Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2014 - Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի Ապրիլեան Նահատակաց ճառը


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ՝ Հոգեւոր Տէր,
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,
Գերապայծառ՝Մեծաւոր հայր,
Գերյարգելի գերապատիւ վարդապետներ,
Արժանապատիւ՝ Քահանաներ,
Բարեշնորհ Սարկաւագներ,
Արաքինազարդ Հայ Քոյրեր,
Վսեմաշուք Պր. Դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան,
Մեծարգոյ ներկայ եւ նախկին Երեսփոխաններ,
Մեծարգոյ մեծապատիւ պետական, կուսակցան եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ
Մեծարգոյ Տնօրէններ
Սիրելի ժառանգաւորներ,
Յոյժ Սիրելի Ժողովուրդ Հայոց,

Աշխարհի արարման Վեցերորդ օրն էր, երբ ամէն բան կատարուած էր, բոլոր ստեղծագործութիւնները հասած էին իրենց լռումին:
Ճշմարտութիւնը կը փայլէր երկնքիս կամարներուն մէջ եւ Աշխարհիս վրայ:
Սակայն Մարդը սայթաքեցաւ, անով իսկ կորսնցուց իր հոգեւոր, մարմնաւոր եւ բարոյական առաքինութիւնները:
Սակայն ամենաբարին Աստուած, վերականգնեց Ճշմարտութիւնը, խօստացաւ փրկել մարդկութիւնը, ծրագրեց, իրականացուց եւ ՅԱՐՈՒՑԵՑ Իր Միածին Որդիին միջոցաւ:
Տակաւին վաղնջական ժամանակներէն՝Մոնկոլեան, Թաթարեան ժամանակներէն, երբ Կեդրոնական Ասիոյ խորքերէն արշաւելով հասան հայկական Կիլիկիոյ տարածքները, Թուրքերը փորձեցին վերացնել Հայ ժողովուրդը, երբ անոնք ասպատակեցին մեր հողերը եւ մեզի տեղահան ըրին:

99 տարիներ անցան այդ աղետալի իրողութենէն,
99 տարիներ անցան, երբ Օսմանեան կայսրութեան շարաւիղները որոշեցին մէկ ընդ միշտ վերջ դնել ազգի մը գոյատեւման փաստին:
99 տարիներ անցան այդ դժոխային յայտարարութենէն.«Մէկ հայ պահել, այն ալ թանգարանը»:
Գաղափարախօսութիւնն մըն էր, որ ծրագրի վերածուեցաւ եւ ծրագիրը, իրագործումի դրուեցաւ, լուռը՝ մահուան հագուստ հագած կը շրջէր ամէնուր՝հայկական գաւառները, մայրաքաղաքին հայկական թաղամասերը, գոյժելու եւ մահուան կնիքը դրոշմելու իրենց բնակարաններուն ճակատը, որո՞ւ  պիտի բնաջնջէին, ժողովուրդի մը որ հաւատարիմ էր Քրիստոսի հաւատքին:
Ջարդարարին ծրագիրը կը կայանար.«Ուրանալ Քրիստոսը եւ ընդունիլ Մարգարէին պատգամները»անուան տակ: Սակայն մենք բոլորս ալ գիտենք, որ այս պարզապէս պատրուակ մըն էր, իսկ իսկութիւնը այլ էր՝ Թուրքը ունէր իր բանթուրալիզմի ծրագիրը, զոր ամէն գին պիտի իրականացնէր, որու համար Հայաստանը խոչընդոտ մըն էր, որ պէտք էր վերանար:
Ան կայծակի արագութեամբ կը սուրար աչ, ձախ, իր բարբարոսային բնազդին անսալով ջարդարար վարպետի կանչը կը հաղորդեր, որո՞ւ: Ազգի մը զաւակներուն որ Քրիստոսապաշտ եւ Խաչապաշտ էր:
Պայծառ գարնանային առաւօտ մըն էր, երբ Բորենին կատղած դուրս եկաւ իր որջէն, հնազանդելով իր մարդակերպ գիշատիչ արարածին, որպէս զի գործի դնէ այդ հատէսական ջարդի ծրագիրը:
Գողգոթայի ճանապարհ մըն էր որ կ'սկսէր, Գառն Աստուծոյ ազգի զաւակերուն: Կարաւաններ կը գալէին, ժամեր, օրեր, ամիսներ, անօթի ծառաւ: Գազանը հրապարակի վրայ էր, իրեն հետ ունենալով երամ մը դահիճներ, կը զարնէին, կը փշրէին, կը ջարդէին սակայն չէին կարողնար, Քրիստոսի շունչով մկրտուած հոգիները անդունդ ղրկել:
Չէին հասկնար գողգոթայի ճանապարհը բռնած Խաչապաշտ ազգը կասեցնել աղօթելէ, աչքեր ունէին բայց չէին տեսնէր, ականջներ ունէին բայց չէին լսեր:
Հայ Ազգը կառչած Խաչին կը հետեւէր իր Ուսուցիչին ճանապարհէն:
Ճանապարհ մը որ նեղ արահետ մըն էր, որուն մէջ ցաւ կար, չարաչարանք, հալածանք, զրկանք ... սակայն վերջաւորութեան Յարութեան դափնեպսակը զիրենք կը սպասէր յաղթական:
Մարդակերպ գազանը հրաման կուտար իր ջարդարար շարաւիղներուն ըսելով.«Գացէ'ք, ըսէ'ք իրենց որ մահիկը ձեզ կը փրկէ փոխանակ խաչին»:
Հայը կը պատասխանէր.«Գացէք ըսէք այդ աղուէսին, Մենք Յուդայի ցեղին չենք պատկանիր, Մենք Ճշմարտութեան վկաներն ենք, Մեր փրկութեան սակը վճարուած է՝ Գառնուկին առիւնով, Խաչը մեր սիրոյ արտայայտումն է իսկ նահատակութիւնը յաղթանակի դափնեպսակը,
Գացէք ըսէք այդ աղուէսին, մենք յարուցեալ Քրիստոսը կ'ընդունինք որպէս միակ Փրկիչ, եւ մահը մեզ չի վախցնէր, մենք կը զոհուինք եւ կեանքի կը կանչենք մեր Քրիստոնեայ եղբայրները»:
Գազանը եւ իր դահիճներու շարաւիղը, աւելի կը կատղէին, աւելի աւերներ կը գործէին, կը խողխողէին անմեղ մանուկներ, կը հրկիզէին ծերունիներ եւ Հայ ազգի Քրիստոնեայ զաւակներ:
Ժամը հնչեց, աղէտը կատարուած էր, Գազանը իր կատաղութեան մէջ կորսուած, փչացած էր այդ իրականութեան դիմաց:
Ճշմարտութեան մը որ իր աչքերը բացին տեսնելով, յաղթանակի դափնեպսակները արիւնով մկրտուած Հայ ազգի Քրիստոնեայ զաւակներուն Գլխուն, անոնց բեռնէն երկինք սլացած աղօթքը, խունկի վերածուած կը բուրէր ամէն կողմ, գազանը կորսնցուցած էր իր հաւասարակշռութիւնը եւ խօստացաւ ...:
Ամէն տեղ աւերներ կը տեսնուէին, մոխիրներ, հրդեհներ, անկենդան դիակի մը վերածուած էին հայկական գաւառները, սակայն հեռուներէն սկսան լսուիլ շարականներու մեղեդիներ, հայկական եկեղեցիներու զանգին ղօղանջները, հայերէն լեզուի գեղեցկութիւնը, այս սպանդէն մազապուրծ եղած հայերն էին, որոնք 99 շնորհքի տարիներ ապրեցան, 99 փառքի տարիներ, մոխիրէն ծնան եւ կրցան Քրիստոսի յաղթական դրօշով, շինել եկեղեցիներ, դաստիարակել սերունդներ՝հայկական վարժարաններ կառուցանելով, զարգացնել եւ Քրիստոսին պատկանելիութեան հետքը ձգել իւրաքանչիւր ոչ Քրիստոնեայի որուն հանդիպեցան, իրենց բարի վարքովը, ուրախ առիթներու մասնակցեցան, կոչուեցան «Հաւատարիմ Ազգ», ինչո՞ւ, որովհետեւ ճշմարտութեան հաւատարիմ վկաները ուզեցին մնալ, ժառանգելով իրենց պապերէն Լոյսի որդիներ ըլլալու կոչումը, տեսնելով Յարուցեալ Քրիստոսին լոյսը: Լոյս մը որ կը շողայ եւ խաւարը կը չքացնէ:
Սակայն այս բոլոր իրողութիւններուն մասին լսելով ու տեսնելով, 99 տարիներ ետք,Գարնանային առաւօտեան մը 21 Մարտ 2014-ին, գազանը՝ դարձեալ իր քարայրէն կատղած դուրս եկաւ իրեն հետ ունենալով՝ անաստուած ծայրահեղականներու ջոկատ մը, ինչո՞ւ, իր խօստումը կատարելու.«Տեղահան ընելու Քէսապահայութիւնը»:
Քէսապն ու Քէսապահութիւնը, Կիլիկեան թագաւորութեան հայկական վերջին օճախը, որուն մեծ պաշտպանը հանդիսացած է, հայ ազգի վսեմ գաղափարախօսականը՝Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կարդինալ Աղաճանեանը, ճշմարտախօս Հայը, ան սուր չունէր պատերազմելու, սակայն Ճշմարտութեան գրիչ ունէր որ սուրէն աւելի կ'արժէր, բանակ չունէր, սակայն կեանքի կանչող եւ իրականութիւնը պաշտպանող Քրիստոսեան Միտքն ու լեզուն ունէր որ բանակէն աւելի էական էր, վկայեց ամբողջ աշխարհի իր գերագոյն ուսուցիչին նման ճշմարտութեան եւ ճշմարտութիւնը մեզ ազատեց ոսոխին ճիրաններէն:
Այս երրորդ տեղահանութիւնը Քէսապահայ ազգի արծիւը վիրաւորած էր, սակայն անոր վէրքը դառմանելու համար, հասան համայն հայ ազգի զաւակները, այլեւս մոխիրէն չէինք ծնած այլ կը շարունակէինք մեր կեանքը արմատացած Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ իմացած էինք երկու էական բաներ:
Ա)Հետեւիլ յարուցեալ Քրիստոսին կեանքի կանչող պատգամներուն եւ վկայել ճշմարտութեան:
Բ)Հետեւիլ Քայլ Վահանի Նուարսակեան եւ միասնականութեան պատգամին:
Պատգամներ, որոնք յղացան վսեմ մարդիկ, մարդացած Աստուած եւ ազգային հաւատարիմ մարտիկ:
Իմանալ, ճանչնալ, կեանքի կոչել ին՞չ, Հայ Եկեղեցին ու ազգը բարձր պահելու համար ճշմարտութիւները:
 
«Ամէն մէկ հայ մասնիկ մըն է հայրենիքէն»
Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կարդինալ Աղաճանեան
Յիշատակն արդարոց, օրհնեալ եղիցի:

Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան
24 ապրիլ 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ