Լիբանան
Երկուշաբթի՝ 29 Հոկտեմբեր 2007ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Ահմէտ Պըտիաուին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան:
Շուրջ կէս ժամ տեւած ծանօթացման հանդիպումին ընթացքին Հոգեւոր Տէրը դեսպանին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, Լիբանան - Եգիպտոս երկկողմանի յարաբերութիւնները, շեշտելով Լիբանանի մէջ քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան այս կարեւոր հանգրուանը շրջանցել:
Այս գծով Հոգեւոր Տէրը իր տեսակէտները ու մտահոգութիւնները պարզեց՝ ընդգծելով սահամանադրութիւնը յարգելու եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը կատարելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով թէ նոր նախագահը հաւասար հեռաւորութեան վրայ պէտք է գտնուի բոլոր կողմերուն նկատմամբ՝ Լիբանանեան գերագոյն շահերը վեր նկատելով կողմնակի շահերէն:
Դեսպան Պըտիաուի իր կարգին մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ղեկավարները համախոհութիւն գոյացնեն եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարեն նախագահական ընտրութիւնները, խուսափելու համար քաղաքական տագնապներու բարդացումէ եւ Լիբանանի ժողովուրդը դէպի յուսախափութիւն մղելէ:
Ծնած եւ ապրած ըլլալով Եգիպտոս, Հոգեւոր Տէրը մտերմիկ այս հանդիպման ընթացքին դեսպանին լայն տեղեկութիւններ տուաւ Եգիպտոսի հայերուն մասին ինչպէս նաեւ Զմմառու դարաւոր վանքին մասին հրաւիրելով մեծար•ոյ հիւրը այցելելու Զմմառու Վանք:
Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը դեսպանին մաղթեց յաջողութիւն, գնահատելով Եգիպտոսի կողմէ թափուած ջանքերը՝ Լիբանանի մէջ արտաքին միջամտութիւններէ հեռու նախագահական ընտրութիւն կատարելու առնչութեամբ: