Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2011 - Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէս


Պուրճ Համուտ

Շաբաթ, 1‎1 Յունիս 2011-ին երեկոյեան ժամը 7։00-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, աւելի քան 900 ներկաներու առջեւ մանկապարտէզին հրաժեշտի հանդէսով ներկայացան Ծաղիկ դասարանի 67 աշակերտներ՝ Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանցիներուն հետ միասնաբար։ Օրուան յայտագիրը մեկնարկեց աշակերտներուն բեմ մուտքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու կատարումով։

Այնուհետեւ հանդէսին բացման խօսքը փոխանցեցին աշակերտներ Ցոլեր Գաճաօղլանեան, ժիւլիա Քէօշքէրեան, Կարէն Ներսէսեան եւ Բալիկ Տօնիկեան։

Բացման խօսքին յաջորդող Ծաղիկ դասարաններու զոյգ խմբերգներէն յետոյ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն պր. Կրէկուար Գալուստ։ Տնօրէնը իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ. «Այսօր առիթն է, որ իմ խորին շնորահակալութիւնները յայտնեմ ձեզի, մեր կրթօճախին հանդէպ ձեր տածած վստահութեան համար։ Այդ վստահութիւնը մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի դէպի առաջ նայինք հաւատքով ու յաւելեալ թափով ու եռանդով լծուինք մեր ծրագիրներու իրագործման դժուարին, բայց միեւնոյն ատեն արգելք չճանչցող աշխատանքներուն։  Մենք ամէն ինչ ըրած ենք եւ դեռ պիտի ընենք, աւելին, բարձրացնելու համար մեր վարժարանի ընդհանուր մակարդակը։ Այդ մէկուն պիտի հասնինք միասնաբար՝ ձեռք-ձեռքի տուած»։

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը, կատարողութեամբ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան։

Հանդէսի եզրափակումին խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի՝ տիկին Մարիա Պէօճէքեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած էին այս հանդէսի պատրաստման աշխատանքներուն։ Ան նաեւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիները ողջ տարեշրջանին իրենց տարած քրտնաջան աշխատանքին դիմաց յայտնելով իր երախտագիտութեան զգացումները։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ