Շաբաթ, 10 Փետրուար 2007 - Վարդանանց Տօնահանդէս
Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ, եւ կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2007, երեկոյեան ժամը 8:30ին, Հ.Կ.Մ.ի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ Պուրճ Համուտ, տեղի պիտի ունենայ Վարդանանց Տօնահանդէս:
Պիտի բանախօսէ Տիար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ ելոյթ պիտի ունենայ Արծիւեան Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:
|