Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2009 - ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային նոր վարչութեան այցը՝ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան
HMEM

Չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2009-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց  Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի տարած անձնուէր ու ազգօգուտ աշխատանքները՝ ի խնդիր հայ պատանիին, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ բնակութիւն հաստատած հայ պատանիներուն:
Հոգեւոր Տէրը իր օրհնութիւնը տալէ ետք ՀՄԸՄ-ին, մաղթեց մշակուած ծրագիրներու յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ՝ վերելքի ճամբուն վրայ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ՝ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին քաջալեր հանդիսանալուն, ինչպէս նաեւ անոր յայտնած բարեմաղթութիւններուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ