Զմմառ, Լիբանան
Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2008ի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, Զմմառու Տիրամօր Մայրավանքին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Նախագահեց Ս. Պատարագին եւ բացուած հռչակեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու տարեկան Սիւնհոդոսը: Սիւնհոդոսական Հայրերը իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած, բարեխօսութեամբ Զմմառու Տիրամօր եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի, որպէսզի իրենց պարգեւէ Իր երկնային ներշնչումներուն հնազանդելու շնորհքը եւ աշխատելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Անոնք իրենց պաղատանքին մէջ յիշեցին Հանրապետութեան նորընտիր Վսեմաշուք Նախագահը, Միշել Սուլէյմանը, ինչպէս նաեւ նախարարներն ու երեսփոխաններն որպէսզի երկնային լոյսով կառավարեն Լիբանանը, ապահովեն ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը ու հայթայթեն, յատկապէս ուսեալ երիտասարդներուն, աշխատանքի այլազան ասպարէզներ, կասեցնելու համար անոնց արտագաղթը օտար ափերուն: Անոնք յիշեցին նաեւ բոլոր անմեղները, որոնք, աշխարհի զանազան երկիրներուն եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ զոհ դարձան եղբայրասպան պատերազմներուն:
Սիւնհոդոսի նիստերը կը շարունակուին մինչեւ 26 Սեպտեմբեր 2008: Սիւնհոդոսին հրաւիրուած են մասնակցելու Ամենապատիւ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարք, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Հալէպի, Գամիշլիի, Դամասկոսի, Թուրքիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի, Լատին Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի վիճակաւորները, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր Եպիսկոպոսներ եւ Զմմառեան Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդը, Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աբբահայրը եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորուհի Մայրը:
Սիւնհոդոսական Հայրերը պիտի քննարկեն հետեւեալ հարցերը.
ա.- Թեմերուն վարչական, կրօնական, հովուական, ընկերային ու մշակութային իրավիճակը:
բ.- Միութենական շարժումը ու այս առընչութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փոխ յարաբերութիւնները քոյր Եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ միւս կրօնքներուն հետ: Նոյնպէս ալ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը Լիբանանի, Հայաստանի ու Սփիւռքի երկիրներուն մէջ:
գ.- Հայ Եկեղեցւոյ Գ. Համագումարի պատրաստութիւնը, որ պիտի գումարուի 2009-ին, Զմմառու Վանքին մէջ:
դ.- Կանոնական հարցեր:
ե.- Վերանորոգում ծիսական կեանքի եւ վաւերացում ծիսական մատեաններու տպագրութեան:
զ.- Պատրիարքական զանազան Յանձնախումբերու գործունէութիւններուն տեղեկագիրները ու անոնց քննարկումն ու արժեւորումը:
է.- Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւ անոր հրատարակութիւնը ու տարածումը:
ը.- Քննարկումը Ս. Գիրքի աշխարհաբար աշխատասիրութեան:
թ.- «Յիսուսի Գթութիւնը» համագումարին պատրաստողական աշխատանքներուն քննարկումը:
Սիւնհոդոսական Հայրերը պիտի անդրադառնան Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրբ Երկրի, Իրաքի ու տագնապալից Լիբանանի ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական դառն ու մտահոգիչ վիճակին, սատարելու համար վերականգնումի աշխատանքներուն:
Հուսկ, Սիւնհոդոսական Հայրերը, կը դիմեն կղերական ու աշխարհական դասերուն, որպէսզի ընկերանան Սիւնհոդոսական աշխատանքներուն իրենց աղօթքներով ժողովին յաջողութեան համար ի փառս Աստուծոյ եւ ի պատիւ Զմմառու Տիրամօր, ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումը Ազգիս:
Զմմառ, 17 Սեպտեմբեր 2008
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Եպիսպոսներու Սիւնհոդոսի
Ի ՄԵԾ ՓԱՌՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ,
Ի ՊԱՏԻՒ ՍՐԲՈՅ ԿՈՒՍԻՆ
Ի ՊԱՅԾԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ