Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2013 - Ֆրանչիսկոս՝ Րիոյի մէջ. - «Երիտասարդութիւնը այն պատուհանն է ուրկից ապագան մուտք կը գործէ աշխարհ»
Րիօ, Պրազիլ
«Ո՛չ ոսկի ունիմ եւ ոչ արծաթ, հետս բերած եմ ամենաթանկագին արժէքը՝ Յիսուս Քրիստոսը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի 22 յուլիսի երեկոյեան, Կուանապարայի պալատին մէջ, նախագահ Տիլմա Րուսէֆի ներկայութեան տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին: Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն մասնակից երիտասարդները եւ բոլոր ուխտաւորները:
Սրբազան Քահանայապետին համաձայն, պէտք է առիթ մը ընծայել իւրաքանչիւր երիտասարդի: Ըստ իրեն, «Երիտասարդութիւնը այն պատուհանն է ուրկից ապագան մուտք կը գործէ աշխարհ, եւ ասիկա մեզի կը պարտադրէ հսկայական մարտահրաւէրներ: Մեր սերունդը ցոյց պիտի տայ որ կրնայ իրագործել իւրանքանչիւր երիտասարդի մէջ գտած խոստումը երբ անոր տեղ մը յատկացնենք»:
Պապը նաեւ ընդգծեց որ Տէրը կը հաւատայ երիտասարդութեան եւ անոր կը յանձնէ «աւետարանումի առաքելութիւնը»: «Քրիստոս հաւատքը կու տայ երիտասարդներուն եւ անոնց կը յանձնէ իր սեփական դատի ապագան. «Գացէ՛ք, աշակերտներ գտէ՛ք»: Գացէ՛ք մարդկայնօրէն հնարաւոր սահմաններէն անդին եւ կառուցէ՛ք եղբայրներու աշխարհ մը: Միեւնոյն ձեւով ալ, երիտասարդները կը հաւատան Քրիստոսի: Անոնք չեն վախնար վտանգելէ իրենց ունեցած միակ կեանքը, որովհետեւ գիտեն թէ յուսախաբ պիտի չըլլան», յայտարարեց Սրբազան Քահանայապետը:
Ներկաներուն յուզումը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ թէ իր թեւերը կը բանայ ամբողջ ազգին առջեւ: «Այսօր- ըսաւ ան- Պապին բազուկները աւելի լայնօրէն կը բացուին գրկելու համար պրազիլցի ամբողջ ազգը, իր մարդկային, մշակութային եւ կրօնական հարստութեամբ»:
Իր կարգին արտասանած ճառին մէջ, Պրազիլի նախագահուհին Տիլմար Րուսէֆ յիշեցուց կաթողիկէ հովուական առաքելութիւններուն կարեւորութիւնը փողոցի կամ բանտի մէջ ապրող անձերու իրաւունքներու եւ ընկերային ապահովութիւններու պաշտպանութեան մէջ: «Գիտենք թէ - ըսաւ ան - անօթութիւնը եւ արդարութեան ծարաւը ստիպողական են»: Նախագահուհին նաեւ նշեց որ Եկեղեցին առաջնահերթ դեր մը կը խաղայ ընկերային դատերու պաշտպանութեան մէջ: «Եկեղեցւոյ օգնութեամբ - ըսաւ ան - կրնանք նախաձեռնութիւնները վերածել գործնական քայլերու»:
|