Վատիկան
Երեքշաբթի օրը յետ միջօրէին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի չորրորդ նիստը, որուն ընթացքին սիւնոդոսական հայրերը շարունակեցին իրենց զեկուցումները անդրադառնալով մանաւանդ Սուրբ Երկիրը եւ Իրաքը մտահոգող հարցերուն:
Չորեքշաբթի օրը առաւօտեան, սիւնոդոսական նիստը շարունակուեցաւ դռնփակ եւ ժողովականները բաժնուեցան փոքր խումբերու՝ որոնք զանազան սրահներու մէջ հաւաքուելով ուսումնասիրեցին եւ խորացուցին «Ինսդրումէնդում Լավորիսի» աշխատանգային թղթածրարի զանազան բնանիւթերը:
Նոյն օրը՝ առաւօտեան, սիւնոդոսական նիստի քարտուղարութիւնը ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն` յանուն սիւնոդոսական հայրերու` պաշտօնական այցելութիւն կատարեցին Իտալիոյ նախագահ Ճորճօ Նափոլէդանոյին: Շքախումբին մաս կը կազմէր նաեւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը:
Յետ միջօրէին զեկուցումները շարունակուեցան որոնց ընթացքին խօսք առաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, որ անդրադարձաւ «Ինսդրումէնդում Լավորիսի» 3-էն 6 -րդ համարներուն՝ «սիւնոդոսի կէտնպատակը» նիւթին մասին: Խօսք առաւ նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդը՝ արհիապատիւ Յովսէփ եպս Առնաւութին, որ իր զեկուցումը կեդրոնացուց «Աստուծոյ ողորմածութեան» նիւթին վրայ:
Այս առաջին երեք օրերու ընթացքին զեկուցումները ընդհանրապէս կեդրոնացան հետեւեալ նիւթերու շուրջ՝ կրօնուսուցում, աւետարանութիւն, եկեղեցական հաղորդութիւն, ընկերային եւ քաղաքական միջավայր, համամիութիւն, ընտանիք եւ երիտասարդներ, կրօնական ազատութիւն, ծէս, իսլամներու եւ հրէութեան հետ կապեր:
Երեկոյեան նիստի փակումէն առաջ` խօսք տրուեցաւ նաեւ հրեայ համայնքը ներկայացնող ռաբբունապետ՝ Դաւիթ Ռոզէն որուն զեկուցումը կեդրոնացաւ «Միջին արեւելքքի մէջ Հրեայ - Քրիստոնեայ յարաբերութիւններու» մասին ։
Հինգշաբթի օրը առաւօտեան նիստի ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս Թէյրուզեանը, որ իր զեկուցումը կեդրոնացուց «Պատրիարքներու իրաւասութեան ընդլայնումի» նիւթին մասին:
Նշենք թէ սրբազան քահանայապետը ամէն օր իր մասնակցութիւնը կը բերէ սիւնոդոսի նիստերուն, կատարելով նաեւ բացումն ու փակումը։ Իսկ նիստերու դադարներու ընթացքին, ունկնդրութիւն կը շնորհէ «խումբ առ խումբ» սիւնոդոսական հայրերուն։