Երկուշաբթի, 26 Մարտ 2012 - Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ

 

Պէյրութ

Աւետման տօնին առթիւ, կիրակի, 25 մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Աշրաֆիէի «Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց առընթերակայութեամբ փոխ-ժողովրդապետ՝ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ներկայութեամբ՝ ժողովրդապետութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբին, Աշրաֆիէի ՀԿՄ Պատանեկան խումբին, Սուրբ Խաչի պատանեկանի ներկայացուցիչներուն, եկեղեցւոյ բարեսէր Տիկնանց միութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու: Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ □Կիլիկիա□ երգչախումբը: Յընթացս սուրբ պատարագին տուած իր պատգամին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ Տիրամօր պաշտամունքին կարեւորութիւնը որպէս բարեխօս մայր եւ հաւատացեալի պահապան։ Յաւարտ սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն պատրիարքարանի դահլիճին մէջ: Իսկ երեկոյեան, Աւետման տօնակատարութիւնը փակուեցաւ դասական երգերու համերգով մը, կազմակերպութեամբ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» եկեղեցւոյ եւ «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ Պէյրութի երկու ժողովրդապետութիւններուն: Նշենք նաեւ, որ Աւետման նախատօնակին, երեկոյեան ժամը 7-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Պատարագ մատոյց գերապատիւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հետ նշելու համար նաեւ իր անուանակոչութիւնը:
Ինչպէս Սրբոյ Կուսին Աւետման նուիրուած՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցական արարողութիւններուն ու ձեռնարկներուն, հաւատացեալները խուռներամ մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Կուսին Աւետման տօնին առիթով Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն, մանաւանդ որ երկու տարիէ ի վեր Լիբանան պաշտօնապէս կը նշէ այս տօնը։
 
Այս առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կիրակի առաւօտեան փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

 «Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մարիամի Աւետումը հրեշտակին կողմէ առանցքային դէպք մը եղաւ աշխարհի պատմութեան համար։ Արդարեւ, Մարգարէներէն աւետած Մեսիային գալուստը եւ անոր անձկալի սպասումը հրեայ ժողովուրդին կողմէ պսակուեցաւ Մարիամի՝ «Եղիցի ըստ բանի քում» «Թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1, 38) պատասխանով հրեշտակի աւետիսին՝ որ անոր ըսաւ, թէ ան Աստուծոյ Որդիին մայրը պիտի ըլլայ։

Ամենաբարին Աստուած մարդը ստեղծեց որպէսզի երջանիկ ապրի եւ ժառանգէ յաւիտենական կեանքը։ Բայց մարդը ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ եւ դրախտէն դուրս դրուեցաւ ։ Սակայն, ոչ ոք կրնայ Աստուծոյ ծրագիրը խախտել։ Ճիշդ է որ Սատանան կը յաջողի պահ մը Աստուծմէ հեռաձնել այս կամ այն մարդը, բայց Աստուած իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, փրկելու համար ամէն մարդ եւ իր թագաւորութիւնը հաստատելու աստուածավախ բոլոր մարդոց սրտին մէջ։ Եւ Յիսուս, իր յարութեամբը, բացաւ երկնքի դռները արդարներուն առջեւ։ Հայոց պատմութեան մէջ, հազարաւոր նահատակներ ունեցած ենք, որոնք այս ամուր հաւատքով տոգորուած, հետեւեցան Յիսուսի ճանապարհին մինչեւ իրենց կեանքին վերջին օրը։

Ադամի եւ Եւայի սկզբնական մեղքէն ետք Աստուած օձին ըսաւ. «Թշնամութիւն մը պիտի դնեմ քու եւ կնոջ միջեւ, քու սերունդիդ եւ անոր սերունդին միջեւ։ Ան քու գլուխդ պիտի ճզմէ եւ դուն պիտի ջանաս անոր գարշապարը խայթել» (Ծնն. 3,15)։       

Արդ կինը, որուն մասին կ՚ակնարկէ Սուրբ Գիրքը, նոյնինքը Մարիամն է, եւ անոր սերունդը՝ նոյնինքը Յիսուսն է։ Ասոր համար, Սատանան Աստուածամօրմէն կը սարսափի, ինչպէս կը վկայեն նաեւ երդմնեցուցիչները, այսինքն՝ դիւահարին մօտ կանչուած վարդապետները, որուն աղօթելով այսահարէն դեւը կը վռնտեն։

Վերոնշեալ տուեալներէն կը հասկնանք թէ ինչու համար առաջին դարերէն ի վեր մեծ բարեպաշտութիւն կար Աստուածամօր հանդէպ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս բոլոր ժողովուրդներուն քով։ Այս բարեպաշտական հոգին յատուկ կերպով կը նշմարենք մեր միսթիքական եւ ներբողագիր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին մօտ։ Ան իր Մատեան Ողբերգութեան ութսուներորդ Բանին մէջ այսպէս կ՚արտայայտէ Աստուածամօր իր ուղղուած պաղատանքը.

 

«Քեզ կ՚աղաչեմ Սուրբ Աստուածածին,

Ո՜վ մարդ հրեշտակ եւ մարմնատեսիլ անբիծ քերովբէ,

Երկնքի թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդ, մաքուր՝ ինչպէս լոյս,

Անեղծ՝ երկնաթռիչ արուսեակի պէս,

Անապականութեամբ գերազանց՝ անկոխ սրբութիւններու,

Առատախոստում երանութեան վայր, շնչաւոր Եդեմ,

Բոցեղէն սուրով պաշտպանուած՝ կեանքի անմահութեան ծառ» (Բան Ձ, 5-12)։

 

Պէտք է ըսել թէ հայ բարեպաշտ ժողովուրդին ամենէն բարեպաշտական գիրքը եղած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան Գիրքը։

Հայոց քով, Աւետման տօնը ինչպէս նաեւ Աստուածամօր միւս տօները, տէրունական տօներ կը համարուին, Սուրբ Կոյս Աստուածածնի կատարած եզակի դերին համար Յիսուսի փրկագործութեան խորհուրդին մէջ։

Այս տօնին կարեւորութիւնը յայտնի է Հայ ժողովուրդին, նաեւ ուրիշ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մօտ, այն աստիճան որ ծնողքը Աւետում բառը իրենց զաւակներու որպէս անձնանում կը դնեն։ Այսպէս ունինք Աւետիս եւ Աւետիք անձնանուններ եւ Աւետիսեան ու Աւետիքեան ազգանուններ։ Իսկ կիներուն համար, ինչպէս գիտէք, ամենէն գործածուած անունն է Մարիա կամ Մարիամ, նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաներուն մօտ։ Երկու տարի առաջ, Լիբանանի կառավարութիւնը հռչակեց Աւետման տօնը որպէս ազգային տօն, այսինքն՝ թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ իսլամներուն համար։

Մարիամին կուսական արգանդին մէջ Աստուած մարդացաւ եւ Մարիամ այսպէսով առիթը տուաւ մարդոց որ անոնք ալ բարձրանան դէպի աստուածութիւնը։ Սուրբ Հայրերը կ՚ըսեն. «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ»։ Այս մեծ պատիւը եւ աննախընթաց շնորհքը Սուրբ Կոյս Մարիամին կը պարտինք։ Եւ մեզմէ ամէն մէկուն համար, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով այս կարելիութիւնը տրուած է։ Արդարեւ, Նազարէթի դեռատի աղջիկը՝ Մարիամ, հրեշտակի խօսքին իր Եղիցի-ովը, օրինակ տուաւ մեզի որպէսզի Աստուծոյ գործին մենք ալ կարենանք մասնակից դառնալ։

Ի՜նչ աննման շնորհք մեզի համար։ Պատիւը որ արժանացանք մկրտութեան աւազանին մէջ, մեր երկնային Մօրը կը պարտինք։ Նշանաւոր սուրբ մը կ՚ըսէր. Ամենամեծ տիտղոսը որ ինծի պատիւ կը բերէ՝ ոչ թէ իմ մասնագէտ ըլլալս այս ինչ գործին մէջ, կամ բարձր վկայականներս կամ կարեւոր պաշտօնս, այլ որովհետեւ քրիստոնեայ անունը կը կրեմ։ Քրիստոնեայ ըլլալը՝ այս է իմ ամենամեծ պատիւը։

Սիրելիներ, որպէս հաւատքի եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հաճութեան առարկայ դառն՛անք, հետեւի՛նք Սուրբ Կոյս Մարիամին, եւ ան մեզի պիտի ներշնչէ ձեւը լաւ համապատասխանելու Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրներուն մեր կեանքին համար Անոր մեր «Եղիցին» ըսելով՝ շուտափոյթ կերպով եւ ուրախ ու սիրալիր սրտով։

Յոյժ սիրելիներ, յաճախ դիմե՛նք մեր երկնաւոր Մօր, ոչ միայն երբ նեղութեան մէջ գտնուինք, կը հասկնամ թէ երբ մէկը նեղութեան մէջ է, իր մօրը կը դիմէ. այլ Աստուծոյ Մօր դիմե՛նք որդիական եւ երախտագէտ զգացումով, եւ մանաւանդ խնդրելով իրմէ շնորհքը ամէն օր Յիսուսին աւելի մօտենալու, որովհետեւ հոն պիտի գտնենք մեր երջանկութիւնը եւ սրտի խաղաղութիւնը։

Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, խաղաղութիւն պարգեւէ մեր կեանքին, մեր ընտանիքներուն, արաբական բոլոր երկիրներուն, եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ ապահովութիւն փնտռող ժողովուրդին։

Տուր մեզի, ո՜վ Սուրբ Կոյս, որ մենք ալ, քեզի նման, կարենանք ճզմել Սատանային գլուխը հաւատարիմ մնալով մեր քրիստոնեայ սկզբունքներուն, եւ քեզի պէս կարենանք Յիսուսը տալ բոլորին, մանաւանդ Յիսուսին սիրոյ կարօտեալներուն. Ամէն»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ