Պէյրութ, Լիբանան
Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2010 երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը սուրբ Պատարագ մատոյց Աշրաֆիէի սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպութեամբ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան: Ներկայ էր Եկեղեցական դասը, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ, Միութենականներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրը, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան եւ Փոխ-ժողովրդապետ՝ Տէր Կարապետ Քհն. թադէոսեան հաւատացեալներուն բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները ընդունեցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը երիտասարդ տաղանդաւորներով:
Տօնակատարութեան աւարտին, երեկոյեան ժամը 8.30-ին եկեղեցական դասը եւ «Ս. Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ զանազան միութենականներ եւ բարեկամներ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ մասնակցեցան երեկոյեան ընթրիքին: