Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2012 - Մեսրոպեան վարժարանի նոր տարեշրջանի վերամուտ


Պուրճ Համմուտ

Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու եւ մեծաթիւ ծնողներու: Դպրոցը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով եւ վերամուտի մթնոլորտը խորհրդանշող մեծ պաստառով:

Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի «Պահպանիչ»ով, որմէ ետք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարիա Կարապետեան, որ նշեց, թէ գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կորուստին դիմաց աշակերտութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ հոգեւոր հովիւի խորհուրդներուն եւ ուղեգիծին: Ան ըսաւ, որ աշակերտները վարքով, վարուելակերպով, աշխատասիրութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ ազգային ոգիով պէտք է կատարեն իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Բարի վերամուտ մաղթելէ ետք, Կարապետեան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները պէտք է հպարտանան, որ իրենք Մեսրոպեանական են:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ դպրոցը իր բոլոր կարելի միջոցներով պիտի փորձէ ստեղծել առողջ եւ ուրախ մթնոլորտ, որուն մէջ կրթական ծրագիրին կողքին աշակերտները պիտի ունենան աշխուժ եւ բազմատեսակ արտադասարանային աշխատանքներ: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը գոյութենական խնդիր չունի, այլ մնայուն կերպով զարգացման եւ բարեկարգման ենթարկուելու մարտահրաւէրու դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ այս առնչութեամբ իւրաքանչիւր տարեշրջանին արձանագրուած նորութիւնները բաւարար ցուցանիշներ են:

Պրն. Գալուստ ըսաւ, որ աշակերտութիւն-դպրոց-ծնողք սերտ գործակցութեամբ պիտի իրականացուին վարժարանին նպատակները: Իր խօսքի աւարտին, Պրն. տնօրէնը մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը բոլորին համար կ՚ըլլայ յաջողութիւններով եւ նոր նուաճումներով լի տարեշրջան մը:

Զոյգ խօսքերէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան եւ արաբական միջավայրին մէջ հանրածանօթ երգիչ Կիլպըրթ Սայմըն, որ անգլերէն երգերով եւ կիթառի ընկերակցութեամբ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Օրուան երկրորդ հիւրն էր լիբանանահայ սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեան, որ հայկական ճոխ երգերով արժանացաւ աշակերտներու ծափահարութիւններուն: Աւարտին, անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտները եւ երկրորդականի աշակերտները շուրջպարերու կատարումով փակեցին վերամուտի բացման հանդիսութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ