Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2013 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար ժողովին

Հռոմ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի՝ 17 Նոյեմբերի առաւօտեան մեկնեցաւ Հռոմ մասնակցելու համար  Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 19-22 նոյեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատի Պոլոնիա դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ կարդինալական դասի անդամներու, Պատրիարքներու եւ աւագ եպիսկոպոսներու։

Արեւելեան Եկեղեցիներու այս լիագումար ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուին յատկապէս առանցքային երեք նիւթեր՝ ծիսակատարութիւնը, կղերին կազմաւորումը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հովուութիւնը։

Այնուհետեւ, 21 Նոյեմբերի առաւօտեան, ժողովին մասնակիցները Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ պիտի մասնակցին համապատարագին, որուն պիտի նախագահէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որմէ ետք լիագումար ժողովին մասնակցող Հայրապետները հանդիպում մը պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ՝  քննարկելու համար Արեւելքի քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակը եւ ասոր յարակից հարցեր։

Կիրակի՝ 24 Նոյեմբերին,  ժողովականները  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Հաւատքի Տարուան» եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ։

 
 
 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ