Երկուշաբթի, 21 Օգոստոս 2006 - Նամակ Առ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Կաթողիկոս
Նորին Սուրբ Օծութիւն
Տ.Տ. Գարեգին Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Յոյժ Սիրելի Եղբայր ի Քրիստոս,

Փառք կու տանք Աստուծոյ որ վերականգնեց մեր առողջութիւնը եւ անվտանգ մեր նստավայրը վերադառնալու ուրախութիւնը պարգեւեց մեզի մինչ պատերազմը մահ ու աւեր կը սփռէր յաւերժական Մայրիներու երկրի ամբողջ տարածքին: Վիճակը հազիւ յարաբերաբար խաղաղած, մեր առաջին մտածումներէն մէկը եղաւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզի, Վեհափառ Տէր, ապաքինման եւ առողջութեան Ձեր մաղթանքներուն համար, ապա շնորհաւորել Ձեզ Ձեր ծննդեան 55 ամեակին առիթով: Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն որպէսզի միեւնոյն երիտասարդական կորովով շարունակէք առաջնորդել Մայր Աթոռը դէպի նոր նուաճումներ ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան, Մեր Լուսաւորչեան Հաւատքի տարածման, Հայ Ազգի բարօրութեան, մեր ազգային դատերու յաղթանակին եւ Հայկական Պետականութեան հզօրացման:

Ընդունեցէք, Վեհափառ Տէր, Մեր քրիստոնէական եւ եղբայրական սիրոյ զգացումներուն հաւաստիքը:

Եղբայրական Ողջունիւ՝

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ