Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2009 - Հայր Անդրանիկ Կռանեանի Բանախօսութիւնը Ս. Հոգւոյն Համալսարանին Մէջ

Լիբանան

 
Երկուշաբթի 23 Մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին, Ս. Հոգւոյն անուան համալսարանի բանախօսութիւններու սրահին մէջ խօսք առաւ գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որուն ընթացքին ներկայացուց «Ս. Պօղոսը եւ Հայ Ծէսը»:

Յիշենք որ հայր Անրդանիկ դասախօս է նոյն համալսարանի ծիսական բաժնին մէջ:

Հայր Անդրանիկ խօսքը սկսաւ ըսելով թէ Սրբազան Քահանայպետը յայտարարծ է 2008-2009 Պօսոսի տարին, ի միտ ունենալով խնդրանը Ս. Պօղոսին, որ վերադառնայ, մանաւանդ անոր առաքելական հոգին:

Հայր Անդրանիկ յիշեց նաեւ թէ Ս. Պօղոսի ծննդավայր Տարսոն քաղաքը պատմութեան ընթացքին եղած է հայկական Կիլիկիա թագաւորութեան կարեւոր քաղաքը, ուր 13-րդ դարուն եւ 22 ամեայ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին եղաւ արքեպիսկոպոս:

Ապա հայր Անրդանիկ նշեց ծիսական օրացոյցի մէջ երեք տօները, որ կը յիշէ Ս. Պօղոսը. Ս. Պետրոս եւ Պօղոսի տօնը, Առաքելոց տօնը եւ աշակերտաց տօնը:

Ապա, բանախօս հայրը ներկայացուց գործածութիւնը Պօղոսի նամակներու ընթերցումներուն, ինչպէս նաեւ յիշեց շարականներու մէջ հիւսուած աղօթքները Պօղոսի մասին, անոր օրինակով աճող քրիստոնեաներուն աղօթքը առ Աստուած:

Խօսքի աւարտին, հայր Կռանեան ըսաւ թէ հայերը Ս. Պօղոսի նման, որ զինք կոչած են փող Տարսոնի, եղած են խաչապաշտ՝ կարդալով խաչապաշտ Պօղոսի թուղթերը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ