպարանափոխել եւ լիացնել:

Յիսուն տարի ետք, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը այժմէական կը նկատէ քրիստոնեաներուն համար իրենց կապակցութիւնը ամրացնել Յիսուսի Ս. Սիրտին հետ, իրենց հաւատքը վերանորո•ելու համար աստուածային փրկարար սիրով: Այս պատճառով է որ մենք ալ, ամէն տարի, հանդիսաւոր կերպով կը տօնակատարենք Սիրտ Յիսուսը վերանորո•ելու համար մեր հաւատքը եւ արտայայտելու մեր համոզումը հանդէպ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Խորհուրդին:

27 Դեկտեմբեր 1673ին, Յիսուս երեւցաւ մայրապետի մը՝ Մարկրիթ Մարի Ալա•ոք անունով, եւ իրեն ուղղեց հետեւեալ խօսքերը . «Իմ աստուածային Սիրտս այնքան սիրահարուած է մարդոց, որ չի կրնար այլեւս բովանդակել իր մէջ իր սիրոյ տոչորող բոցերը, ուստի եւ պէտք ունի զանոնք տարածելու: Ես քեզ ընտրեցի, կ‏’ըսէ իրեն Յիսուս, այս մեծ ծրա•իրը իրա•ործելու համար որպէսզի ամէն ինչ ինծմով կատարուի»: Այդ թուականէն ետք Եկեղեցին ճանչցաւ Սրբուհի Մարկրիթին երեւումները եւ տարածեց Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը աշխարհի վրայ մանաւանդ Յիսուսեան Հայրերու միջոցաւ:

Նոյն իմաստով է որ Նորին Սրբութիւնը Բենեդիկտոս ԺԶ‎. կը հաստատէ թէ՝ «Քանի որ Աստուծոյ սէրը բացայայտ կերպով արտայայտուեցաւ Խաչափայտին վրայ Յիսուսի կեանքի նուիրումով, մենք Անոր չարչարանքներուն եւ մահուան նայելով է որ պիտի կարենանք ըմբռնել՝ միշտ աւելի յստակ կերպով, անսահման սէրը որով Աստուած մեզ սիրեց»: Եւ կը շաունակէ ըսելով. «Կարելի է ըլլալ ճշմարիտ քրիստոնեայ միմիայն մեր աչքերը սեւեռելով մեր Փրկչին Ս. Խաչին, նայելով Անոր որ խոցեցին: Այն ատեն, մեր նայուածքը Յիսուսի խոցուած կողին վրայ կը դառնայ անձայն եւ լռակեաց երկրպա•ութիւն մը, որ մեզ տրամադիր կը դարձնէ կատարելու Աստուծոյ փրկարար կամքը, մեզ կարող կը դարձնէ յանձնուելու Յիսուսի •թառատ սիրոյն ու միեւնոյն ատեն՝ մեր փափաքը կ‏’ամրապնդէ մասնակցելու համար փրկա•ործութեան ծրա•րին՝ դառնալով •ործիքներ Անոր: Քրիստոսի սէրը նաեւ մեզ կը տրամադրէ եւ մեզի կարողութիւնը կու տայ միւսները սիրելու եւ անոնց համար նուիրուելու: Այսպէսով միայն, կ‏’ըսէ Սրբ. Պապը, կրնանք դառնալ Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ պիտանի •ործիքներ եւ հետեւաբար՝ հաւատալի քարոզիչներ Անոր սիրոյն»:

Մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, մեր մայրերը ու մեծ մայրերը 91 տարի առաջ հաւատացին Յիսուսի անսահման սիրոյ, ընդունեցան առանց վարանումի Անոր սուրբ կամքը, փոխանակեցին աստուածային սէրը մարդկային սիրով՝ ընծայելով Անոր իրենց ամենաթանկա•ին բանը՝ իրենց արիւնը, իրենց կեանքը: Կ‏’իմանանք որ անոնց բախտակից եւ նահատակակից Մարտինի Արքեպիսկոպոսը՝ Երանելի Ի•նատիոս Մալոյեան, յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Յիսուսի Ս. Սիրտին հանդէպ, որ զինք զօրացուց եւ աշխուժացուց իր առաքելական կեանքին ընթացքին ու զինք պատրաստեց մարտիրոսութեան, որ զարմանալիօրէն, Յիսուս սահմանած էր ճիշդ իր Սուրբ Սիրտին Տօնին օրը՝ Յունիս 11, օրը օրին այսօրուայ պէս, 91 տարի առաջ: Ուրիշ շատ հաւատացեալներ ջերմեռանդութիւն ունեցան հանդէպ Յիսուսի Ս. Սիրտին, որոնցմէ ոմանք ալ սրբութեան արժանացան:

Սակայն, ուրիշներ ապերախտ •տնուեցան Քրիստոսին նկատմամբ: Այդ ինչ որ կը յայտարարէ Յիսուս Սրբուհի Մարկրիթին հետեւեաել խօսքերովը՝ «Ահաւասիկ այս Սիրտը որ այնքան սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու անոնց, բայց երախտա•իտութեան տեղ մարդոց շատերէն ուրիշ բան չ‏’ընդունեցաւ եթէ ոչ ապերախտութիւն, անար•անք, արհամարհանք, սրբապղծութիւն եւ պաղ վերաբերմունք»:

Ասոր վրայ, Յիսուս կը խնդրէ որ Ս. Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին ութօրէքի յաջորդող ուրբաթ օրը իր Ս. Սիրտին նուիրուի, եւ Իրեն հատուցում կատարուի Սուրբ Ժամուայ մը ջերմեռանդութեամբ ու ամսուան առաջին ուրբաթի Ս. հաղորդութեամբ: Նոյն առիթով, Յիսուս հետեւեալ քաջալերական եւ մխիթարական խոստումները կ‏’ընէ.
«- Մեղաւորները իմ Սիրտիս մէջ պիտի •տնեն աղբիւրը եւ անհուն ովկիանոսը ողորմութեան,
 -  Գաղջ հո•իները եռանդուն պիտի դառնան,
 -  Եռանդուն հո•իները քիչ ատենէն սրբութեան պիտի հասնին,
 -  Իրենց վիճակին հարկաւոր բոլոր շնորհքները պիտի տամ,
 -  Իրենց ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատեմ,
 -  Իրենց ցաւերուն մէջ զիրենք պիտի մխիթարեմ,
 -  Պիտի ըլլամ իրենց ապաստանը կեանքի ընթացքին եւ մանաւանդ մահուան ատեն,
 -  Առատ օրհնութիւններ պիտի տեղացնեմ իրենց բոլոր •ործերուն վրայ:
 -  Պիտի օրհնեմ այն տուները ուր իմ Սիրտիս պատկերը մէջտեղ դրուած է եւ մեծարուած է:
 -  Պիտի տամ քահանաներուն կարողութիւնը ամէնէն կարծր սիրտերը յուզելու:
 -  Սուրբ Սիրտիս ջերմեռանդութիւնը տարածող անձերուն անունը պիտի •րուի Սիրտիս մէջ եւ այնտեղէն բնաւ պիտի չջնջուի», ըսաւ Յիսուս:

Թող ամէն հաւատացեալ անձ դիմէ այս անհատնում շնորհքի աղբիւրին եւ այս մշտատեւ օ•նականութեան, յառաջդիմելու համար սիրոյ մէջ եւ ընկերոջ հանդէպ առատաձեռն ծառայութեամբ: Թող Աստուած ամէնուս նոր սիրտ մը շնորհէ ըստ Եզեկիէլ մար•արէի խօսքին, որպէսզի հաւատարիմ մնանք Անոր սուրբ կամքին: Աղօթեց՛էք ձեր հո•եւոր հովիւներուն համար, որպէսզի ըլլան քահանաներ համաձայն Յիսուսի Ս. Սիրտին: Աղօթե՛նք ամէնքս ըսելով՝ «ո՜վ Յիսուս, քաղցր ու խոնարհ Սրտով, փոխ՛է մեր սիրտերը եւ սորվեցուր մեզի զԱստուած սիրել եւ մեր ընկերը՝ անկեղծ սիրով»: Գթառատ Սիրտ Յիսուսին հետ պատուե՛նք եւ մեծարե՛նք նաեւ Աստուածամօր Անարատ Սիրտը: Իրեն դիմե՛նք լի վստահութեամբ աղաչելով խաղաղութիւն շնորհել ամէն մարդու, բոլոր երկիրներուն ուր այս խաղաղութիւնը կը պակսի, մանաւանդ մեր սիրելի Լիբանանի որդիներուն եւ ի մասնաւորի լիբանանահայերուն:
Ամէն:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ