Լիբանան
Սերժ Թուրսարգիսեան նորընտիր երեսփոխան Լիբանանի խորհրդարանին
Լիբանանի 7 Յունիս 2009ի քաղաքական ընտրութիւններուն մասին պետական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան երեսփոխան վեըընտրուեցաւ Պէյրութ Ա. շրջանի հայ կաթողիկէ աթոռին համար: Յիշենք, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ կաթողիկէ համայնքը ունի միայն մէկ ներկայացուցիչ: Թուրսարգիսեան մաս կը կազմէ 14 մարտի համախմբումին, որ մեծամասնութեամբ դարձեալ յաղթեց 2009ի ընտրութիւնները: Մեթր Սերժ երրորդ անգամ ըլլալով համայնքը կը ներկայացնէ Խորհրդարանին մէջ:
Կայքէջիս յանձնախումբը՝ նախագահ եւ անդամներ, կը շնորհաւորհէ Մեթր Սերժը եւ անոր ընտանիքը, եւ կը մաղթէ անոր յաջող առաքելութիւն, ի սպաս Լիբանանի, լիբանանահայ գաղութին եւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին: