Դամասկոս, Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Արհի.Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, առաջնորդ Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց, Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը Կիրակի՝ 10 Փետրուար 2008ին կազմակերպած էր
|
հանդիսութիւն մը նուիրուած Վարդանանց հերոսներու յիշատակին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, միութեան երիտասարդուհիներէն Անի Գալայճեանը, հաստատելով թէ Վարդանանց տօնակատարութիւնը առիթ է ի մտի ունենալու մեր դարաւոր ու փառաւոր պատմութիւնը եւ թէ Վարդանանց յիշատակութիւնը, ազգային հաւաքական ինքնութեան պահպանման օր է: Ան նշեց թէ հայութեան այսօր ալ կը պարտադրուին նորանոր ճակատամարտեր զոր պէտք է դիմագրաւել Վարդանանց վճռակամութեամբ: «Սփիւռքի մէջ ցուլումը կը սպառնայ մեր գոյութեան որպէս հայ հաւաքականութիւն: Ուրեմն պարտինք զգաստանալ, ուժ տալ հայեցի դաստիարակութեան, խմբուիլ մեր եկեղեցիներու ու ազգային հաստատութիւններու շուրջ,միասնաբար յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն, որպէս արժանի ժառան•որդներ Վարդանի ու իր ընկերներուն» եզրափակեց ան: Այնուհետեւ գործի դրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Առաջին հերթին մեծ խանդավառութեամբ արտասանեցին Անարատ Յղութեան քոյրերու ծաղկանց մանկապարտեզի աշակերտները, ապա ելոյթ ունեցան Հ.Կ.Մ.ի Պատանիներն ու Ջահակիրները որոնք ոգեւորութեամբ կատարեցին 3 խմբային երգեր, «Ելեք Հայեր», «Հայկական բանակ» եւ «Կենացը հայերի», մենակատարութեամբ Ֆրանսուա Իսքէնտէրեանի, խումբը կը վարէր Սիլվա Տէր Մեսրոպեանը: Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժանէթթա Պուրունսուզեանի: ՍթիՖ Գոմուրեան ջութակի վրայ մեծ յաջողութեամբ մեկնաբանեց Կոմիտաս վարդապետի «Հով առէք» եւ «Հաբրբան» մշակումները: Հայրենի երգիչ՝ Դաւիթ Յակոբեան իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագրին կատարելով «Վարդանի երգը» ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի: Դահլիճը խանդավառ ծափերով գնահատեց հայրենաշունչ կատարումը: Առնօ Քէշիշեան մեծ հմտութեամբ ու բարձր որակով դաշնամուրի վրայ ներկայացուց Առնօ Պապաճանեանի «Էլեկիան»: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ պարային իւրօրինակ ներկայացում մը նուիրուած Վարդանանց, Սարին Վարպետեանի ու Գարլա Տէր Մեսրոպեանի պատրաստութեամբ ու կատարողութեամբ: Օրուայ պատգամաբերն էր Պէյրութէն յատուկ հրաւիրուած՝ ՐաՖՖի Յովհաննէսեանը, տնօրէն Յիսուսեան հայրերու համալսարանի հայկական մասնագիտական մատենադարանի: Ան նախ եւ առաջ յայտնեց իր ուրախութիւնը խօսելու դամասկահայութեան, արտայատելով իր հիացմունքը այն բանի համար որ դամասկահայութիւնը լաւ հասկցած է թէ Վարդանանց ճակատամարտը պայքար է եւ ոչ ժամավաճառութիւն: Պարոն բանախօսը հարցադրեց թէ այսօր իրապէս Վարդանանք պատգամ ունի՞ն մեզի փոխանցելու: Ան նշեց թէ Պատգամ կը նշանակէ պատուէր,արտայատուած կամք կամ «համախօսական վճիռ,որոշում ազգի մը կամ համայնքի մը կողմէ որ կը մատուցուի իշխանին»: Արդեօք ըսաւ ան «Մենք կը գործադրե՞նք մեր նախնիներու եւ մեր ժամանակակիցներէն ոմանց պատուէրը: Չէ՞ք կարծեր որ Վադանանց համախօսական վճիռը ուղղուած մեզի ժամանակվրէպ է եւ փոշիով ծածկուած»:Սակայն, ըսաւ ան, ոչ թէ Վարդանանք պատգամ չունին այլ մենք չունինք «աչքեր տեսնող եւ ականջներ լսող»: «Եթէ մեր կեանքով հաւատարիմ մնանք Վարդանի կտակին, մեր մահը փոխանակ վախճան ըլլալու, պիտի ըլլայ պատճառ յարութեան նորանոր նուաճումներու,գոյատեւման, կրօնասիրութեան եւ ազգապահպանման» հաստատեց Պրն. Յովհաննէսեանը: Այնուհետեւ ան նշեց թէ Վարդան իրապաշտութեան դպրոց է, գիտնալով թշնամիին ուժն ու կարողութիւնը նախընտրեց ապրիլ մեռնելով քան թէ մեռնիլ ապրելով: Այստեղ ան կոչ ուղղեց ախտաճանաչումի ու ինքնաբուժումի, ինչպէս նաեւ ապա•ան պատրաստելու, զգուշանալով 21րդ դարու Վասակ-Յուդաներէն, մանաւանդ երբ անոնք կը ներկայանան ներքուստ: Պրն բանախօսը յորդորեց ըլլալ միակամ, ազգայիններ ու կրօնավորներ եւ գործի լծուիլ, պահել մեր արժէքները ,մեր Ս. Պատարագը, քանի Դամասկոսը օրինակ է միակամութեան ու համերաշխութեան:
|
Հանդէսի գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ «Քնար» երգչախումբի ելոյթով, խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի: Երգչախումբը
|
ներկայացուց Խ. Աւետիսեանի «Երեւան» երգը, Գուսան Շահէնի երաժշտութեամբ ու Հ.Անասեանի մշակմամբ «Նայիրեան դալար բարտի»ն եւ ի վերջոյ 2 երգ Մայր Հայաստանի նուիրուած, Է. Յովհաննիսեանի երաժշտութեամբ,Վ. Դաւթեանի ու Պարոյր Սեւակի խօսքերով: Հանդէսի աւարտին՝ Գերապայծառ տէրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը կեդրոնանալով սիրոյ գաղափարին վրայ, բնաբան ընտրելով Յիսուս Քրիստոսի վերջին խօսքերէն «Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել իր բարեկամներուն համար» պատգամը: Գերապայծառ տէրը հաստատեց թէ նոյն բանը կարելի է ըսել Վարդանի համար որ իր կեանքը զոհեց իր ազգակիցներուն համար եւ թէ իր պատգամն ու յիշատակը Յիսուսի նման վառ են երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Գերապայծառ տէրը անգամ մը եւս հաստատեց թէ Վարդանը եղաւ սիրոյ հերոսը, սիրոյ նահատակը, ինչպէս որ Ղեւոնդ եղաւ սիրոյ առաքեալը, իսկ Սահականուշն ու փափկասուն տիկինները եղան մայրեր սիրոյ:«Սէրը ոչ միայն զգացմունք է այլ նաեւ պայքար է» ըսաւ ան, հաւաստիացնելով թէ երբ սէրը լուրջ է ան կը մնայ յաւիտեան, իսկ Վարդան որ ունէր այդ սէրը կրցաւ ո՛չ ըսել Հազկերտին ու Վասակին, ո՛չ ըսել ստրկութեան: «Սէրը ոչ միայն Ո՛չ է այլ նաեւ Այո է, ու Վարդան ունենալով սէրը կրցաւ ըսել այո քրիստոնէութեան,Ս.Գրիգոր Լուսաւորչին, այո Ս. Մեսրոպին, այո հայ մշակոյթին, այո ազատութեան….» հաստատեց Գերապայծառ տէրը: Իր խօսքը եզրափակելով ան իր համոզմունքը յայտնեց թէ հետեւելով Վարդանանց պատգամին որն է սէր Աստուծոյ, սէր հայրենիքին, սէր քրիստոնէութեան, սէր գեղեցիկին, բարիին ու ճշմարիտին, պիտի կրնանք փրկել Հայաստանն ու հայութիւնը ըլլալով միակամ մեր ինքնութիւնը պահելու գործին մէջ, միացած Քրիստոսի սիրոյն մէջ:
Այնուհետեւ երկու փոքր Ջահակիրներ բեմ բարձրացուցին փունջ մը կարմիր վարդ զոր Գերապայծառ տէրը ձօնեց Ս. Վարդանին որպէս երախտագիտութիւն ու յարգանք հայ ժողովուրդին կողմէ՝ խնդրելով անոր բարեխօսութիւնն ու օրհնութիւնը, որպէսզի ան յարուցանէ նոր Վարդաններ հայ ազգին մէջ:
Ի վերջոյ Պրն. ՐաՖՖի Յովհաննէսեանին ներկայացուեցաւ յուշանուէր մը Հայ Կաթողիկէ Միութեան կողմէ առ ի գնահատանք: Մայր հայրենիքի քայլերգի կշռոյթին տակ ներկաները հեռացան հանդիսասրահէն ազգային ջերմ զգացմունքներով: