Պէյրութ
Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011, պատրիարքական թեմի քահանաները մասնակցեցան հոգեւոր ամփոփումի գլխաւորութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, ի պատրաստութիւն Աւագ շաբթուան։
Հոգեւոր կրթութիւն քարոզեց հայր Տոմինիք Լապաքի, որմէ ետք խոստովանանքի առիթ ունեցան բոլոր քահանաները. ապա բոլորը մասնակցեցան կէսօրուան ճաշին։