Պէյրութ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը ուրբաթ 11 ապրիլի երեկոյեան հարցազրոյց մը շնորհեց «Սիվիլնէթ»ի երկու լրագրողներու՝ Մարիա Թիթիզեանին եւ Սեդա Գրիգորեանին, որոնք այս նպատակով այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուղեկցութեամբ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին։ Անոնք Լիբանան կը գտնուին Քեսապի եւ քեսապահայութեան մասին հաղորդումներ պատրաստելու համար եւ այս նպատակով այցելած են Լաթաքիա՝ մօտէն ծանօթանալու համար իր բնօրրանէն տեղահանուած քեսապահայութեան վիճակին։
Լրագրող Մարիա Թիթիզեանին հարցումներուն պատասխանելով, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Քեսապի վրայ Թուրքիոյ սահմանէն կատարուած յարձակումին եւ քեսապահայութեան տեղահանութեան պայմաններուն, եւ համազգային ցնցիչ հակազդեցութեան այս ողբերգութեան։ Ան նշեց որ Քեսապը այսօր տարագիր հայութեան կը յիշեցնէ իր անցեալը եւ թէ Քեսապը հայոց համար խորհրդանիշ է։ Հաստատելէ ետք որ Հայ ժողովուրդը չէր կրնար անտարբեր մնալ Քեսապի ողբերգութեան դիմաց եւ իր բողոքն ու ընդվզումը չարտայայտել դիմելով մեծ տէրութիւններուն ու միջազգային կառոյցներուն որպէսզի միջամտեն ի խնդիր շրջանին խաղաղեցումին եւ տեղահանուած ժողովուրդի անվտանքութեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տեղեկացուց այն աշխատանքներու մասին որոնց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեռնարկած է նախ անմիջական օգնութիւն ապահովելու համար տեղահանուած ժողովուրդին եւ ապա անոր իր բնօրրանը վերադարձը անվտանգ ապահովելու ուղղութեամբ։
Այնուհետհեւ, Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, շեշտելով յոյսը չկորսնցնելու, յոռետես տրամադրութիւնները թօթափելու եւ Աստուծոյ օգնութեան ապաւինելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան դիտել տուաւ որ որպէս տարածաշրջանի քրիստոնէութեան մէկ մասնիկը, հայ ժողովուրդը իր տաղանդով, ունակութիւններով, օրինապահութեամբ, պարկեշտութեամբ, խաղաղասիրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ պիտի շարունակէ յարգանք պարտադրել իր շրջապատին։
Հուսկ, Հուգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շուրջ 300-ամեայ պատմական ներկայութեան Լիբանանի մէջ եւ անոր կառոյցներու գործունէութեան՝ ի խնդիր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքներու տարածումին եւ մասնաւորաբար հայապահպանութեան։
Լրատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի