Ուրբաթ, 15 Մարտ 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գոհաբանական սուրբ Պատարագը

Վատիկան

Հինգշաբթի 14 մարտ 2013 յետ միջօրէին, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը, Քոնքլավի մասնակցող կարտինալական դասին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն հետ միասին գոհաբանական սուրբ Պատարագ մատոյց (առաջինը իր ընտրութենէն ետք) աշխարահռչակ «Sistina» շքեղ մատրան մէջ, ուր կարտինալական դասը զինք Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրած էր։
Մատուռը ամբողջովին լուսաւորուած աւելի հրապոյր կու տար Միքել Անճելոյի գլուխ գործոց որմնանկարներուն։

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Սրբազան Հայրը իր արտասանած հակիրճ ճառին մէջ (իտալերէնով) իր խօսքը կեդրոնացուց կարեւոր երեք կէտերու վրայ, որ քրիստոնեային ու կրօնաւորին համար մեծապէս կարեւոր է. «Քալել, այսինքն ընթանալ, կառուցել եւ դաւանիլ»

Ընթանալ Քրիստոսի ուղիէն, կառուցել Եկեղեցին ժայռի վրայ եւ դաւանիլ Յիսուս Քրիստոսը. այս երեքը նաեւ իրարու կապուած են, եթէ չքալենք յառաջ չենք երթար, չենք յառաջանար ու չենք հասնիր Քրիստոսին, եթէ չկառուցենք ամուր ժայռերու վրայ շուտով կը քանդուի մեր կառուցածը, եւ եթէ չդաւանինք Յիսուս Քրիստոսը, այն ատեն աշխարհիկ ու սին բաներու մասին կը խօսինք այսինքն սատանային մասին...:

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/14/%D5%B6%D5%B8%D6%80%D5%AB%D5%B6_%D5%BD%D6%80%D5%A2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6_%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%A5%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%A3%D5%B8%D5%B0%D5%A1%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%BD_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%A3%D5%A8%D6%89/arm-673496


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ