Հռոմ
Նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդին եւ «La Casa di Matriona» հրատարակչութեան, ուրբաթ 12 նոյեմբերի երեկոյեան՝ Մալոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Lumi di Sapienza» օրացոյցի պաշտօնական ներկայացումը։
Քրիստոնեայ Ռուսաստան հաստատութեան «La Casa di Matriona» հրատարակչութեան այս տարուան լոյս ընծայած յատուկ օրացոյցի թեման՝ հայ մանրանկարչութիւնն է:
Այս երեկոյին՝ օրացոյցի շնորահանդէսին, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հայեր եւ իտալացիներ։
Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի փոխ նախագահը՝ Ռոպէր Աթթարեան ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի օրացոյց ալպոմին համար հրատարակչութիւնը ընտրած է հայ մանրանկարչութիւնը թեման. «Ասիկա մեծ պատիւ է մեզի՝ (հայերուս համար) ըսաւ ան. քանի որ կը ճանչցնէ հայ ստեղծագործութիւնները , եւ բոլոր անոնք որոնք կ'ունենան այս օրացոյցը կարելիութիւն կ՝ունենան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու՝ հայ մանրանկարչութեան մասին. նաեւ այն հարուստ հաւաքածոյին մասին որ կը գտնուի կարեւորագոյն մատենադարաններու մէջ»։
Խօսք առաւ նաեւ (ի շարս որոնց) Giovanna Parravicini-ն «Օրացոյցը խմբագրողը», որ խօսեցաւ այս տարուան թեմայի ընտրութեան եւ այս «ալպոմը» իրագործելու հանգրուաններուն՝ պէտք եղած աշխատանքին մասին։
Ի դէպ՝ այս հսկայ գործին հեղինակներն են՝
Երեւանի մատենադարանէն Սիրանուշ Մանուկեան եւ Զարուհի Յակոբճեան. ու Վենետիկի Studium Generale Marcianum հիմնարկէն Alberto Peratoner ը։
Աւելցնենք, որ 2010-ի Յուլիսին լոյս տեսած՝ այս 50 էջնոց մեծ օրացոյցէն՝ (որը իտալերէնով է) կարելի է նաեւ գտնել (ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով)։
Ներկաները այս առթիւ հարցումներ ուղղեցին հեղինակին՝ Տիկին Giovanna Parravicini-ին որոնց պատասխանեց սիրայօժար։
Հուսկ խօսք առաւ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան, որ մեծապէս գնահատեց այս օրացոյցին համար կատարուած աշխատանքը, շնորհաւորական խօսք ուղղեց խմբագրին՝ Giovanna Parravicini-ին եւ հայ ու իտալացի գործակիցներուն՝ մանրանկարներու բծախնդիր ընտրանքներուն համար, նաեւ՝ անոնց կցուած կարեւոր տեղեկութիւններուն համար։
Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «La Casa di Matriona» հրատարակչութեան, որ ընտրեց հայկական մանրանկարչութեան թեման. արդարեւ, ըսաւ ան. «Հայ ժողովուրդը եղաւ Առաջինը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօնք աւելի քան 1700 տարիներ առաջ շնորհիւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին»։
Գերյարգելի վարդապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյթը կազմակերպողներուն՝ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդին, որ միշտ նման հանդիպումներ կը կազմակերպէ։
Դառնալով «Lumi di sapienza» օրացոյց Ալպոմին կրնանք ըսել, որ նախապէս ներկայացուած էր Միլանոյի մէջ եւ անիկա օգտաշատ գիտելիքներու աղբիւր մըն է, եւ տան մէջ, գեղեցիկ tableau «պատի նկար» մը։