Մոնթրէալ
Կիրակի, 9 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ի եւ կէսօրուան ժամը 12:15-ի սուրբ Պատարագներուն աւարտին, Մոնթրէալի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւը՝ հայր Գէորգ ծ∙ վրդ∙ Զապարեան եւ հաւատացեալները պատեհութիւնը պիտի ունենան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին‚ վերջին չորս տարիներուն մատուցած հովուական թանկագին ծառայութեան համար եւ իրեն ողջերթ մաղթելու դէպի Լիբանան, ուր նոր պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէ։
Յետ իւրաքանչիւր Պատարագի‚ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ։
Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէն, երբ ժամանէ Պէյրութ, սեպտեմբեր ամսոյն սկիզբը: