Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Սուրբ Ծննդեան առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուայ պատգամը պիտի տայ Աւետման Կուսին Մարիամու եկեղեցւոյ մէջ, ժէյթաուի, երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2006 առաւօտեան ժամը 10.00ին:
Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ հետեւեալ ժամերուն.
¡ Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր ժամը 11.30էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00:
¡ Երեքշաբթի 26 Դեկտեմբեր ժամը 11.00էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00:
¡ Չորեքշաբթի 27 Դեկտեմբեր ժամը 11.00էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութ 21 Դեկտեմբեր 2006