Զմմառ
Հինգշաբթի 9 յուլիս 2009, Զմմառու Պատրիարքական Աթոռին մօտ, ԼիբանանիՊապական Նուիրակ Լուիճի Կաթթի այցելեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որուն հետ մնաց կէսօրուան ճաշի: Մտերմիկ այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան քաղաքական եւ եկեղեցական զանազան հարցեր: Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապայծառ հայր Միքայէլ ԹԾՎ Մուրատեան: