Ուրբաթ, 7 Յունուար 2011 - Հոգեւոր տիրոջ քարոզը Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ

 

Պուրճ Համմուտ

 

Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, հինգշաբթի 6 յունուար 2011-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց սուրբ Պատարագը սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

 

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

 

Այսօր կը կատարենք Աստուածայայտնութեան մեծ տօնը, որ է՝ Յիսուսի Յայտնութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն, զոր կը ներկայացնեն մոգերը, ինչպէս որ Մատթէոս Աւետարանիչը մեզի կը հաղորդէ, երբ կ՚ըսէ. «Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, Հերովդէս թագաւորին օրով, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, եւ հարցուցին. «Ո՞ւր է հրեաներուն թագաւորը որ ծնաւ, որովհետեւ անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր» (Մտթ 2, 1-2)։

Մարդու կեանքին ամենէն կարեւոր բանը՝ զԱստուած փնտռելն է եւ զայն գտնել՝ ներքին գոհունակութեան եւ երջանկութեան հասնելու համար։ Առակաց գիրքին մէջ Տէրը կ՚ըսէ. «Զիս եռանդով փնտռողները զիս կը գտնեն» (Առ 8, 17)։ Ան որ լրջօրէն Աստուած կը փնտռէ, կ՚ուզէ իմանալ Աստուծոյ կամքը՝ զայն կատարելու համար։ Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ մարդը կ՚իրականանայ եւ երջանիկ կը դառնայ։ Մատթէոս աւետարանիչը կ՚աւելցնէ. «Նախ խնդրեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ իր արդարութիւնը, եւ այդ բոլորը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (Մտթ 6, 33)։ Եթէ հաւատանք սուրբ Աւետարանին այս խօսքին եւ փափաքինք շատ բարիքներ ունենալ, պիտի փնտռենք Աստուծոյ արքայութիւնը նախ եւ առաջ, այսինքն պիտի կատարենք Աստուծոյ կամքը եւ պիտի հեռանանք չարէն եւ մեղքէն։

Դարերու ընթացքին, իմաստուն մարդիկը միշտ փնտռած են Աստուած։ Անոնցմէ էին նաեւ մոգերը, որոնք իմաստուն եւ գիտուն մարդիկ էին։ Սխալ է ըսել որ գիտութիւնը կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Այո՛ կը հեռացնէ, եթէ անձը իմաստուն չէ եւ հպարտ է։ Բայց եթէ մարդը իսկական գիտուն մըն է, Աստուծոյ աւելի կը մօտենայ, որովհետեւ իսկական գիտունը խոնարհ է, որովհետեւ գիտէ թէ իր չգիտցածները իր գիտցածէն բիւրաւոր անգամ աւելի շատ են։ Ժամանակին, նշանաւոր գիրք մը կարդացի, որուն տիտղոսն էր՝ գիտունները մեզի կը խօսին Աստուծոյ մասին։

Աւետարանիչը, որ մոգերու կարեւոր դէպքը կը պատմէ, կը նշէ որ անոնք հասան Երուսաղէմ հետեւելով աստղի մը, որովհետեւ ըմբռնեցին որ այս աստղը նշան Թագաւորի ծնունդին, այսինքն՝ Մեսիայի ծնունդին։ Աստղին լոյսը առաջնորդեց մօգերուն, որոնք՝ յայտնի է, ճշմարտութեան փնտռողներ էին։ Անոնք իմաստուն մարդիկ էին, որ կը խորազննէին աստղերը եւ իրազեկ էին ժողովուրդներու պատմութեան։ Անոնք նաեւ գիտնականներ էին, որոնք կը դիտէին տիեզերքը, ուր կը կարդային աստուածային նշանները եւ պատգամները ուղղուած մարդոց։ Բայց անոնց գիտութիւնը զիրենք հպարտ եւ ինքնաբաւ չէր դարձուցած եւ չէին ամչնար հարցնելու ուղղութիւնը։ Ճամբան գիտնալէն ետք, կ՚ուղղուին դէպի Բեթղեհէմ, եւ նորէն աստղը կը տեսնեն։ Այս դէպքը կը նշանակէ որ փնտռտողը կը հասնի ճշմարտութեան։ Այս ներդաշնակութիւնը հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ ուրախութեամբ կը լեցնէ իրենց սիրտերը՝ որպէս հարազատ խոնարհ գիտուններ եւ իմաստուններ։ Ս. Մատթէոս կը գրէ. «Երբ աստղը տեսան՝ մեծապէս ուրախացան» (Մտթ 2, 10)։ Բայց իրենց ուղեւորութեան գագաթնակէտը տեղի պիտի ունենայ երբ «տեսան մանուկը իր մօրը՝ Մարիամին հետ» (Մտթ 2, 11)։ Բեթղեհէմի այս համեստ քարայրին տեսարանին առջեւ կրնային յուսախաբ մնալ, քանի տեսան «մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրի մէջ» (Ղկ 2, 7)։ Ընդհակառակը, անոնք չգայթակղեցան երեւոյթներէն եւ սոյն խորհուրդը անմիջապէս ընդունեցան։ Աւետարանը կ՚ըսէ որ «գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր» (Մտթ 2, 11)։

Մենք ալ պարտինք Յիսուսը փնտռել մեր փոքր աշխարհին մէջ՝ տան մէջ, դպրոցին կամ համալսարանին մէջ , գործին կամ ակումբին մէջ, որովհետեւ անոնք բոլորը իմաստ ունին մեր կեանքին համար։ Մենք ալ սրտի գոհունակութիւն պիտի ունենանք երբ ճանչնանք Աստուծոյ մատը ամէն բանի մէջ։ Այն ժամանակ, ամէն ինչ իմաստ պիտի ունենայ՝ ուրախութիւնները եւ յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ դժուարութիւնները եւ ձախողանքները։ Պիտի զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ մեզի միշտ մօտ եղած է։ Վախ եւ տարակոյսներ պիտի փարատին։ Փոխյարաբերութիւնները ուրիշներուն հետ, որ ամենէն դժուար հարցն է եւ որ յաճախ մեզի եւ ուրիշներուն հետ կը յարուցանէ, բնական պիտի գտնենք եւ բոլորին պիտի մօտենանք առանց նախապաշարումի եւ առանց յանդուգն դատողութեան։

Անցեալ կիրակի աննախընթաց դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Զմմառու վանքին մէջ, 25 տարեկան երիտասարդի մը ուխտադրութեան արարողութիւնը կատարեցինք։ Ոմանք ինծի հարցուցին՝ կա՞ն տակաւին երիտասարդներ որ կը նուիրուին Աստուծոյ։ Այո՛ կան։ Բայց ինչ որ զիս տպաւորեց՝ այս երիտասարդին կեանքը։ Ան պզտիկուց, թերեւս նոյնիսկ բնազդաբար, զԱստուած փնտռած է՝ դասերուն մէջ եւ չէ յաջողած, գործին մէջ եւ չէ շարունակած, քահանայական կոչման մէջ եւ իր կոչումը հոն չէ գտած։ Կարելի է ըսել որ այս երիտասարդը ձախողած է իր կեանքին մէջ։ Եւ սակայն, հիմա ինք Աստուծոյ կամքը գտած է, խաղաղ է եւ հանգիստ, որովհետեւ զԱստուած գտաւ իր այս կոչման մէջ, միաբան եղբայր կոչումը, եւ ուրախ զուարթ՝ հարազատներով եւ բարեկամներով շրջապատուած՝ հռչակեց Աստուծոյ առջեւ իր ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը եւ աղքատութեան խոստումը։ Յակոբը, այս է իր անունը, չէ փնտռած ոչ գիտութիւն, ոչ դրամ, ոչ ալ կարեւոր դիրք, այլ պարզ եւ համեստ աշխատող միաբան եղբայր ըլլալ։ Ան հոն գտաւ Աստուծոյ հայրական դէմքը, որ է սիրոյ դէմքը, որ երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն կը շնորհէ իր սրտին եւ անոր որ իրեն կր մօտենան։ Որքա՜ն զարմանալի եւ իմաստուն են Աստուծոյ ճամբաները։ Իր ծնողքը կրնային յուսախաբ մնալ։ Պիտի ուզէին թերեւս որ իրենց զաւակը, Աստուծոյ նուրիելէ ետք իր կեանքը, գոնէ դիրքի մը հասնի եւ կամ կարեւոր պաշտօնի մը։ Բայց ո՛չ, անոնք ալ, մոգերու նման, սիրով ընդունեցան Աստուծոյ կամքը։

Արդեօք Աստուած չուզ՞եր մեզի բան մը ըսել Եղբայր Յակոբի կոչումին առիթով։ Հրեաները որ ճամբան ցցուցին մոգերուն եւ սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները գիտէին, գիտէին որ Մեսիան պիտի ծնէր Դաւիթի քաղաքին մէջ, զարմանալիօրէն չհետաքրքրուեցան մոգերու փնտռածէն եւ ոչ իսկ հետեւեցաւ անոնց, այլ անշարժ եւ անհասկնալի դիրք բռնեցին։ Սուրբ Օգոստինոս զանոնք կը նմանցնէ մղոնաքարերու, ճամբաներու նշաններուն, որ ուղղութիւնը ցոյց կու տան անցորդներուն, բայց անշարժ կը մնան։ Արդե՞օք դուք ալ անշարժ պիտի մնաք Աստուծոյ սքանչելիքներուն եւ զարմանք պատճառող երեւոյթներուն դիմաց, մղոնաքարերու պէս՝ ձեր կեանքը չխանգարելու համար։

Բարեբախտաբար եղած են եւ այսօր ալ կան երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, ինչպէս նաեւ չափահասներ, որոնք Աստուծոյ կոչին եւ նշանին նոր ճամբան կը բռնեն, մոգերու նման, եւ այն ժամանակ՝ Աստուածայայտնութիւնը՝ սովորական աւանդական տօն ըլլալէ աւելի նոր իմաստ կը ստանայ իրենց համար։ Այս անձերը լուսաւորուած կ՚ըլլան աստուածային սիրոյ աստղէն եւ ոյժ կ՚ունենան փոխանցելու իրենց շրջանակէն ներս այն աստուածային սէրը որ կը բորբոքէ իրենց սիրտը։ Անոնցմէ ամէն մէկը, իր կոչումին համեմատ, կ՚ապրի մոգերուն նոյն փորձառութիւնը։ Այսպէս՝ Բեթղեհէմի լոյսը կը շարունակէ փայլիլ աշխարհի վրայ։

Կրնանք հարցնել՝ ինչպէս կ՚ըլլայ որ ոմանք կը տեսնեն այդ լոյսը եւ միւսները՝ ոչ։ կարելի է պատասխանել՝ ինքնավստահութիւնը եւ ինքնաբաւութիւնը, կամ յանդգնութիւնը մտածելու թէ անոնք ամէն բան գիտեն, եւ իրենց սիրտը գոց կը մնայ Աստուծոյ որեւէ նոր կոչին։

Սիրելիներ, Աստուածայայտնութեան իմաստը այն է որ Աստուած ուզած է ինքզինք յայտնել մարդոց, նախ՝ հրեայ ժողովուրդին, ապա՝ հեթանոսներուն եւ վերջապէս՝ համայն աշխարհի։ Ամենաբարին Աստուած ինքզինք յայտնեց Հայ Ժողովուրդին առաջին դարերէն իսկ, եւ պաշտօնապէս՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ։ Հայ ժողովուրդը պատիւը ունեցաւ դառնալու աշխարհի վրայ առաջին ազգը, որ պաշտօնապէս որդեգրեց քրիստոնեայ կրօնքը որպէս պետական կրօնք։

Այսօր, Աստուածայայտնութեան տօնը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ եւ մեզի կը յիշեցնէ որ Յիսուս կ՚ուզէ յայտնուիլ մեզմէ ամէն մէկուն, որպէսզի զայն գտնելով երջանիկ ըլլանք եւ բարիք ընենք,

որպէսզի ուրախ եւ խաղաղ ապրինք եւ ուրիշներ ուրախացնենք եւ անոնց խաղաղութիւն ներշնչենք մեր ապրելակերպով, մեր հաւատքով եւ մեր ուրախ կեանքով,

որպէսզի դառնանք Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներ մեր շրջանակին եւ մեր միջավայրին մէջ՝ զԱստուած փառաբանելով, ճշմարտութիւնը պաշտպանելով եւ տառապեալները մխիթարելով, եւ բոլորին փոխանցելով այն հրապուրիչ եւ կենսունակ անկեղծ սէրը, որ Յիսուս մեզի կը հաղորդէ ամէն օր շարունակ կերպով։

Թո՛ղ սուրբ Կոյս Աստուածածինը մեզի զօրավիգ կանգնի մեր այս համեստ, բայց շատ կարեւոր, առաքելութեան մէջ, ան որ բոլոր դարերու ընթացքին առաքեալներուն մայրը եւ տիպար օրինակը եղած է. Ամէն։

 

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւՕրհնեալ է յայտնութիւն Քրիստոսի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ