Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014 - Այցելութիւն` Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն
Պէյրութ
Երկուշաբթի, 24 փետրուար 2014-ին, Լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր, քաղաքական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցինչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որոնց կարգին էր գերյ. հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան հաւատարմատար Պորիս Ռիչարտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի արձակած վճիռը թուրք ազգայնական քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հարցով: Լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները զուիցերիական պետութենէն պահանջեցին բողոքարկել եւրոպական դատարանին վճիռը:
|