Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2012 - Զմմառու երեք յոբելեար միաբան վարդապետներու նուիրուած սուրբ Պատարագ


Զմմառ

Շաբաթ 28 Ապրիլ 2012-ին կէսօրուայ ժամը 12-ին Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ երեք յոբելեար միաբան վարդապետներու՝ հայր Եղիա վրդ. Դերձակեանի, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանի քահանայութեան 20 ամեակին առթիւ: Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը:

«Արհի. Գերապայծառ Տէր, Զմմառու Միաբան
Յոյժ Սիրելի Զմմառեան Միաբաններ եւ յատուկէն հայր Եղիա, հայր Մովսէս եւ հայր Վարդան

Ուրախութիւնը ունիմ այսօր ձեզի հետ տօնակատարելու հայր Եղիայի, հայր Մովսէսի եւ հայր Վարդանի։ Քահանայական Ձեռնադրութեան 20 ամեակը՝ նուիրումի, հնազանդութեան եւ առաքելական գործունէութեան։
Սուրբ Յարութեան շրջանին ընթացքին կը կարդանք ամէն օր ընթերցումներ Առաքեալներու Գործերէն եւ սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն։
Առաքեալներու Գործերը մեզի կը պատմեն թէ ինչպէս ապրեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը առանց Յիսուսի, Անոր Համբարձումէն ետք, պահելով իրենց սրտին մէջ Յիսուսին վերջին խօսքը.
«Ահա՛ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհին կատարածը»։ Առաքեալները պիտի չ՚ապրէին մինչեւ աշխարհի կատարածը։ Որով, Յիսուսին խօսքը մեզի համար ալ է։

Այսպէս ապրեցաւ Առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը՝ կը ժողվուէր աղօթելու համար եւ կարդալու Օրէնքներուն եւ Մարգարէներուն գիրքերը։ Անկէ ետք, մէկը կը մեկնաբանէր կարդացուած խօսքերը, ինչպէս որ քիչ առաջ իմացանք ընթերցուածի ընթերցումին ատեն։ Յետոյ, Հացը կը փեկանէին, այսինքն սուրբ հաղորդութիւնը կը բաժնէին եւ օ•նութիւն կը ղրկէին կարիքաւորներուն։
 
Ամէն հասարակութեան մէջ հարցեր կ՚ըլլան։
Ինչպ՞էս Առաջին հասարակութիւնը իր հարցերը լուծեց։

Ա. Նախ՝ պէտք էին տասըներկուքներու խումբը վերակազմել Յուդայի մահէն ետք։
Երկու պայմաններ դրին նոր առաքեալ մը ընտրելու համար.
1) որ եղած ըլլար իրենց հետ Յիսուսի առաքելութեան ընթացքին մինչեւ Անոր վերանալը երկինք։
2) որ վկայ ըլլար Յիսուսի յարութեան։

Այս 2 պայմանները դարէ դար մինչեւ այսօր կը պահանջուին ձեռնադրելիք առաքեալներէն, այսինքն՝ քահանայութեան թեկնածուները լաւ պէտք է գիտնան Յիսուսին կեանքը, խօսքերը եւ գործերը, ինչպէս նաեւ իրենք կեանքով վկայել Յիսուսի յարութեան եւ անոր արդիւնքները իրենց կեանքին մէջ։ Իրենց կեանքը պէտք է համապատասխանել իրենց քարոզածին, եթէ ոչ մէկը պիտի չհաւատայ իրենց խօսքին։

Բ. Կը կարդանք թէ հելլենականներուն այրիները, այսինքն յունարէն խօսող նորադարձ հրեաներ, կ՚անտեսուէին սպասարկութեան ժամանակ։ Իբր լուծում, ընտրեցին 7 հելլենական հոգիներ, պայման դնելով որ՝ լի ըլլան սուրբ Հոգիով եւ զանոնք կարգեցին այս բարեսիրական գործին վրայ։ Եւ ըսին. մեր գործը չէ սպասաւորել սեղաններուն, մենք պէտք է նուիրուինք աղօթքի եւ խօսքի ծառայութեան, այսինքն՝ քարոզութեան։

Առաջին հասարակութիւնը յստակ կերպով բաժնեց պաշտօնները. Սարկաւագները՝ բարեսիրական գործին եւ երէցները՝ աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքի բացատրութեան։

Ասկէ յայտնի կ՚ըլլայ որ Յիսուս իրենց հետ էր եւ կը գործէր իրենց միջոցաւ։ Նոյնպէս ալ, Յիսուս մեզի հետ է միշտ։ Բաւ է որ մենք իրմէ չհեռանանք, կամ չուզենանք լուծել հարցերը Յիսուսէն հեռու՝ այսինքն մեր սահմանափակ խելքով կամ այլ մարդկային միջոցներով։ Ասոր համար կարեւոր է.
ա- հասարակական աղօթքը։ Քանի ամէն ինչ Աստուծմէ կախում ունի եւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։
բ- հետեւիլ առաջնորդներու խօսքին հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ։
Ասոր համար բոլոր Միաբանութիւնները կը հաստատեն իրենց կանոնագիրքին մէջ հասարակական աղօթքներ եւ հնազանդութեան ուխտ։

Այս կէտին մէջ, գոհունակութեամբ կը տեսնեմ վերաշխուժացումը Զմմառու վանքին մէջ հասարակական կեանքի եւ աղօթքի այս վերջին շրջանին ընթացքին։

Հնազանդութեան ուխտին համար կ՚ուզեմ վեր առնել մեր 3 Յոբելիար վարդապետները՝ հայր Եղիա, հայր Մովսէս եւ հայր Վարդան, որոնք իրենց 20 տարուայ քահանայական կեանքին ընթացքին միշտ հնազանդ գտնուած են իրենց մեծաւորներուն եւ ընդունած են իրենց յանձնուած պաշտօնները զանազան երկիրներուն մէջ ուր կանչուեցան պաշտօնավարելու առանց տրտնջելու։

Թո՛ղ անոնց յարատեւ հնազանդութիւնը օրինակ դառնայ իրենց բոլոր ուխտակիցներուն, մանաւանդ անոնց համար, որոնք տակաւին դժուարութիւն կը գտնեն իրենց կամքը լիովին Աստուծոյ յանձնելու՝ Կաթողիկոս Պատրիարքին ձեռքերուն մէջ։
Անշուշտ գիտէք, որ հնազանդիլը անտանելի է առանց հաւատքի, համոզուելու համար որ ոեւէ մեծաւոր Յիսուս Քրիստոսը կը ներկայացնէ, ապա թէ ոչ շատ դիւրին է սատանային թելադրանքերուն մէջ իյնալ։
Յատուկէն կը շնորհաւորեմ 3 յոբելիար վարդապետները։

Աստուած օրհնէ ձեզ սիրելի վարդապետները եւ ձեզի կարողութիւնը շնորհէ յաղթահարելու ձեր դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ գործունեայ առաքեալներ մնալու։ Մաղթանքս է նաեւ որ պատճառ դառնաք նորանոր Զմմառեան կոչումներու. Ամէն»։   

Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Պէյրութի պատրիարքական թեմի եպիսկոպոս արհիապատիւ Թէյրուզեան գերապայծառը եւ բոլոր թեմական վարդապետները եւ քահանաները, ինչպէս նաեւ Լիբանանբնակ միաբան հայրերը եւ հրաւիրեալներ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, բոլոր ներկաները դպրեվանքի ճաշասենեակ հաւաքուեցան տօնական ագապի մը: Յոբելեարները այս առթիւ կարգով խօսք առին: Անոնք սրտանց մաղթեցին նորանոր կոչումներու համար Զմմառու դպրեվանքէն ներս եւ ներկայ ժառանգաւորներն ալ հասնին Քահանայութեան աստիճանին առանց վարանումի Տիրոջ օգնութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ