Չորեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2011 - Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի նոր տնօրէն կիսասարկաւագ Ռոպէր Աթթարեան

 

Հռոմ

1 օգոստոսին, Վատիկանի ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը հայկական բաժնի նոր տնօրէն անուանեց տիար Ռոպէր Աթթարեանը, որ կը փոխարինէ Միշէլ սարկաւագ Ճենճին, որ հրաժարականը ներկայացուցած էր անցեալ ամիսներուն:

Վատիկանի ռատիոկայանը ծնած է 12 փետրուար 1931-ին, ունի 45 լեզուներու բաժին, որոնցմէ է հայերէնը, ունի նաեւ պաշտօնական կայքէջ 35 լեզուներով: Հոն կը պաշտօնավարեն մօտ 355 աշխատաւորներ մեծամանութեամբ աշխարհական հաւատացեալներ 59 ազգութիւններէ եւ կը սփրուի օրական 66 ժամերու յայտագիրներ, որ ընդամէնը կ'ընէ 24117 ժամ տարեկան: 

Բարի աշխատանք մեր գործակիցին՝ Ռոպէր կիսասարկաւագ Աթթարեանին եւ բարի երթ մեր հաւատարիմ երէց սարկաւագ եւ բարեկամ Միշէլ Ճենճիին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ