Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի, Պուրճ Համմուտ
Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011, երեկոյեան ժամը 4.30-ին, Պուրճ Համմուտի սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց Աւագ Ուրբաթի երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման կարգի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, փոխ-ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, սպասաւորաց եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Չարչարանաց քարոզին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը նշեց, որ Քրիստոսի խաչելութեամբ եւ փառաւոր յարութեամբ, համայն մարդկութիւնը սիրոյ, խաղաղութեան ու փրկութեան դարաշրջան մը թեւակոխեց։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու խօսքերուն, յայտնելով որ պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ճանչնայ իր գործած մեղքերը, աղօթելով եւ հեռանալով նիւթական ու հպարտանքի չար փորձութիւններէն։ Ան աւելցուց, թէ ցանկութիւնը յայտնենք բաժնելու անոր չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, լքեալներուն, թշուառներուն եւ խեղճերուն ցաւերուն բաժնեկից դառնալով, որովհետեւ այդ ճամբով կարելի է ստանալ շնորհք, խաղաղութիւն եւ ազատութիւն։ Քարոզի աւարտին, Հոգեւոր տէրը յայտնաբերեց մարդուն փրկութեան ճանապարհը, հետեւելով Յիսուսի փրկարար օրինակին, կրելով անոր սուրբ խաչը մինչեւ իր յաջորդ գալուստը։
Խաչելութեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Յիսուսի թաղման թափօրը գլխաւորութեամբ արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ մասնակցութեամբ կղերական դասին ու մեծաթիւ հաւատացեալներուն։
Յիշենք, որ Աւագ Հինգշաբթի՝ 21 ապրիլի յետմիջօրէին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը նախագահեց Ոտնլուայի սուրբ Պատարագը, ապա խաւարման երեկոյեան արարողութիւնը Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։