Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին, կիրակի, 26 յունուար 2014, երեկոյեան ժամը 6-ին, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Ծէսին նուիրուած Տարուան, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին Ծէսին վերաբերեալ «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութեան յիսնամեակին առիթով:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց պատրիարքական ծիսական յանձնախումբի նախագահ արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, որ ընդգծեց ծէսին կարեւորութիւնը եւ Վատիկանեան Բ. Ժողովին սահմանադրութեան յոբելինական նշումը:
Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան խօսք առաւ «Ծէսը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ» նիւթին մասին, մէջբերումներ կատարելով ծիսակատարութեան վերաբերող՝ «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութենէն:
Քասլիքի համալսարանի ծիսագիտութեան կաճառին հիմնադիր՝ հայր Եուհաննա վրդ. Թապէթ իր խօսքին մէջ պարզեց ծէսին կարեւորութիւնը հաւատացեալին կեանքին մէջ եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարեց ներշնչուելով «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութենէն:
Հանդիսութեան կարդացուեցան հատուածներ նշեալ Սահմանադրութենէն հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ գեղարուեստական բաժին: Զմմառու դպրեվանքի նորընծաները երգեցին շարականներ, պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը՝ ղեկավառութեամբ դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի ներկայացուց շարք մը խմբերգներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր նուագներ եւ մեներգներ:
Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետեւեալ օրհնութեան խօսքը ներկաներուն:
«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,
Monseigneur le Conseiller de la Nonciature Apostolique au Liban,
T.R.P. Abbռ Youhanna Tabet
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հայրեր
Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ
Առաքինափայլ Մայրապետներ
եւ յոյժ սիրելի աշխարհականներ,
Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի հոգեխօս Ծէսին Սահմանադրութեան յիսնամեակին առիթով, Ծիսական Պատրիարքական Յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ արհի. հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի, եւ գործակցութեամբ Գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, մեծապէս կարեւոր նկատեց վերարծարծել մեր կղերին եւ մեր հաւատացեալներուն կեանքին մէջ ծիսակատարումներուն հոգեշահ ապրումը: Արդարեւ, ծիսական արարողութիւնները մեր հաւատքին արտայայտութիւնը պէտք է ըլլան եւ անոնց մասնակցելով՝ պէտք է որ մեր կեանքի վկայութեամբ արտայայտենք զանոնք Քրիստոսին նմանելով՝ ամէն մարդ սիրելով եւ անկեղծ նուիրումով:
Սուրբ Պատարագը, սուրբ խորհուրդները, եւ այլ արարողութիւնները որոնց կը մասնակցինք՝ լոկ պարտաւորութիւններ պէտք չէ ըլլան: Եթէ ոչ, ապարդիւն պիտի մնան, չըսելու համար ժամանակի կորուստ պիտի համարուին, եթէ ամէն աղօթքէն ետք չենք փոխուիր մեր ապրելակերպին մէջ, մեր առօրեայ փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ ուրիշներուն հետ, եւ մանաւանդ՝ մեր մօտեցումին մէջ Յիսուսին՝ անոր կեանքին ու չարչարանքներուն, յատուկէն՝ անոր սիրոյ եւ ներումի ոգիին:
Հինգերորդ դարու մեծ Հայրապետը՝ Սուրբ Յովնան Մանդակունի այսպէս կ'արտայայտուի. Ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է խորանին վրայ: Իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք եւ զինք կ'ընդունինք մեր մէջ»: Սիրելիներս, մեր Հայրապետին սրբալոյս այս խօսքերը մեզմէ ո՞վ կրնայ զանոնք համոզումով կրկնել, եւ մենք ո՞րքանով զանոնք կ'ապրինք, ամէն անգամ որ սուրբ պատարագին կամ այլ արարողութեան մը կը մասնակցինք:
Հին ասացուածք մը կ'ըսէ. Օրէնք աղօթից, օրէնք հաւատալեաց: Այս խօսքին իմաստը սա է. աղօթքը կապուած է հաւատքին: Առանց հաւատքի, ծիսակատարութիւնը կը վերածուի լոկ եկեղեցական պարտականութեան կամ աւանդական սովորութեան, ինչպէս յաճախ կը պատահի:
|
Փաստ. քանի քանի անգամներ սուրբ պատարագին ներկայ կը գտնուինք առանց որեւէ բարելաւում մը զգալու մեր յարաբերութեան մէջ Յիսուսին հետ եւ ընկերոջ հետ: Մեր մտածելակերպը եւ մեր վարուելակերպը նոյնն են: Կը շարունակենք ապրիլ առաջուան պէս՝ դրամը կը գերադասենք ամէն բանէ վեր, կը շարունակենք չխօսիլ ասոր կամ անոր հետ, եւ չենք ներեր մեր հակառակորդներուն: Ասոր համար, ոմանք Պատարագին չեն գար այլեւս, զայն նկատելով ժամանակի կորուստ, որովհետեւ անկէ չեն օգտուիր եւ անոնց դժուարութիւնները նոյնպէս կը մնան տան մէջ, գործին մէջ, ազգականներուն եւ դրացիներուն հետ: Շատեր առաջնութիւնը կու տան գործին կամ հանգիստին, եւ մէկը կ'ըսէ. եթէ ժամանակ ունենամ, եկեղեցի պիտի երթամ: Յայտնի է որ Աստուած այլեւս առաջին տեղը չի գրաւեր այդ անձին կեանքին մէջ, ինչպէս որ պէտք էր ըլլալ, այլ՝ դժբախտաբար, Աստուած երկրորդ, երրորդ, կամ երբեմն վերջին տեղը կ'անցնի:
Ինչո՞ւ համար աղօթքը չի տար պէտք եղած սնունդը մեր հոգիին, մեր առօրեայ կեանքին, եւ ո՛չ միայն չենք զգար անոր կարեւորութիւնը, այլ նաեւ անոր անհրաժեշտութիւնը ուրախ ապրելու համար:
Պատասխանը յստակ է. մեր հաւատքը Աստուծոյ վրայ տկարացած է: Մեր ըմբռնումը աղօթքին մասին, որպէս հարկաւոր սնունդ մեր առօրեայ կեանքին համար, դժբախտաբար նսեմացած է: Կենսական կապ չենք գտներ այլեւս աղօթքին եւ մեր ամէն օրուայ ապրումին միջեւ:
Մեր մարմինը առողջ պահելու համար, անոր սնունդ կու տանք ամէն օր: Եթէ ոչ, մեր առողջութիւնը կը տկարանայ եւ կը հիւանդանանք:
Նոյնն է մեր հոգեւոր կեանքին համար, որպէսզի երջանիկ ըլլանք պէտք ունինք ամէն օր հոգեւոր յատուկ սնունդի, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ'ընենք մեր մարմնին համար: Ո՞ր տեսակ սնունդի պէտք ունինք:
ա - Ամէն օր յարաբերութիւն մշակել անհունօրէն մեզ սիրող Յիսուսի անձին հետ՝ կամ առանձնական աղօթքով եւ կամ եկեղեցական արարողութիւններով, ինչպէս է սուրբ Պատարագը:
բ - Կարդալ կամ լսել, եւ ըմբռնել խօսքը Աստուծոյ եւ Անոր սէրը մեզի հանդէպ՝ ըլլայ տան մէջ, անոր մասին խորհրդածելով, ըլլայ քարոզ լսելով արարողութիւններուն ընթացքին, ուր սուրբ Գիրքի ընթերցումներ կ'իմանանք եւ քարոզը կը լսենք: Անոնք շատ կարեւոր են հաւասարակշիռ կեանք մը ունենալու համար:
գ- Բարեգործութիւններ ընել որպէս հարազատ քրիստոնեայի կեանքի վկայութիւն:
Այն ժամանակ, աղօթքը ծանր պարտականութիւն պիտի չթուի մեզի, այլ՝ ուրախ պահ մը եւ սովորական ընթացք մը, ճիշդ այնպէս ինչպէս ամէն օր կերակուր կու տանք մեր մարմնին: Այս կերպով երջանիկ կեանք պիտի ունենանք:
Այն ժամանակ, աղօթքին համար ժամանակ պիտի գտնենք ինչպէս օրական երեք անգամ ճաշ ուտելու ժամանակ կը յատկացնենք:
Այն ժամանակ, մեր կեանքը նոր իմաստ մը պիտի ունենայ, խաղաղ պիտի ապրինք եւ ուրիշներուն ալ սիրով օգտակար պիտի ըլլանք:
Այն ժամանակ, պիտի զգանք որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ որպէս հայր, Յիսուս՝ որպէս մեծ եւ սիրելի եղբայր, եւ բոլոր մարդիկ մեզի հետ միասին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի կազմեն աշխարհի վրայ:
Այն ժամանակ, պիտի երգենք ամէնքս միասին սաղմոսերգուին հետ, ըսելով.
«Երգեցէք Տեառն երգ նոր,
երգեցէք Տեառն ամենայն երկիր,
երգեցէք Տեառն եւ օրհնեցէք զանուն նորա» (Սղ. 95, 1-2). ամէն»: