Պէյրութ, 16 Ապրիլ 2007
Դիւան թիւ 113/07
Մեծայարգ Տիար
Սերժ Սարգիսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
Ուրախութեամբ իմացանք հայ մամուլէն Ձեր անուանումը արժանընտիր հանգուցեալ Անդրանիկ Մարգարեանին յաջորդելու կառավարութեան գլուխը:
Մեր հայրական եւ հայրապետական սրտագին ողջոյնին հետ կը կցենք Մեր օրհնութիւնը, որ Ամենակալն Աստուած Ձեզի ոյժ եւ կարողութիւն պարգեւէ իմաստուն կերպով յառաջ տանելու Մայր Հայրենիքի քաղաքական եւ տնտեսական գործունէութիւնը, որ այս օրերուն կը պահանջէ լուրջ խոհեմութիւն:
Արդէն երեք տարիներ առաջ այցելութիւն մը տուիք Մեր Պատրիարքական Աթոռին, Մեզ լաւ տպաւորելով իբրեւ լուրջ եւ հեռատես դիւանագէտ:
Կը մաղթենք Ձեզի յարատեւ քաջութիւն Ձեր այս փափուկ պաշտօնը ի գլուխ հանելու:
Հայրական Օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց