Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2013 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի «Դուռն Հաւատոյ» առաքելական թուղթը

 

ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ

ԴՈՒՌՆ ՀԱՒԱՏՈՅ
ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ

ՈՐՈՎ ԿԸ ՀՌՉԱԿՈՒԻ ՀԱՒԱՏՔԻ ՏԱՐԻՆ

2013

1. «Հաւատքի Դուռը» (Տես Գործք 14, 27) որ կ'առաջնորդէ հաղորդութեան կեանքին Աստուծոյ հետ եւ կ'արտօնէ որ մուտք գործենք իր Եկեղեցւոյն մէջ, միշտ բաց է մեզի համար։ Կրնանք այդ սեմէն անցնիլ երբ կ'ընդունինք Աստուծոյ Խօսքին աւետումը եւ մեր սիրտը կը կաղապարուի շնորհքով որ կ՛այլափոխէ մեզ։ Այդ դռնէն անցնիլը կ'ենթադրէ որ կ'որդեգրենք ուղեւորութիւն մը կը տեւէ ամբողջ կեանք մը։ Ան կը սկսի Մկրտութեամբ (Տես Հռ 1 6, 4) որու միջոցաւ մենք կրնանք Հայր անունով կանչել զԱստուած, եւ կ'աւարտի անցքով՝ դէպի յաւիտենական կեանք, պտուղը յարութեան Տէր Յիսուսի, որ Սուրբ Հոգին պարգեւելով, ուզեց իր իսկ փառքին մասնակից դարձնել բոլոր անոնք որ կը հաւատան Իրեն (Տես Յվհ. 17, 22)։ Դաւանիլ հաւատքը Երրորդութեան Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի - համազօր է հաւատալու միակ Աստուծոյ որ Սէր է (Տես Ա Յվհ 4, 8). Հայրը, որ ժամանակներու աւարտին իր Որդին առաքեց մեր փրկութեան համար, Յիսուս Քրիստոս, որ իր մահուան ու յարութեան խորհուրդով աշխարհը փրկեց, Սուրբ Հոգին, որ Եկեղեցին կ'առաջնորդէ դարերու ընդմէջէն, սպասելով Տիրոջ փառաւոր վերադարձը։

2. Իմ պաշտօնավարութեանս առաջին օրէն սկսեալ, որպէս Յաջորդը Պետրոսի, յիշեցուցի պահանջքը հաւատքը վերագտնելու՝ աւելի ակներեւ կերպով լոյսի տակ առնելու համար ուրախութիւնը եւ նորոգուած խանդավառութիւնը՝ Քրիստոսի հետ հանդիպումին։ Հայրապետութեանս ստանձնումին առիթով, սուրբ Պատարագին ընթացքին տրուած քարոզիս մէջ կ՛ըսէի. «Եկեղեցին իր ամբողջութեամբ եւ Հովիւները անոր մէջ, Քրիստոսի նման պէտք է ճամբայ իյնան, մարդիկը անապատէն դուրս առաջնորդելու համար դէպի կեանքի վայրը, դէպի բարեկամութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն հետ, դէպի Այն որ կեանք կը պարգեւէ մեզի, կեանքը՝ իր լիութեամբ»(1)։ Յաճախ կը պատահի սակայն որ քրիստոնեաները աւելի մտահոգուին իրենց յանձնառումին ընկերային, մշակութային ու քաղաքական հետեւանքներով, եւ շարունակեն մտածել հաւատքի մասին իբր հասարակաց կեանքի բնական մէկ ենթադրեալը։ Գործնականին մէջ, այսպիսի ենթադրութիւն մը ոչ միայն չէ պահուած այլեւս նոյնութեամբ, այլ նոյնիսկ ուրացութեան առարկայ դարձած է յաճախ (2)։ Մինչ անցեալին դիւրաւ կարելի էր ճանչնալ մշակոյթի միակերպ հիւսուածք մը, որ դիւրաւ կ'ընդունուէր իր ակնարկումովը հաւատքի պարունակութեան եւ անկից ներշնչուած արժէքներուն, այսօր նոյնը չի թուիր ըլլալ ընկերութեան կարեւոր հատուածներու մէջ, հաւատքի խորունկ տագնապի մը պատճառով որ վարակած է շատ մը անձեր։

3. Չենք կրնար ընդունիլ որ աղը դառնայ անհամ եւ լոյսը մնայ թաքնուած (Տես Մտթ.5, 13-16)։ Այսօրուայ մարդն ալ կրնայ, Սամարուհիին նման, կրկին կարիքը զգալ ջրհորին մօտ երթալու, մտիկ ընելու համար Յիսուսին որ կը հրաւիրէ Իրեն հաւատալու եւ ջուր քաղելու Ի՛ր աղբիւրէն, ուսկից կը բխի կենդանի ջուրը (տես Յվհ. 4, 14)։ Հարկ է վերագտնել ճաշակը սնանելու Աստուծոյ Խօսքով որ հաւատարմօրէն կը հաղորդուի, եւ կեանքի Հացը, որ կը պարգեւուի իբր օգնութիւն անոնց որ Իր աշակերտներն են (տես Յվհ. 6, 51)։ Յիսուսի ուսուցումը, արդարեւ, այսօր ալ կը վերահնչէ նոյն ուժգնութեամբ. «Մտահոգուեցէք ո՛չ թէ անցաւոր կերակուրին համար, այլ ա՛յն կերակուրին համար որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար» (Յվհ. 6, 26)։ Հարցումը որ կ'ուղղուէր Իրեն զինքը մտիկ ընողներէն՝ նոյնն է այսօր ալ, մեզի համար. «Ի՞նչ պէտք է ընենք Աստուծոյ գործերը ընելու համար» (Յվհ. 6, 28)։ Գիտենք Յիսուսի պատասխանը. «Ա՛յս է Աստուծոյ Խօսքը. որ հաւատաք անոր զոր Ինքը ղրկեց» (Յվհ. 6, 29)։ Ուստի, Քրիստոսի հաւատալը՝ միակ ուղին է վերջնականապէս կարենալ հասնելու փրկութեան։

4. Այս բոլորին լոյսին ներքեւ որոշեցի Հաւատքի Տարի մը հռչակել։ Ան սկիզբ պիտի առնէ 2012-ի Հոկտեմբեր 11-ին, Վատիկանեան Բ. տիեզարական ժողովին բացման յիսուներորդ տարեդարձին առիթով, եւ պիտի աւարտի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Տիեզերքի Թագաւորին տօնին օրը, 2013-ի Նոյեմբեր 24-ին։ 2012-ի Հոկտեմբեր 11-ին, պիտի հանդիպի նաեւ քսաներորդ տարեդարձը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին հրատարակութեան, որու բնագիրը հրապարակուեցաւ իմ նախորդիս՝ Երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ.ի կողմէ, այն նպատակով որ բոլոր հաւատացեալներուն առջեւ լոյսի տակ դրուին հաւատքի ուժն ու գեղեցկութիւնը (3)։ Այս վաւերագիրը, հարազատ պտուղը Վատիկանեան Բ. տիեզերական Ժողովին, ցանկութիւնն էր 1985-ի Եպիսկոպոսներու Արտակարգ Սիւնհոդոսին, իբր գործիք ծառայելու համար քրիստոնէականի ուսուցման (4) եւ իրականացաւ շնորհիւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամբողջ եպիսկոպոսական դասին։ Եւ ասոր համար Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ իմ կողմէս, 2012-ի Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ, Նոր Աւետարանացում քրիստոնէական Հաւատքի փոխանցումին համար խորագրով։ Բարեպատեհ առիթ մը պիտի ըլլայ այս՝ հրաւիրելու եկեղեցային ամբողջ հաւաքականութիւնը յատուկ խորհրդածութեան եւ հաւատքի վերանորոգումի պահի մը համար։ Առաջին անգամը չէ որ Եկեղեցին հրաւիրուած է տօնակատարելու Հաւատքի Տարի մը։ Իմ երջանկայիշատակ նախորդս, Աստուծոյ Ծառան՝ Պօղոս Զ., ասոր նման հատ մը հռչակեց 1967-ին, յիշատակելու համար Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներու նահատակութիւնը, անոնց գերագոյն վկայութեան տասնիններորդ դարադարձին առիթով։ Զայն յղացաւ իբր հանդիսաւոր պահ մը՝ որպէսզի ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուի «նոյն հաւատքին հարազատ եւ անկեղծ դաւանութիւնը». անիկա ուզեց նաեւ որ այս վերջինը հաստատուի «ըլլայ անհատական թէ հաւաքական, ազատ ու գիտակից, ներքին եւ արտաքին, խոնարհ եւ պայծառ» կերպով (5)։ Ան կը մտածէր թէ այս ձեւով ամբողջ Եկեղեցին պիտի կարենայ վերստին ստանալ «իր հաւատքին ճշգրիտ գիտակցութիւնը, զայն վերարծարծելու, մաքրագործելու, վերահաստատելու, դաւանելու համար» (6)։ Մեծ յեղաշրջումները որ տեղի ունեցան այդ տարին, աւելի բացայայտ դարձուցին այսպիսի տօնակատարութեան մը անհրաժեշտութիւնը։ Անոր փակումը տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Ժողովուրդին Հաւատքի Դաւանումով (7), վկայելու համար թէ էական տարրերը որ դարերէ ի վեր կը կազմեն հաւատացեալներու աւանդը, պէտք ունին հաստատուելու, ըմբռնուելու եւ խորացուելու միշտ նո՛ր ձեւերով, տալու համար հետեւողական վկայութիւն  մը պատմական պարագաներու մէջ որոնք տարբեր են անցեալէն։

5. Կարգ մը պատճառներու համար, իմ երջանկայիշատակ Նախորդս այս Տարին տեսաւ իբր «հետեւանք եւ պահանջ» մը՝ Վատիկանեան Ժողովէն բխող (8), քաջատեղեակ ըլլալով ժամանակին ծանր դժուարութիւններուն, յատկապէս անոնց որ կը վերաբերին ճշմարիտ հաւատքի դաւանումին եւ ճշգրիտ մեկնաբանութեան։ Կարեւոր կը համարեմ Հաւատքի Տարիին բացումը կատարել զուգահեռաբար Վատիկանեան Բ. տիեզերական Ժողովի բացման Յիսնամեակին հետ, որովհետեւ այս կրնայ ըլլալ նպաստաւոր առիթ մը հասկնալու թէ վաւերագրերը զորս ժողովական Հայրերը թողուցին մեզի իբր ժառանգութիւն, «չեն կորսնցներ իրենց արժէքը ո՛չ ալ փայլը», ինչպէս կ'ըսէր Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը։ Անհրաժեշտ է որ անոնք ընթերցուին պատշաճ ձեւով, որ ճանչցուին եւ իւրացուին իբր եկեղեցական իշխանութեան որակեալ եւ օրէնսդրական վաւերագրեր Եկեղեցւոյ Աւանդութեան ծոցին մէջ… Աւելի քան երբեք կը զգամ պարտականութիւնը տիեզերական ժորովը մատնանշելու իբրեւ մեծ շնորհք մը, որու բարիքները Եկեղեցին վայելեց քսաներորդ դարուն. անով ընծայուեցաւ մեզի ապահով ուղեցոյց մը՝ լաւագոյն ուղղութիւնը որդեգրելու համար մեր առջեւ բացուող ուղիին մէջ (9)։ Ես ալ կը մտադրեմ ուժգին կերպով յիշեցնել ինչ որ հաստատեցի տիեզերական Ժողովին մասին՝ Պետրոսի Յաջորդ ընտրուելէս մի քանի ամիս ետք. «եթէ զայն ընթեռնունք ու ընկալենք՝ առաջնորդուելով ուղիղ մեկնաբանութենէ մը, ան կրնայ ըլլալ եւ դառնալ մի՛շտ աւելի, մեծ ուժ մը Եկեղեցւոյ տեւապէս անհրաժեշտ բարենորոգումին համար» (10)։

6. Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կը կատարուի նաեւ հաւատացեալներու կեանքին պարզած վկայութեամբ. իրենց գոյութեամբն իսկ աշխարհի մէջ, քրիստոնեաները կոչուած են արդարեւ ճառագայթելու ճշմարտութեան Խօսքը զոր Տէր Յիսուս թողած է մեզի։ Տիեզերական Ժողովն է որ, Lumen Gentium կոչուած հաւատքի վերաբերեալ իր սահմանադրական վաւերաթուղթին մէջ հաստատեց. «Մինչ Քրիստոս, «սուրբ, անմեղ, արատէ զերծ (Եբր. 7, 26), չճանչցաւ մեղքը (տես Բ. Կրն. 5, 21), եւ եկաւ միմիայն ժողովուրդին մեղքերը քաւելու նպատակով (տես Եբր. 2, 17), Եկեղեցին, որ իր ծոցին մէջ կ'ընդգրկէ մեղաւորներ եւ ասոր համար սուրբ է եւ միանգամայն միշտ կարօտ մաքրասրբումի, կ'ընթանայ յարատեւ ապաշխարութեան եւ վերանորոգումի ճամբով։ Եկեղեցին «յառաջ կը տանի իր ուխտագնացութիւնը աշխարհի հալածանքներուն եւ Աստուծոյ մխիթարութիւններուն միջեւ, Տիրոջ չարչարանքն ու մահը հռչակելով՝ մինչեւ որ ինքը գայ (տես Ա. Կրն. 11, 26)։ Ան Յարուցեալ Տիրոջ զօրութիւնէն կը ստանայ ուժ՝ համբերութեամբ եւ սիրով յաղթահարելու համար վիշտերն ու դժուարութիւնները որ յառաջ կու գան ըլլայ ներսէն թէ դուրսէն, եւ աշխարհի առջեւ ի յայտ բերելու համար հաւատարմութեամբ, նոյնիսկ եթէ ոչ կատարելապէս, անոր խորհուրդը, մինչեւ որ, ժամանակներու լրումին, ան յայտնուի լոյսի լիութեան մէջ (11)։
Հաւատքի Տարին, այս հեռանկարով դիտուած, հրաւէր մըն է վաւերական ու նորգուած դարձի մը առ Աստուած, միակ Փրկիչը աշխարհի։ Իր մահուան եւ յարութեան խորհուրդին մէջ, Աստուած յայտնեց, իր լիութեան մէջ՝ Սէրը որ կը փրկէ եւ կը կանչէ մարդիկը կեանքի դարձին մեղքերու թողութեան միջոցաւ (տես Գրծ. 5, 31)։ Պօղոս Առաքեալին համար, այս Սէրը մարդը կը ներմուծէ նոր կեանքի մը մէջ։ «Մկրտութեան միջոցաւ, մենք իրեն հետ կը թաղուինք մահուան մէջ, որովհետեւ ինչպէս որ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռեալներէն Հօր փառքին միջոցաւ, մենք եւս կրնանք ընթանալ նոր կեանքի մը մէջ» (Հռ. 6, 4)։ Շնորհիւ հաւատքին, այս նոր կեանքը կը կաղապարէ ամբողջ մարդկային գոյութիւնը՝ ըստ յարութեան արմատական նորութեան։ Իր ազատ տրամադրելիութեան համեմատ, մարդուն մտածումներն ու զգացումները, մտայնութիւնն ու բերաբերումը տակաւ առ տակաւ կը մաքրագործուին ու կը կերպարանափոխուին, այս կեանքի ճամբուն մէջ որ երբեք կատարելապէս չ՛աւարտիր։ «Հաւատքը որ գործօն կը դառնայ սիրոյ միջոցաւ» (Գաղ. 5, 6) կը դառնայ նոր չափանիշ մը իմաստութեան եւ գործունէութեան, որ կը փոխէ ամբողջ մարդկային կեանքը (տես Հռ. 12, 2. Կող. 3, 9-10. Եփես. 4, 20-29. Բ. Կրն. 5, 17)։

7. «Սէրն Աստուծոյ ստիպէ զմեզ» (Բ. Կրն. 5, 14). Քրիստոսի սէրն է որ կը լեցնէ մեր սիրտը եւ կը մղէ մեզ աւետարանելու։ Անիկա, այսօր ինչպէս այն ատեն, կը ղրկէ մեզ աշխարհի ճամբաներուն վրայ իր Աւետարանը հռչակելու համար աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն (տես Մտթ. 28, 19)։ Իր սիրովը, Յիսուս Քրիստոս իրեն կը քաշէ բոլոր սերունդներու մարդիկը, ամէ՛ն ժամանակ։ Ան կը հրաւիրէ Եկեղեցին անոր վստահելով Աւետարանի հռչակումը, պատուէրով մը որ միշտ նոր է։ Ասոր համար այսօր եւս անհրաժեշտ է աւելի համոզիչ եկեղեցային յանձնառութիւն մը նոր աւետարանացումի մը համար, կրկին ճանչնալու համար ուրախութիւնը հաւատալու մէջ եւ վերագտնելու խանդավառութիւնը՝ հաւատքը հաղորդելու մէջ։ Անոր սիրոյն առօրեայ վերագտնումին մէջ, հաւատացեալներու առաքելական յանձնառումը ուժ եւ կորով կը քաղէ, որ բնաւ չի պակսիր։ Հաւատքը, արդարեւ, կ'աճի երբ կ'ապրուի իբր ընկալուած սիրոյ մը  փորձառութիւն եւ երբ կը հաղորդուի իբր շնորհքի եւ ուրախութեան փորձառութիւն։ Ան բեղմնաւոր կը դարձնէ մեզ, որովհետեւ կ'ընդլայնէ մեր սիրտը յոյսի մէջ եւ կ'օգնէ որ նուիրենք վկայութիւն մը որ կարող է ծնունդ տալու. կը բանայ արդարեւ սիրտը եւ միտքը անոնց որ մտիկ կ'ընեն ընդունելու համար Տիրոջ հրաւէրը Անոր Խօսքին յարելու եւ Անոր աշակերտները դառնալու։ Հաւատացեալները, կ'ըսէ սուրբ Օգոստինոս, «կը զօրանան հաւատալով»(12)։ Այս սուրբ եպիսկոպոսը իրաւացի պատճառներ ունէր այս ձեւով արտայայտուելու համար։ Ինչպէս գիտենք, անոր կեանքը յարատեւ որոնում մը եղաւ հաւատքի գեղեցկութեան՝ մինչեւ որ իր սիրտը հանգիստ գտաւ Աստուծոյ մէջ (13)։ Անոր բազմաթիւ գրութիւնները, որոնց մէջ կը բացայայտուի հաւատալու կարեւորութիւնը եւ հաւատքին ճշմարտութիւնը, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակեն մնալ իբր անհաւասարելի հարստութեան աւանդ մը եւ կ'օգնեն զԱստուած որոնող շատ մը անձերու որ գտնեն ճշգրիտ ուղեւորութիւնը, հասնելու համար «հաւատքի դրան»։
Միայն հաւատալով է ուստի որ հաւատքը կ'աճի ու կը զօրանայ. մեր անձնական կեանքին մէջ չկայ այլ կարելիութիւն ստուգութեան հասնելու եթէ ոչ՝ յանձնուիլ, յարաճուն ուժգնութեամբ, սիրոյ մը որ փորձառութեամբ երեւան կու գայ աւելի մեծ, որովհետեւ Աստուծոյ մէջ կը գտնէ իր ծագումը։

8. Այս բարեբաստիկ առիթով, մտադիր եմ հրաւիրելու եղբայրակիցներս՝ աշխարհի բոլոր Եպիսկոպոսները, որ միանան Պետրոսի Յաջորդին, Տիրոջ կողմէ ընծայուած հոգեւոր շնորհքի այս ժամանակին մէջ, յիշատակելու համար հաւատքի թանկագին պարգեւը։ Կ'ուզենք այս Տարին տօնել արժանավայել եւ արդիւնաւոր կերպով։ Պէտք է զօրացնել խորհրդածութիւնը հաւատքի մասին, օգնելու համար Քրիստոսի հաւատացողներուն որ աւելի գիտակից դարձնեն ու զօրացնեն իրենց յարումը Աւետարանին, յատկապէս խորունկ յեղաշրջումներու այս պահին զոր կ'ապրի մարդկութիւնը ներկայիս։ Պիտի ունենանք պատեհութիւնը հռչակելու մեր հաւատքը Յարուցեալ Քրիստոսին՝ ամբողջ աշխարհի մեր մայր տաճարներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ. մեր տուներուն եւ ընտանիքներուն մէջ, որպէսզի ամէն ոք լաւ զգայ պահանջը աւելի լաւ ճանչնալու եւ հաղորդելու մեր անմար հաւատքը գալիք սերունդներուն։ Կրօնաւորական եւ ժողովրդապետական հասարակութիւնները, եւ բոլոր եկեղեցային միաւորները, նոր թէ հին, պէտք է գտնեն ձեւը, այս Տարուայ ընթացքին, Հաւատամքը հրապարակային աղօթք մը դարձնելու համար։

9. Կը բաղձանք որ այս Տարին իւրաքանչիւր հաւատացեալի մէջ յարուցանէ փափաքը՝ իր հաւատքը խոստովանելու ամբողջական տարողութեամբ եւ վերանորոգ համոզումով, վստահութեամբ եւ յոյսով։ Բարենպաստ առիթ մը պիտի ըլլայ այս՝ նաեւ աշխուժացնելու համար հաւատքի պաշտամունքը ծիսակատարութեամբ, մասնաւորաբար Գոհութեան սուրբ խորհուրդին միջոցաւ, որ «գագաթնակէտն է որու կը ձգտի Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, եւ միանգամայն աղբիւրը որմէ կը քաղէ իր ամբողջ ուժգնութիւնը» (14)։ Միեւնոյն ժամանակ, կը մաղթենք որ հաւատացեալներուն կեանքի վկայութիւնը աճի իր հաւատալիութեամբ։ Վերագտնել իր դաւանած, հռչակած, ապրուած ու աղօթքի վերածուած հաւատքին պարունակութիւնը (15), եւ խորհրդածել նոյնինքն հաւատալու արարքին վրայ, յանձնառութիւն մըն է զոր ամէն հաւատացեալ պէտք է իրը դարձնէ, մանաւանդ այս Տարուան ընթացքին։
Պատահաբար չէ որ առաջին դարերու քրիստոնեաները պարտաւոր էին գոց սորվիլ Հաւատամքը։ Ասիկա կը ծառայէր անոնց իբր առօրեայ աղօթք՝ չմոռնալու համար Մկրտութեամբ կատարուած յանձնառութիւնը։ Խիտ նշանակութեամբ լեցուն բառերով, սուրբ Օգոստինոս կը յիշեցնէ այս երբ, խորհրդանշաններու բացատրութեան համար տրուած քարոզին մէջ, կ'ըսէ. «Խորհրդանշանը այն սուրբ խորհուրդին զոր ստացաք ամէնքդ միասին, եւ զոր դաւանեցաք այսօր մի առ մի, խօսքեր են որոնց վրայ ամրօրէն կառուցուած է մայր Եկեղեցւոյ հաւատքը, անշարժ հիման վրայ՝ որ է մեր Տէրը Քրիստոս… Ուստի դուք ստացաք զայն եւ դաւանեցաք, բայց ձեր մտքին ու սրտին մէջ պէտք է միշտ ներկայ պահէք զայն, պէտք է կրկնէք ձեր անկողիններուն մէջ, կրկին անոր վրայ մտածելով հրապարակներուն վրայ եւ չմոռնալ ճաշելու ատեն. եւ նաեւ երբ կը քնանաք մարմինով, պէտք է անոր վրայ հսկէք ձեր սրտով»(16)։

10. Այս կէտին հասած, պիտի ուզէի պատկերացնել ուղեգիծ մը որ կրնայ օգնել աւելի լաւ ըմբռնելու, ո՛չ միայն հաւատքի պարունակութիւնը, այլ ասոր հետ միասին նաեւ արարքը որով կ'որոշենք ամբողջովին Աստուծոյ յանձնուիլ, լրիւ ազատութեամբ։ Արդարեւ, խորունկ միութիւն մը գոյութիւն ունի արարքին միջեւ որով կը հաւատանք եւ պարունակութեան որու կու տանք մեր հաւանութիւնը։ Պօղոս Առաքեալը կ'օգնէ մեզի որ մտնենք այս իրողութենէն ներս երբ կը գրէ. «Սրտով… կը հաւատանք… եւ բերնով կը կատարենք հաւատքի դաւանանքը» (Հռ. 10, 10)։ Սիրտը ցոյց կու տայ թէ առաջին արարքը որով հաւատքին կը հասնինք Աստուծոյ պարգեւն է եւ գործունէութիւնը շնորհքին որ կը գործէ եւ կը կերպարանափոխէ մեր անձը մինչեւ անոր ներքին մասերը։
Օրինակը Լիդիային մեծապէս խօսուն է այս առումով։ Սուրբ Ղուկաս կը պատմէ թէ Պօղոս, մինչ կը գտնուէր Փիլիպպէ, Շաբաթ օրով գնաց Աւետարանը քարոզելու մի քանի կիներու. անոնց մէջ կը գտնուէր Լիդիա եւ «Տէրը բացաւ անոր սիրտը եւ ան անսաց Պօղոսի խօսքերուն» (Գծք. 16, 14)։ Այդ խօսքին նշանակութիւնը կարեւոր է։ Սուրբ Ղուկաս կը սորվեցնէ թէ հաւատքի պարունակութեան ճանաչումը չի բաւեր եթէ ապա, սիրտը, իսկական սրբատուփը մեր անձին, բացուած չէ շնորհքին միջոցաւ որ թոյլ կու տայ որ մեր աչքերը բանանք եւ խորքը թափանցենք եւ հասկնանք թէ ինչ որ քարոզուած է մեզի՝ Աստուծոյ Խօսքն է։
Բերնով դաւանիլը, իր կարգին, ցոյց կու տայ թէ հաւատքը կը պահանջէ հրապարակային վկայութիւն մը եւ յանձնառում մը։ Քրիստոնեան երբեք չի կրնար մտածել թէ հաւատալը սոսկ անհատական արարք մըն է։ Հաւատք՝ կը նշանակէ որոշել Տիրոջ հետ ըլլալ՝ Անոր հետ ապրելու համար։ Եւ այս «Անոր հետ ըլլալ»ը կ'առաջնորդէ դէպի ըմբռնումը պատճառներուն որոնց համար կը հաւատանք։ Հաւատքը, անոր համար որ ազատ արարք մըն է, կը պահանջէ նաեւ ընկերային պատասխանատուութիւնը այն բանին որու կը հաւատանք։ Եկեղեցին Հոգեգալստեան օրը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ հրապարակային տարածքը հաւատալու եւ անվախօրէն հաղորդելու ոեւէ անձի մեր անձնական հաւատքը։ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է որ ատակ կը դարձնէ մեզ առաքելութեան եւ կը զօրացնէ մեր վկայութիւնը, զայն անկեղծ ու անվախ դարձնելով։

Հաւատքի դաւանութիւնը ինքնին անհատական եւ միանգամայն հասարակական արարք մըն է։ Եկեղեցին է, արդարեւ, հաւատքին առաջին ենթական։ Ըստ քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատքին, իւրաքանչիւրը կը ստանայ Մկրտութիւնը, արդիւնաբեր նշանը մեր մուտքին՝ հաւատացեալներու ժողովուրդին մէջ, փրկութիւն ստանալու համար։ Ինչպէս կը վկայէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը՝ «Ես կը հաւատամ», Եկեղեցւոյ հաւատքն է այս զոր անհատաբար կը դաւանի իւրաքանչիւր հաւատացեալ, մանաւանդ Մկրտութեան պահուն։ «Մենք կը հաւատանք»ը Եկեղեցւոյ հաւատքն է զոր կը դաւանին Եպիսկոպոսները Սիւնհոդոսի մէջ միացած, կամ աւելի ընդհանուր կերպով՝ հաւատացեալներու ծիսական համախմբումը։ «Կը հաւատամ» ըսելով, մեր Մայրը, Եկեղեցին է նաեւ, որ իր հաւատքովը կը պատասխանէ Աստուծոյ եւ կը սորվեցնէ մեզի ըսել «Կը հաւատամ», «Կը հաւատանք»(17)։
Ինչպէս կարելի է նկատել, հաւատքի պարունակութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է մեր սեփական հաւանութիւնը տալու համար, այսինքն ամբողջովին, միտքով եւ կամքով յարելու համար Եկեղեցւոյ առաջարկներուն։ Հաւատքի ճանաչումը կ'առաջնորդէ մեզ դէպի ամբողջութիւնը Աստուծմէ յայտնուած փրկաւէտ խորհուրդին։ Ուստի տրուած հաւանութիւնը կ'ենթադրէ որ, երբ կը հաւատանք, ազատօրէն կ'ընդունինք ամբողջական հաւատքի խորհուրդը, որովհետեւ անոր երաշխաւորը նոյնինքն Աստուած է, որ ինքզինքը կը յայտնէ եւ կ'արտօնէ որ մենք ճանչնանք իր սիրոյ խորհուրդը (18)։
Այլուստ, չենք կրնար մոռնալ որ մեր մշակութային շրջափակին մէջ շատ մը անձեր, չճանչնալով հանդերձ հաւատքի պարգեւը իրենց մէջ, անկեղծօրէն կ'որոնեն իրենց գոյութեան եւ աշխարհին բուն իմաստը եւ վերջնական ճշմարտութիւնը։ Այս որոնումը հարազատ «նախաշաւիղն» է հաւատքին, որովհետեւ կ'ուղղէ մարդիկը այն ճամբուն մէջ որ կ'առաջնորդէ Աստուծոյ խորհուրդին։ Մարդուն տրամաբանութիւնն իսկ, արդարեւ, կը կրէ բնածին պահանջը ա՛յդ բանին որ «արժէք մը ունի եւ կը գոյատեւէ» (19)։ Այս պահանջը մնայուն հրաւէր մըն է, անջնջելի կերպով դրոշմուած մարդկային սրտին մէջ, ճամբայ ելլելու՝ գտնելու համար Այն զոր պիտի չփնտռէինք եթէ արդէն մեզ դիմաւորելու եկած չըլլար(20)։ Ճիշդ այդ հաւատքն է որ կը հրաւիրէ մեզ այս հանդիպումին եւ մեզ ամբողջովին կը բանայ դէպի այն։

11. Հաւատքի պարունակութեան կանոնաւոր ճանաչումին հասնելու համար, ամէն ոք կրնայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին մէջ գտնել թանկագին ու անհրաժեշտ սատար մը։ Վատիկանեան Բ. տիեզերական Ժողովին ամենակարեւոր պտուղներէն մին է ան։ Fidei Depositum խորագիրը կրող առաքելական սահմանադրութեան մէջ, որ ստորագրուեցաւ, ո՛չ պատահական կերպով, Վատիկանեան Բ. Ժողովի բացման երեսներորդ տարեդարձին առիթով, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. կը գրէր. «Այս Քրիստոնէականը շատ կարեւոր նպաստ մը պիտի բերէ ամբողջ եկեղեցային կեանքի վերանորոգման աշխատանքին։ Կը ճանչնամ զայն իբր թանկագին ու հեղինակաւոր գործիք մը ի սպաս եկեղեցային հաղորդութեան եւ իբր ապահով կանոնագիր մը հաւատքի ուսուցման համար» (21)։
Ճիշդ այս հորիզոնը աչքի առջեւ ունենալով է որ Հաւատքի Տարին պէտք է արտայայտէ ընդհանուր յանձնառութիւն մը, վերագտնելու եւ ուսումնասիրելու համար հաւատքի հիմնական տարրերը որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին մէջ կը գտնեն իրենց կանոնաւոր ու կենսագիտական համադրութիւըն։ Հոս է արդարեւ որ ի յայտ կու գայ ուսուցումի հարստութիւնը զոր Եկեղեցին ընդունեցաւ, պահեց եւ մատոյց իր երկհազարամեայ պատմութեան ընթացքին։ Սուրբ Գիրքէն սկսեալ մինչեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը, աստուածաբան վարդապետներէն մինչեւ Սուրբերը որոնք դարերը կտրեցին անցան, Քրիստոնէականը կ'ընծայէ մնայուն յիշատակարան մը բազմաթիւ կերպերուն որոնցմով Եկեղեցին կատարեց հաւատքի իր խորհրդածութիւնը եւ յառաջդիմութիւն արձանագրեց վարդապետութեան մէջ, հաւատացեալներուն ապահովութիւն տալու համար իրենց հաւատքի կեանքին մէջ։
Իր կառոյցին մէջ իսկ, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կը ներկայացնէ հաւատքի զարգացումը մինչեւ իսկ հպելով առօրեայ կեանքի նիւթերուն։ Էջ աջ էջ, կը գտնենք որ այն ամէնը որ ներկայացուած է տեսութիւն մը չէ լոկ, այլ հանդիպումը Անձի մը հետ որ կ'ապրի Եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատքի դաւանանքին, արդարեւ, կը յաջորդէ բացատրութիւնը խորհուրդներու միջոցաւ ապրուած կեանքին, որուն մէջ ներկայ է Քրիստոս, որ կը գործէ եւ կը շարունակէ կառուցանել իր Եկեղեցին։ Առանց ծիսակատարութեան եւ խորհուրդներուն, հաւատքի դաւանանքը պիտի չըլլար այնքան ազդու, որովհետեւ զուրկ պիտի ըլլար շնորհքէն որ թիկունք կը կանգնի քրիստոնեաներու վկայութեան։ Նոյն ձեւով, Քրիստոնէականի ուսուցումը բարոյական կեանքի մասին կը ստանայ իր ամբողջական նշանակութիւնը եթէ դրուի յարաբերութեան մէջ հաւատքի, ծէսի եւ աղօթքի հետ։

12. Այս Տարուայ ընթացքին, հետեւաբար, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կրնայ դառնալ ճշմարիտ գործիք մը հաւատքը հաստատ պահելու համար, մանաւանդ անոնց համար որոնց մեծագոյն հոգն է քրիստոնեաներու կազմաւորումը, որ այնքան կարեւոր է մեր մշակութային շրջագիծին մէջ։ Այս նպատակով, հրաւիրեցի Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովը, Սուրբ Աթոռի պատկան Ժողովներու հետ համաձայնաբար, որ շարադրեն Ծանօթագիր մը, Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն տալու համար կարգ մը ցուցմունքներ այս Հաւատքի Տարին ապրելու աւելի արդիւնաւոր եւ պատշաճ ձեւով, ի սպաս հաւատալուեւ աւետարանելու գործին։
Արդարեւ հաւատքը, այսօր քան անցեալին, ենթարկուած է հարցապնդումներու շարքի մը որ յառաջ կու գան փոխուած մտայնութենէ մը որ, յատկապէս այսօր, տրամաբանական ստուգութիւններու բնագաւառը կ'ենթարկէ գիտական եւ թեքնիք նուաճումներու բնագաւառին։ Այսուհանդերձ, Եկեղեցին երբեք չէ վախցած ցոյց տալու թէ ինչպէս հաւատքի եւ հարազատ գիտութեան միջեւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ որեւէ բախում, որովհետեւ երկուքն ալ, թէպէտ տարբեր ուղիներով, կը ձգտին ճշմարտութեան(22)։

13. Վճռական է այս Տարուայ ընթացքին վերընթերցում մը կատարել հաւատքի պատմութեան, որ ցոյց կու տայ անքննելի խորհուրդը ընդելուզման՝ սրբութեան ու մեղքի միջեւ։ Մինչ առաջինը ի յայտ կը բերէ մեծ նպաստը զոր այրերն ու կիները բերած են, իրենց կեանքի վկայութեամբ, հասարակութեան աճումին ու զարգացումին, երկրորդը պէտք է մեր մէջ յառաջացնէ անկեղծ ու յարատեւ դարձի աշխատանք մը, փորձառութեամբ ճանչնալու համար Հօր ողորմութիւնը որ բոլորս կը դիմաւորէ։
Այս ժամանակ, մեր նայուածքը պէտք է սեւեռած պահենք Յիսուս Քրիստոսի վրայ որ «ծնունդն ու վախճանն» է հաւատքին (Եբր. 12, 2). անոր մէջ՝ իր լրումը կը գտնէ մարդկային սրտի ամէն տառապանք եւ ամէն իղձ։ Սիրոյ առթած ուրախութիւնը, չարչարանքի եւ ցաւի ողբերգութեան պատասխանը, ստացուած վիրաւորանքի դիմաց ներողութեան ուժը եւ մահուան պարապութեան դիմաց կեանքի յաղթանակը, ամէն ինչ իր լրումը կը գտնէ անոր Մարդեղութեան խորհուրդին մէջ, այն պատճառով որ Ան մարդ եղաւ, մեզի հետ բաժնեց մարդկային տկարութիւնը, զայն փոխակերպելու համար՝ իր յարութեան զօրութեամբ։ Անոր մէջ, որ մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար, կատարեալ լոյս կը գտնեն հաւատքի օրինակները որ յատկանշեցին մեր փրկութեան պատմութեան երկու հազար տարիները։
Հաւատքով, Մարիամ ընդունեցաւ Հրեշտակին խօսքը եւ հաւատաց աւետումին՝ թէ Աստուծոյ Մայրը պիտի ըլլար իր հնազանդութեամբ ու անձնուիրութեամբ (տես Ղկ. 1, 38)։ Եղիսաբէթին այցելելով, ան գոհաբանական երգ մը բարձրացուց Ամենաբարձրեալին հրաշալիքներուն համար՝ զորս ան կ՛ընէ անոնց որ իր վրայ կը դնեն իրենց յոյսը (տես Ղկ. 1, 46-55)։ Ուրախութեամբ եւ անձկութեամբ ծնունդ տուաւ իր միածին Որդիին, անաղարտ պահելովիր կուսութիւնը (տես Ղկ.2, 6-7)։ Իր փեսային, Յովսէփի վստահելով, ան Եգիպտոս տարաւ Յիսուսը, զայն փրկելու համար Հերովդէսի հալածանքէն (տես Մտթ. 2, 13-15)։ Նոյն հաւատքով, ան հետեւեցաւ Տիրոջ՝ անոր քարոզութեան ժամանակ եւ մնաց անոր հետ մինչեւ Գողգոթա (տես Յհ. 19, 25-27)։ Հաւատքով Մարիամ ճաշակեց Յիսուսի յարութեան պտուղները եւ, իր սրտին մէջ պահելով բոլոր յիշատակները (տես Ղկ. 2, 19-51), զանոնք հաղորդեց Տասներկուքին որոք հաւաքուած էին իրեն հետ Վերնատան մէջ, Սուրբ Հոգին ընդունելու համար (տես Գրծք.1, 14; 2, 1-4)։

Հաւատքով, Առաքեալները թողուցին ամէն բան հետեւելու համար Տիրոջ (տես Մկ. 10, 28)։ Անոնք հաւատացին անոր խօսքերուն երբ կ'աւետէր Աստուծոյ Արքայութիւնը որ հասած էր եւ իրականացած իր անձին մէջ (տես Ղկ. 11, 20)։ Անոնք ապրեցան կեանքի հաղորդութեամբ Յիսուսի հետ որ կը դաստիարակէր զանոնք իր ուսուցումով, տալով անոնց կեանքի նոր կանոն մը որու շնորհիւ պիտի ճանչցուէին իբր իր աշակերտները իր մահէն ետք (տես Յվհ. 13, 34-35)։ Հաւատքով, անոնք մեկնեցան համայն աշխարհը, հետեւելով հրամանին՝ Աւետարանը տանելու ամէն արարածի (տես Մրկ. 16, 15) եւ առանց վախի աւետեցին ամէնուն յարութեան ուրախութիւնը, որու վկաները եղած էին։
Հաւատքով, աշակերտները կազմեցին առաջին հասարակութիւնը որ համախմբուած էր Առաքեալներու ուսուցումին շուրջ, աղօթքի եւ Գոհութեան Զոհի մատուցման համար, հասարակութեան տրամադրութեան տակ դնելով ինչ որ ունէին, եղբայրներու կարիքները հոգալու համար (տես Գրծք. 2, 43-47)։
Հաւատքով, մարտիրոսները իրենց կեանքը տուին, վկայելու համար Աւետարանի ճշմարտութեան մասին որ կերպարանափոխած էր զիրենք եւ ատակ դարձուցած սիրոյ մեծագոյն պարգեւին հասնելու՝ իրենց հալածիչներուն ներելով։
Հաւատքով, այրեր ու կիներ իրենց կեանքը նուիրեցին Քրիստոսի, լքելով ամէն ինչ՝ ապրելու համար աւետարանական հնազանդութեան, աղքատութեան եւ ողջախոհութեան մէջ, շօշափելի նշանները Տիրոջ սպասումին որ պիտի չուշանայ գալու։ Հաւատքով, բազմաթիւ քրիստոնեաներ գործունէութիւն ստեղծեցին ի նպաստ արդարութեան, գործօն դարձնելու համար Տիրոջ խօսքը որ եկաւ աւետելու ազատագրումը բռնութենէն եւ շնորհքի տարի մը բոլորին համար (տես Ղկ. 4, 18-19)։
Հաւատքով, դարերու ընթացքին, ամէն տարիքի այրեր ու կիներ, որոնց անունը արձանագրուած է կեանքի Մատեանին մէջ (տես Յայտ. 7, 9; 13,8), խոստովանեցան գեղեցկութիւնը Տէր Յիսուսին հետեւելու հոն ուր կանչուած էին՝ տալու վկայութիւնը իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն. ընտանիքի մէջ, գործատեղիի մէջ, յատուկ շնորհքներու եւ պաշտօններու գործադրութեան մէջ որոնց կանչուած էին։
Հաւատքով, մենք եւս կ'ապրինք. կենդանի կերպով ճանչնալով Տէր Յիսուսը, որ ներկայ է մեր գոյութեան եւ պատմութեան մէջ։

14. Հաւատքի Տարին պիտի ըլլայ նաեւ պատշաճ առիթ մը աշխուժացնելու սիրոյ վկայութիւնը։ Սուրբ Պօղոս կը յիշեցնէ. «Հիմա ուրեմն կը մնան հաւատքը, յոյսը, սէրը, այս երեք բաները, բայց անոնց մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա Կրն. 13, 13)։ Դե՛ռ աւելի զօրաւոր բառերով – որոնք միշտ յանձնառու կը դարձնեն քրիստոնեաները - Յակոբ Առաքեալը կը հաստատէր. «Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրն, եթէ մէկը ըսէ՝ Ես հաւատք ունիմ, եթէ չունի գործերը։ Արդեօք հաւատքը կարո՞ղ է փրկել զինքը։ Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ են կամ կարօտ են օրուան կերակուրին, եւ ձեզմէ մէկը ըսէ անոնց. Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք եւ յագեցէ՛ք, եւ չտայ անոնց ինչ որ պէտք է անոնց մարմինին, ի՞նչ բանի կը ծառայէ»։ Ա՛յսպէս է նաեւ հաւատքը. եթէ չունի գործերը, առանձին՝ մեռած է։ Բայց թերեւս մէկը ըսէ. «եթէ դուն հաւատքը ունիս, ես գործերը ունիմ։ Ցո՛յց տուր ինծի հաւատքդ առանց գործերու, ես ալ ցոյց պիտի տամ քեզի հաւատքս գործերով» (Յկ. 2, 14-18)։

Հաւատքը առանց սիրոյ պտուղ չի բերեր եւ սէրը առանց հաւատքի պիտի ըլլայ լոկ զգացում մը որ տեւապէս տարակոյսի ենթակայ է։ Հաւատք եւ սէր փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ են, այնպէս որ մին միւսին թոյլ կու տայ որ իր ուղին իրականացնէ։ Արդարեւ շատ մը քրիստոնեաներ իրենց կեանքը սիրով կը զոհեն անոր որ միայնակ, լուսանցքի մէջ է կամ մերժումի ենթարկուած՝ իբր մէկու մը որ առաջինն է որու պէտք է երթալ եւ ամենակարեւորը որու պէտք է օգնել, որովհետեւ ճիշդ անո՛ր մէջ կը ցոլայ նոյնինքն Քրիստոսի դէմքը։ Շնորհիւ հաւատքին կրնանք ճանչնալ բոլոր անոնց մէջ որ մեր սէրը կը խնդրեն՝ յարուցեալ Տիրոջ դէմքը։ «Այն չափով որ դուք այս բանը ըրիք իմ այս եղբայրներէս ամենափոքրին, զայն ինծի ըրած կ՛ըլլաք». Տիրոջ այս խօսքերը ազդարարութիւն մըն են՝ չմոռնալու եւ տեւական հրաւէր մը՝ փոխադարձելու այն սէրը որով անկը գուրգուրայ մեր վրայ։ Հաւատքն է որ կ՛արտօնէ որ ճանչնանք Քրիստոսը, եւ իր սէրն է որ կը մղէ մեզ օգնելու անոր ամէն անգամ որ ինքզինքը մեր մերձաւորը կը դարձնէ կեանքի ճամբուն վրայ։ Հաւատքին վրայ յենած, յոյսո՛վ նայինք մեր յանձնառութեան աշխարհի մէջ, սպասելով «նոր երկինքի մը եւ նոր երկրի մը ուր պիտի հաստատուի արդարութիւնը» (Բ. Պտր. 3, 13, տես Յայտ. 21, 1)։

15. Իր կեանքին վախճանին հասած, Պօղոս Առաքեալը կը խնդրէ իր Տիմոթէոս աշակերտէն որ «հետամուտ ըլլայ հաւատքին» (Բ. Տիմ. 2, 22) նոյն այն յարատեւութեամբ զոր ունէր երբ երիտասարդ էր (տես Բ. Տիմ. 3, 15)։ Այս հրաւէրը նկատենք իբր մեզմէ ամէն մէկուն ուղղուած, որպէսզի ոչ մէկը ծուլանայ հաւատքի մէջ։ Կեանքի ընկեր մըն է անիկա, որ կ'արտօնէ որ միշտ նոր նայուածքով դիտենք հրաշալիքները զորս Աստուած կը գործէ մեզի համար։ Յանձնառու ըլլալով ըմբռնելու ժամանակին նշանները պատմութեան առօրեային մէջ, հաւատքը կը մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ըլլալու Յարուցեալին ներկայութեան կենդանի նշանը աշխարհի մէջ։ Այն բանը որու յատուկ կերպով կը կարօտի այսօրուայ աշխարհը, հաւատալի վկայութիւնն է բոլոր անոնց որոնք, Տիրոջ Խօսքէն լուսաւորուած իրենց մտքին ու սրտին մէջ, կարող են բանալու շատերու սիրտն ու միտքը Աստուծոյ եւ ճշմարիտ կեանքի փափաքին, այն կեանքին՝ որ վերջ չունի։
«Թող Աստուծոյ Խօսքը յառաջ ընթանայ եւ փառաւորուի» (Բ. Թես. 3,1). երանի՛ այս Հաւատքի Տարին միշտ աւելի հաստատուն դարձնէ մեր յարաբերութիւնը Տէր Յիսուսի հետ, քանի որ միայն անոր մէջ կը գտնուի ապահովութիւնը՝ դէպի ապագան նայելու եւ երաշխաւորութիւնը հարազատ ու մշտատեւ սիրոյ։ Պետրոս Առաքեալի խօսքերը լոյսի վերջին ճառագայթ մը կը սփռեն հաւատքին վրայ. «Դուք կը հրճուիք ուրախութեամբ, թէպէտ հարկ է որ ժամանակի մը համար զանազան նեղութիւններով տրտմիք, որպէսզի ձեր լա՛ւ փորձուած հաւատքը, աւելի թանկագին քան կորնչական ոսկին որ կը փորձուի կրակի մէջ, ըլլայ ձեզի համար առիթ գովասանքի, փառքի եւ պատիւի, Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան ժամանակ։ Դուք չտեսաք, սակայն կը սիրէք զինքը, տակաւին առանց տեսնելու, բայց հաւատքի շնորհիւ կը ցնծաք անպատում ուրախութեամբ եւ լի փառքով, վստահ ըլլալով թէ պիտի ընդունիք ձեր հաւատքին կատարումը՝ փրկութիւնը հոգիներուն» (Ա. Ժտր. 1, 6-9)։ Քրիստոնեաներուն կեանքը կը ճանչնայ ուրախութեան եւ տառապանքի փորձառութիւնը։ Քանի՜ սուրբեր միայնակութեամբ տառապեցան։ Քանի՜ հաւատացեալներ, նոյնիսկ մեր օրերուն, փորձուած են Աստուծոյ լռութեամբ, երբ պիտի ուզէին լսել անոր մխիթարական ձայնը։ Կեանքի փորձանքները, մինչ կը թողուն որ հասկնանք խաչին խորհուրդը եւ մասնակցինք Քրիստոսի չարչարանքներուն (տես Կող. 1, 24), պատրաստութիւն մըն են այն ուրախութեան եւ յոյսին ուր կը տանի հաւատքը։ «Երբ տկար եմ, ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ» (Բ. Կող. 12, 10)։ Հաստատ ապահովութեամբ կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսը յաղթեց չարին եւ մահուան։ Այս ապահով վստահութեամբ մենք զմեզ կը յանձնենք անոր. ներկայ մեր միջեւ՝ ան կը յաղթէ չարին զօրութեան (տես Ղկ. 11, 20) եւ Եկեղեցին, անոր գթասրտութեան պտուղ՝ տեսանելի հասարակութիւնը, կը մնայ կանգուն անոր մէջ իբր նշան վերջնական հաշտութեան Հօր հետ։

Այս շնորհքի ժամանակը յանձնենք Աստուածամօր, որ հռչակուած է «երանելի՝ որովհետեւ հաւատաց» (Ղկ. 1, 45)։

Տրուած՝ Հռոմ, Սուրբ Պետրոսի մօտ,
1 Հոկտեմբեր 2011,
Հայրապետութեանս եօթներորդ տարին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ