Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013 - ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նշանը

 Վատիկան

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որդեգրեց նոյն պարզ նշանը, որ ունէր երբ ան արքեպիսկոպոս էր։
Ան նաեւ պահեց նոյն նշանաբանը որ է՝ «ողորմութեամբ եւ ընտրելով»։
Կապոյտ վահանին վրայ կը յայտնուի քահանայապետական խորհրդանիշը, նոյնը դրուած իր նախորդին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի կողմէ։
Սաղաւարտը կը միանայ վահանին ոսկիէ եւ արծաթէ բանալիներով եւ կարմիր ժապաւէնով կապուած... լուսաշող արեւու մէջ կը նշմարուի IHS Յիսուսեան միաբանութեան խորհրդանշանը (քանի որ քահանայապետը Յիսուսեան միաբան է, մէջտեղի H գիրին վրայ խաչը ցցուած է։

Աստղը կը խորհրդանշէ Մարիամը՝ աստուածամայրը, իսկ Նարդոսը Սուրբ Յովսէփը՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը։
Արդարեւ սպանական աւանդութեան մէջ, Սուրբ Յովսէփ կը պատկերացուի նարդոսի ճիւղ մը ձեռքին։ Այսպէս ֆրանչիսկոս քահանայապետը իր յատուկ պաշտամունքը կ՝արտայայտէ Սուրբ Յովսէփ աստուածահօր նկատմամբ, որ զինք կը կոչէ նաեւ պահակը փրկչագործութեան խորհուրդին։

Սրբազան Քահանայապետի նշանաբանը. Սուրբ Մատթէոսի կոչումը... «Մեկնելու Ժամանակ -կը կարդանք աւետարանին մէջ- Յիսուս մաքսատան մէջ տեսաւ մարդ մը՝ Մատթէոս անունով եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ ինծի»։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/19/%D5%B6%D5%B8%D6%80%D5%AB%D5%B6_%D5%BD%D6%80%D5%A2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6_%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB%D5%B6_%D5%A6%D5%AB%D5%B6%D5%A1%D5%B6%D5%B7%D5%A1%D5%B6%D5%A8.../arm-674701


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ