Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2010 - «Հայ Մանկավարժ»ի պատասխանատուներու տեսակցութիւնները Երեւանի մէջ

 

Երեւան, Հայաստան

 

Աշխատանքային Այցելութիւն` Երեւան

Գործակցութեան հորիզոնը կընդլայնի` Հայ կաթողիկէ կրթական կառոյցներուն եւ Հայաստանի պետական ու ակադեմական մարմիններուն առջեւ

 

Մէկ կողմէ Հայ կաթողիկէ կրթական եւ մշակութային կառոյցներուն եւ միւս կողմէ Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ գործակցութեան ենթահողը ամրապնդելու ուղղութեամբ  կարեւոր առաջընթաց արձանագրեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչներուն աշխատանքային այցելութիւնը քաղաքամայր Երեւան` ընթացիկ տարուան Փետրուարի 9-էն 16:


Արդարեւ
, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ նշեալ կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ պրն. Վարդան Թաշճեան մէկ շաբթուայ ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պետական եւ ակադեմական պատասխանատուներու հետ, գլխաւորաբար զանոնք իրազեկելու համար նշեալ կառոյցներու գործունէութեան ու նաեւ քննարկելու համար գործակցութեան կարելիութիւններ եւ եղանակներ:



Մասնաւորպէս
, հայր Գազանճեան եւ պրն. Թաշճեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի հետ ամենաջերմ մթնոլորտի մէջ ունեցան շահագրգիռ զրոյցներ` Հայ սփիւռքի մէջ կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանութեան, հայրենիք-արտեկիր յարաբերութիւններուն եւ երկկողմ գործակցութեան վերաբերող խնդիրներու մասին: Հայրենի նախարարները մեծապէս գնահատեցին Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան եւ հայկական կրթութեան գործին ի խնդիր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան գործադրած ջանքերը եւ հաստատեցին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը` նշեալ ոլորտներուն մէջ Պատրիարքութեան նախաձեռնած ծրագիրներուն: Հայր Գազանճեան եւ պրն. Թաշճեան իրենց հերթին ներկայացուցին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի եւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ամփոփ գնահատական մը կատարեցին Լիբանանի հայ գաղութի ներկայ իրադրութեան, կեդրոնանալով մասնաւորապէս կրթական ոլորտին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս առիթով, անոնք գնահատեցին զոյգ նախարարութիւններուն ջանքերը` նեցուկ կանգնելու Հայկական Սփիւռքին`  ազգային ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ:


Հայր
Գազանճեան եւ պրն. Թաշճեան նշեալ երկու նախարարութիւններու տարբեր վարչութիւններու պատասխանատուներուն հետ ունեցան աշխատանքային օգտաշատ  տեսակցութիւններ, որոնց ընթացքին կարելի եղաւ կազմել ուրուագիծը հետագայ գործակցութեան ուղղութիւններուն, գլխաւորաբար տեղեկատուութեան փոխանակման, համահայկական ծրագիրներու մասնակցութեան, ուսուցչական համագումարներու կազմակերպման եւ Սփիւռքի մէջ դպրոցական հայագիտութեան զարգացման ուղղուած համատեղ ձեռնարկներ իրականացնելու վերաբերեալ:


Երեւանի
մէջ կայացած հանդիպումները ընդգրկեցին նաեւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական պետական համալսարանի նախագահ պրն. Արտուշ Ղուկասեանը եւ «Սփիւռք» գիտա-կրթական կեդրոնի ղեկավար պրն. Սուրէն Դանիէլեանը: Մանկավարժական գործի զարգացման առաջատարը համարուող հայրենի համալսարանի ղեկավարին հետ հանդիպումը յատկանշուեցաւ  գործնականութեամբ. փրոֆեսոր Ղուկասեան յստակօրէն նշեց այն ուղղութիւնները, որոնց մէջ մանկավարժական համալսարանը եւ անոր անձնակազմը կրնան օգտակար հանդիսանալ սփիւռքահայ, եւ այդ շարքին` նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի կրթական կառոյցներուն: Կարեւորուեցան, ինչպէս դասախօսներու, այնպէս ալ ուսանողներու փոխայցելութիւնները` հայ մանկավարժական մտքի եւ փորձի հարստացման համար:


Բոլոր
տեսակցութիւններուն ժամանակ, առանձնակի ուշադրութիւն նուիրուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի նախաձեռնած «Հայ Մանկավարժ» պարբերաթերթին, որուն առաջին համարէն օրինակներ նուիրուեցան հայրենի պատասխանատուներուն: Վերջիններս խորապէս գնահատեցին Հայ Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ նման աննախադէպ եւ տարողունակ ծրագիր մը իրականացնելու ուղղութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ձեռնարկած քայլը եւ խոստացան բոլոր միջոցներով նպաստել անոր կայացման:  Նախարարներ Հ. Յակոբեան եւ Ա. Աշոտեան առաջարկեցին պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը տեղադրել իրենց նախարարութիւններու համակարգին մէջ գործող կայքէջերու վրայ, իսկ  Փրոֆեսոր Ղուկասեան առաջարկեց պարբերաթերթի աշխատակազմին մէջ ներառնել մասնագէտներ` Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական պետական համալսարանէն, առ ի մասնակցութիւն, իր բնորոշումով, այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան: Ընդառաջելով «Հայ Մանկավարժ» պարբերաթերթի պատասխանատուներու փափաքին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ Խ. Աբովեանի անուան պետական-մանկավարժական համալսարանի նախագահ Արտուշ Ղուկասեան ուղերձներ յղեցին` նուիրուած «Հայ Մանկավարժ»ի հիմնադրութեան:
Փետրուար 19-ին Պէյրութի մէջ  «Հայ Մանկավարժ»ի հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութեան ժամանակ, նշեալ ուղերձներու տեսագրութիւննները մատուցուեցան հանդիսութեան մասնակիցներուն, ստեղծելով մեծ խանդավարութիւն: Անոնց մէջ, հայրենի պատասխանատուները իրենց գնահատանքը, բարեմաղթութիւններն ու գործակցելու պատրաստակամութիւնը յայտնեցին «Հայ Մանկավարժ»ին՝ լուսարձակի տակ առնելով սփիւռքի մէջ նման հանդէսի մը հրատարակութեան կարեւորութիւնն ու անոր ունենալիք դերակատարութիւնը` մանկավարժական եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։


 

 

 

 

Սոյն ալցելութեանց զուգահեռ, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան տեսակցութիւններ ունեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաքելական կառավարիչ Հայր Վահան վրդ. Օհանեանի եւ Թիֆլիսի մէջ` Պապական նուիրակ Քլաուտիօ Կուճերոթթի արքեպիսկոպոսին հետ, ու նաեւ Պէյրութ վերադարձին` Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, անոնց ներկայացնելով երեւանեան տեսակցութիւններուն մթնոլորտը եւ արդիւնքները:

 


Տեղեկատուութիւնը՝

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ