Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2011 - Հայաստանի անկախութեան 20-Ամեակի տօնակատարութիւն Հռոմի մէջ


Հռոմ

Չորեքշաբթի 21 սեպտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 7:15-ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-հանդէս Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակի առիթով:
Տօնակատարութեան մասնակցեցան Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը Իտալիոյ մօտ՝ պրն. Ռուբէն Կարապետեան, դեսպանատան անձնակազմը, Հռոմի քաղաքապետին ներկայացուցիչ՝ պրն. Ֆրետերիքո Րոքքո, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանէն ժամանած բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, «Comunità Armena»-ի խորհուրդը եւ հայ ու  իտալացի հիւրեր:
Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգով որմէ ետք խօսք առաւ գերյ. հայր գէորգ  ծ.վրդ Նորատունկեանը շեշտը դնելով Հայ բառին վրայ: Ան կապ մը ստեղծեց հայու անձին անկախութեան ու Հայաստանի անկախութեան միջեւ, յայտնելով թէ ինչպէս հայու համար ազատ ու անկախ ըլլալը երազ մըն էր, որ այսօր դարձած է իրականութիւն: Հայր Գէորգ մերժեց որ հայոց մէջ տեղի ունենայ ոեւէ մէկ խտրութիւն ներառեալ Եկեղեցւոյ, հողի ու կուսակցութիւններու միջեւ, որովհետեւ ի վերջոյ այս բոլորը եղած են ի նպաստ հային ու հայ ազգին համար:
Իսկ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան` պրն. Ռուբէն կարապետեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն նախ շնորհաւորելով այս տօնն ու տօնակատարութիւնը, յաղթանակ նկատելով այս 20-ամեայ անկախութիւնը, որովհետեւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Արցախը այսօր կը գտնուի հայոց ձեղքերուն մէջ: Ան ըսաւ թէ հայը հայ է եւ բարձրագոյն արժէքն է եւ չկայ տարբերութիւն իրար միջեւ, այլ ձեռք ձեռքի տալով պէտք է աշխատիլ Հայաստանի հզօրացմանը համար եւ այդ ալ համախմբուելով հանրապետութեան կողքին ու շուրջը:
Պրն. Ռուբէն կարապետեան իր խօսքը աւարտեց մաղթելով ընտանիքներուն սէր ու երջանկութիւն, իսկ երիտասարդներուն՝ հաւատք իրենց Հայաստան հայրենիքին:
Տօնակատարութեան աւարտին, խօսք առաւ նաեւ Հռոմի քաղաքապետի ներկայացուցիչ՝ պրն. Ֆրետերիքո Րոքքո անուանելով այս անկախութիւնը «երիտասարդ» անկախութիւն: Հայաստան իր այս 20-ամեայ անկախութեամբ չէ, որ կը դիտուի այլ իր դարաւոր պատմութեամբ որ կը պարփակէ տխուր եւ ուրախ հանգրուաններ: Ան նշեց թէ ինչպէս հայերը կապուած են իրենց հայրենիքին եւ այս հանդիպումը որպէս մեծ փաստ է այս իրականութեանը: Ան փակեց իր խօսքը բարձր գնահատելով հայկական գաղութին գործն ու ներկայութիւնը Հռոմի մէջ:
Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւն ժամանակակից արուեստի պատկանող հայ նկարիչներու գործերը՝ «Հայերը» խորագրի տակ, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի 25 սեպտեմբեր 2011: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւններ ի պատիւ այս պատմական յիշատակին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ