Հռոմ
Երկուշաբթի, 28 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Սուրբ Պետրոս»ի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի սրբադասումին առիթով գոհաբանական սուրբ Պատարագ, որուն նախագահեց Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի Պետութեան տեղապահը` կարտինալ Անճելօ Քոմասդրին եւ որուն ներկայ գտնուեցան բազմահազար լեհ ուխտաւորներ։ Իսկ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հռոմի Սուրբ Քարլոյի անուան եկեղեցւոյ մէջ, ուր Յովհաննէս ԻԳ. իր քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած էր` 19 մարտ 1925-ին, Պերկամոյի եպիսկոպոսը` գերապայածառ Պեսքին նախագահեց Յովհաննէս ԻԳ.ի սրբադասումի առթիւ գոհաբանական սուրբ Պատարագին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պերկամոյէն ժամանած ուխտաւորներ։
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, կարտինալ Քոմասդրի վերյիշեց 9 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, հաստատելով թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի բոլոր կեանքը եղաւ` մշտական հնազանդութիւն Յիսուսի Աւետարանին։
Կարտինալ Քոմասդրի ընդգծեց Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կեանքի եւ սրբութեան յատկանշական հանգրուանները եւ Բենետիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր քահանայապետի անոր հաւատքի մասին տուած վկայութիւնները։
''Այսօր հոս համախմբուած ենք Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին ըսելու` շնորհակալութիւն ու ժառանգելու իր վեհանձն հաւատքի մեզի թողած օրինակը'' – ըսաւ կարտինալը – նշելով դարձեալ երջանկայիշատակ սուրբ քահանայապետին ուսուցումները յատկապէս ընտանիքի մասին, ինչպէս նաեւ անոր յանձնառումը խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս եւ երիտասարդներուն հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութիւնը որպէս հայր, որպէս առաջնորդ եւ որպէս դաստիարակ։
Քարոզի աւարտին կարտինալ Քոմասդրի անդրադարձաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Տիրամօր հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն ու անոր բազուկներուն մէջ յանձնուելուն, իր ''ամբողջովին քուկդ – Totus tuus'' խօսքով։
''Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ. աղօթէ՛ Եկեղեցւոյ համար, որ դուն անհունօրէն սիրեցիր ու զայն մղեցիր Յիսուսի հաւատարմութեան հերոսական ճանապարհին վրայ։ Աղօթէ՛ մեզի համար որպէսզի ամէնքս ըլլանք մէկ սիրտ ու մէկ հոգի եւ որպէսզի աշխարհը հաւատայ։ Ամէն'': Եզրափակեց կարտինալ Քոմասդրին։
Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի հայկական բաժինի կայքէն: