Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան առթիւ, Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Յորդանան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մասնակցի Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առընչուող շարք մը արարողութիւններուն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցի Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ գերապայծառ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Մայիս 11-ին:
Պէյրութ, 7 Մայիս, 2009