Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2013 - Քրիստոնեական Հաւատքի փոխանցումը եւ Քահանային սրբութիւնը

Հռոմ, յունիս 2013

Ռինօ Ֆիզիքելլա եպիսկոպոսը՝ նախագահ «Նոր Աւետարանումի» Խորհուրդին, զեկոյցի մը ընթացքին, խօսելով քահանային տիպար օրինակին մասին, ըսած էր, թէ քահանան իր ամբողջ մարդկային տկարութեամբ ու հակասութիւններով պէտք է ըլլայ Աստուծոյ պատկերը այս աշխարհի մէջ: Պատկեր մը, որ կարենայ վերափոխել մարդոց կեանքը, եւ անոնց հետ՝ աշխարհը:

Այս խօսքէն կրնանք հետեւցնել թէ քահանան իր առաքելութեան ընթացքին պարտի կատարելապէս նմանիլ Աստուծոյ, որովհետեւ ինչպէս կ'ըսէ սուրբ Թովմաս Ագուինացին. «Անոնք որոնք սահմանուած են աստուածային պաշտօններու, նոյնիսկ գործով զգեցած են թագաւորական վեհութիւն մը եւ պէտք է կատարեալ ըլլան առաքինութիւններու մէջ»:

Այս է նաեւ ինչ որ կը սորվեցնէ մեզի մեր մայրը՝ Եկեղեցին, Մաշտոցի պաշտօնական աղօթքներուն մէջ, երբ քահանայութեան կարգը կը փոխանցէ թեկնածուներուն: Կը կարդանք թէ. «Որովհետեւ քահանաները ընտրուած են Աստուծմէ որպէսզի ամէնուն օրինակ ընծայեն երկնային իմաստութեան, մաքուր բարքերու, ամէն բանի մէջ արդար գործելու եւ Աստուծոյ տասը պատուիրաններու գործածութեան եւ կարենան, Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ եւ անոր եօթը պարգեւներով, փայլիլ ուղղութեամբն ու հասունութեամբը իրենց խորհուրդներուն ու գործերուն, որպէսզի պահելով իրենց բարքերուն մէջ լիութիւնը մաքուր ու սուրբ կեանքի մը, բոլորին ակնարկին ընծայեն պայծառ օրինակը արդարութեան»:

Հետեւաբար քահանաները ներքսապէս համոզուելու են թէ ¬սրբութիւնը նախապայմանն է իրնեց կոչման: Թէ սուրբ կարգերը առնելու համար չի բաւեր պարզապէս շնորհաց վիճակի մէջ գտնուիլ, այլ այդ շնորհքէն զատ ներքին կատարելութիւնը կը պահանջուի ձեռնադրութեան համար: Ասիկայ միաձայն կարծիքն է բոլոր սուրբ Հայրերուն եւ վարդապետներուն:

Եկեղեցին սրբութեան ոչ մէկ աստիճան բաղդատելի կը դատէ քահանայական սրբութեան, բացի անկէ, երբ հոգի մը իր մէջ կը պատկերացնէ Յիսուսի Քրիստոսի՝ Մեծ Քահանային գործերը, որովհետեւ քահանան դրուած է աշխարհի առջեւ ըլլալու կենդանի պատկերը Քրիստոսի թէ՛ նեղութիւններու եւ թէ՛ հակառակութիւններու մէջ, որոնք կու գան մարդոց կողմէ:

Սուրբ Պօղոս կորնթացիներու նամակին մէջ կ'ըսէ. «Քրիստոս զիս ղրկեց ո՛չ թէ մկրտելու, այլ քարոզելու Աւետարանը»: Ասոր համար է որ Եկեղեցւոյ տիեզերական ժողովները կը շեշտեն թէ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնն է՝ աւետարանել Աստուծոյ Խօսքը եւ ինչ որ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնն է, հարկ է վստահաբար ըլլալ նաեւ ամենակարեւոր առաքելութիւնը քահանային: Բայց ինչպէս որ Աւետարանի պարզ ու կորովի քարոզութիւնը ունկնդիրներու փրկութեան պատճառ կ'ըլլայ, նոյնպէս քահանային թեթեւ կենցաղը գայթակղութեան առիթ մըն է հաւատացեալներուն:

Հարկ է ուրեմն համոզումն ունենալ թէ քահանան ձեռնադրուած է գործադրելու համար կատարելութիւնը, այսինքն՝ ոչ միայն կատարեալ ըլլալու, այլեւ ցոյց տալու եւ դրոշմելու զայն ուրիշներու մէջ, իր օրինակով, իր խօսքերուն ազդեցութեամբ, քարոզութեամբ եւ իր կեանքին բոլոր գործերով:
«Դուք աշխարհի լոյսն էք», կ'ըսէ Քրիստոս. այս պատուէրը կը նշանակէ թէ ինչպէս լոյսը կը տեսնուի իր ճառագայթներով, այնպէս քահանան պէտք է փայլի իր սուրբ կեանքով, լոյս մը, որ ճառագայթումն է իր ներքին սրբութեան:

Հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ