Զմմառ
Կիրակի 3 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքին եկեղեցւոյ մէջ, ձայնաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի մոմեղինաց օրհնութիւն:
Մոմը հաւատքի աննիւթական արտայայտութիւն դարձած է: Մոմերն ու կանթեղները Եկեղեցւոյ խորհրդաւորութիւն եւ վեհութիւն կու տան: Իսկ մոմի լոյսը խորհրդանիշն է Յիսուս Քրիստոսին՝ «Աշխարհի լոյսին» (Յովհ 8, 12):