Վատիկան
Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականօ անցեալ յուլիսին մամուլին յայտարարած էր որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին։ Արդարեւ «Միջին Արեւելքի հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան հայացքի ընդմեջէն» խորագիր կրող` ի վերջոյ լոյս տեսաւ այս օրերուս։ Անոր հեղինակկն է Լէչչէ համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութլան դասատու Լեհ Բրօֆ Մարգօ Եաքով։ 350 էջերէ բաղկացած այս հատորին մէջ` հիմնուած Վատիկանի գաղտնի արխիւներու վրայ` հրատարակուած են փաստաթուղթեր որ կը վերաբերին 1894-1897 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրականացած ջարդերուն: Գերապայծառ Փականօյի յայտարարութեամբ գիրգը քաղաքական ոչ մէկ բնոյթ ունի այլ լոկ պատմական է ու հիմնուած պատմական փաստաթուղթերու վրայ։ Այս դիտմամբ նշենք որ Վատիկանը զանազան առիթներով վկայած է Հայոց Ցեղասպանութեան իր ճանաչումը ու այս փաստաթուղթերը կու քան հաստատելու, միջազգային գետնի վրայ, պարզուած անժխտելի իրողութիւնը։
Գիրգին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ժամանակաշրջանին Հռոմի Լեւոն ԺԳ. պապի յորդորագիրի որ ուղղուած էր սուլթան Ապտուլ Համիտին գթասրտութիւն ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու հայերուն դէմ իրականացուող սպանդը: Փաստաթուղթերէն ի յայտ կու գայ նաեւ հայերու ապրած վայրերու ու եկեղեցիներու քարտեսը ու անոնց կործանումը։
Նշենք նաեւ, որ ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ կը յայտնուի թէ Թրքական Կառավարութիւնը բաւական ճնշում բանեցուցած է Վատիկանի վրայ գիրքի հրատարակումը կանխարգիլելու նպատակաւ։