Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Երգեցէ՛ք, Որդի՛ք Սիոնի, Երգ Նոր…»


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կատարեցինք եւ ամէն տարի այս թուականին կը կատարենք «Ծնունդ Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի» գեղաշնորհ տօնը, որուն մասին որոշ գիտելիքներ ու խորհրդածութիւններ կրնան սնուցանել թէ՛ մեր միտքը եւ թէ՛ մեր հոգին:
Աստուածաշունչը չի հայթայթեր տեղեկութիւններ սաղեմացի Մարիամի ծնունդին մասին: Աւանդութենէն ու պարականոն մատեաններէն, սակայն, գիտենք անոր ծնողքը` Յովակիմը եւ Աննան, որոնք սրբագործուած անուններն են բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ:
Մարիամի ծննդատօնը սկսած է Զ. դարուն, Երուսաղէմ, ուր ի պատիւ Կուսամօր կառուցուած պազիլիքայի մասին կը խօսին Ե. դարէն ի վեր աւանդութիւններ: Բիւզանդիոնի մէջ 550-ին կը կատարուէին «Յիսուսի ընծայում», «Մարիամի ծնունդ» եւ «Մարիամի ննջում» տօները:
Ս. Ռոմանոս Երգեցող (490-560), նշանաւոր ասորի բանաստեղծը, առաջինն եղաւ, որ բացայայտօրէն վկայեց Մարիամի ծնունդին տօնակատարութեան մասին, երբ 520-556 ժամանակաշրջանին մէջ հեղինակած չորս մարեմեան շարականներէն մին յօրինեց ի պատիւ սեպտեմբեր 8-ի ծիսակարգային տօնախմբումին:
Տօնին պաշտօնական մուտքը Կ. Պոլիս եւ ընդհանուր տարածումը Բիւզանդական կայսրութեան մէջ տեղի ունեցաւ Յուստինիանոս Ա. կայսրին (527-565) օրով: Անկէ հաւանաբար անցած ըլլայ Հայ եկեղեցիին տօնացոյցին ու ծէսին մէջ:
Հռոմի` Յաւիտենական Քաղաքին մէջ Մարիամի ծնունդին տօնակատարութիւնը սկսաւ 675-700 ժամանակամիջոցին` արեւմտեան աշխարհին համար, ուր 800-ին հրապարակուեցաւ «Մարիամի ծննդեան աւետարանը»:
Հաւանաբար Եւրոպայի մէջ աւելի ժողովրդականացաւ այս տօնախմբումը Ս. Փասքալ Ռատպերթի 851 թուականէն առաջ հեղինակած «Մարիամի ծննդեան պատմութիւն»-ով:
Հուսկ, Տիեզերական եկեղեցիին մէջ Մարիամի ծնունդը սեպտեմբեր 8-ին տօնակատարելու հրահանգը 1243-ին տուաւ Իննովկենտիոս Դ. սրբազան քահանայապետը. ասոր պատճառով, ինչպէս ամէնուրեք, նոյնպէս «մեր ազգին մէջ ալ սկսան աւելի մեծ հանդէսով տօնախմբել» (Հ. Մ. Չամչեան):
Այս ընդհանրական միջոցառումէն արդէն երկու տարի ետք հայաշխարհին մէջ առաջին ու պատմական արձագանգը լսուեցաւ, երբ 1245-ին Մեծն Վարդան Արեւելցի (1200-1271) շարադրեց «Աստուածածնի ծննդեան» շարականին առաջին կանոնը` հանրածանօթ «Որ նախիմաց իմաստութեամբ» սկզբնաբառերով:
Յակոբ Ա. Կլայեցի (1200-1286) Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հեղինակեց «Ս. Աստուածածնի ծննդեան» ձօներգուած երկրորդ շարականը, որ կը կազմէ առաջին կանոնը եւ կը սկսի «Երգեցէ՛ք, որդիք Սիոնի» յորդորականով:
Ցարդ յիշուած տօնական, պատմական ու մատենագրական տուեալներուն ենթահողը կամ ելակէտն է հրաշագեղ խորհուրդը Ս. Կոյս Մարիամի ոչ միայն ծնունդին, այլ նաեւ շնորհաբաշխ ներկայութեան ու գործունէութեան, բայց յատկապէս` Աստուածամայրութեան:
Վարդան վարդապետին ճիշդ տեսութեամբ, մարդկութեան նախածնողքին համար «պայծառացեալ վայելչապէս» օրհնութիւնն եղաւ Մարիամի ծնունդը, որով կատարուեցաւ նաեւ «խոստումն Աբրահամու»:
Այսօր Ծնեալին անարատութիւնն ու սրբութիւնը «գերագոյն շնորհքով փայլած» բացայայտուեցաւ, որուն համար ընտրուեցաւ Մայրն Աստուածորդիին:
«Անսկիզբն Աստուած», որ «անճառելի, անբաւ զօրութիւն» է, ոչնչութենէն խօսքով ստեղծեց ամբողջ աշխարհը, այսօր իր մարդասիրութեամբ տնօրինեց Աննայէն «հիմը նոր աշխարհին»:
«Ամուլ երկրէն» այսօր բուսաւ մեզի «բարեբեր բոյսն բարի», «Շուշանը հովիտներուն», «Ծաղիկն դաշտերուն», «միամայրն Մարիամ», «Արմատը Տունկին անմահութեան», «Բնակարանն Աստուածութեան», որ թէպէտ «բնութեան օրէնքով» ծնաւ այսօր, բայց եւ այնպէս ի՛նքն է Աստուած Բանին Մայրը` գերազանցօրէն վեր ու բարձր բնութենէն:
Մարիամ, քերովբէներուն վերեւ բազմող Աստուած Բանէն «հրաշափառ Պարգեւը» եւ երկրին մէջ «փառքի Աթոռը», մարգարէներու եւ առաքեալներու դասերէն «օրհնաբանեալ Տիրուհին» է, որ «Լուծիչը երկունքին Եւայի» հանդիսանալով` ի՛նքն է «Մայրը Կեանքին»:
Յակոբ Ա. Կաթողիկոսին իմաստագեղ շարականը նո՛ր բերկրութեան, նո՛ր երգաբանութեան, նո՛ր փառատրութեան ու նո՛ր տօնակատարութեան հրաւէրն է, որ ուղղուած է մկրտեալներուն` մասնաւորապէս, եւ մարդերուն` ընդհանրապէս:
Բարձրագոչ եւ համընդհանուր հրաւէրին ցնծառիթն է «ծնունդը Մօր Տեառն»` Մարիամին, որ «Լոյսին Մայրն» է, «սրբուհի Կոյսն» է, «աշխարհին Ուրախութիւնն» է, «նոր կտակը Պարգեւողին Ծնողն» է, «երկնային Լոյսին Ծագողն» է:
Այսօր ծնած Մարիամ է «Մորենին, որուն մէջ վառեցաւ աստուածային Հուրը», եւ «երկնային Ցօղին Ընդունիչը, որմէ հոսեցաւ Անձրեւը Կեանքին եւ բղխեցաւ իմաստութեան Աղբիւրն աշխարհին»:
Ո՜վ Մարիամ, «Տիրուհի՜, որ մարդերուն ճիշդ ժամուն տուիր Պտուղը` Կեանքին Հացը, որ իջաւ երկինքէն, բարեխօսէ՛, Սրբուհի՜, մեր անձերուն համար»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 8 սեպտեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ