Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2012 - Հայցազրոյց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ


Պէյրութ

«Խաղաղութիւնը» Եղաւ գլխաւոր թեման որուն մասին յատկապէս խօսեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը Լեհ լրագրողին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։

Խօսելէ ետք հայ Եկեղեցւոյ ու հայ կաթողիկէ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին մասին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտը դրաւ «Խաղաղութեան» թեմային վրայ, ու նաեւ անդրադարձաւ Եկեղեցիներու դերին «խաղաղութեան» արծարծումին ի խնդիր, բաժանումի ենթարկուած այս աշխարհամասին մէջ։

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ յատկապէս.
«Խաղաղութիւն Ամենեցուն» այսպէս ողջունեց Յիսուս իր աշակերտները իր Յարութենէն ետք։ Նաեւ Յիսուս յատուկ պատգամ մը ձգեց իրեն հետեւողներուն ըսելով. «Իրար հետ Խաղաղութեամբ Ապրեցէք» աւելցնելով «Իմ Խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի»։
Արդ Խաղաղութիւնը դարձաւ նշակալից խօսք մը բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւատացեալները իրարու կու տան ողջոյնի համբոյրը որպէս հաղորդութեան նշան։

Եկեղեցին կը տարածէ խաղաղութիւնը ոչ թէ զէնքի ոյժով ոչ ալ ռազմական համաձայնութիւններով այլ պատրաստելով ժողովուրդ մը որ կը գործէ խաղաղութեան համար, նախընտրէ խաղաղութիւնը քանի որ պատերազմը միայն մահ, վիրաւորներ ու երկարատեւ ատելութիւն կը յարուցանէ մինչդեռ խաղաղութիւնը կը ստեղծէ փոխադարձ հասկացողութեան ու համագործակցութեան կլիմայ մը. աւելցնելով որ խաղաղութիւնը կարելի է նոյնիսկ թշնամիներու միջեւ՝ օրինակ բերելով Գերմանիան եւ ֆրանսան որոնք երկար տարիներ անհամաձայն ըլլալով հանդերձ, իրար հետ խաղաղութեան դաշինք կնքեցին. վերջերս ալ Համայն Ռուսիոյ օրթոտոքսներու պատրիարքը այցելելով Լեհաստանը խաղաղութեան յորդորագիր մը ստորագրեց Լեհաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսաց խորհուրդի նախագահին հետ, յետ երկարատեւ բախումներուն՝ համաշխարհային Բ պատերազմէն ի վեր։

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը մաղթանք յայտնեց որ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին այս պատմական այցելութիւնը Լիբանան, մշտատեւ ու կայուն խաղաղութեան հիմը դնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու միջեւ, մանաւանդ այս տխուր արաբական գարունէն ետք։ Սակայն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանալին, ըսաւ Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը, «Իսրայէլի եւ Պաղեստինի պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղեցումին մէջ կը գտնուի, այն ինչ որ ամբողջ սրտով կը մաղթենք։ Դուք եւս միացէք մեզի այս ազնիւ դիտաւորութեան համար. հրաւիրեց հայ կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքը իր զրուցակիցները հարցազրոյցին աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնելով Լեհ լրագրողներուն, ու յատկապէս լեհ ժողովուրդին որ եկեղեցւոյ եւ համայն քրիստոնեայ աշխարհին նուիրեց Երանելի ՅՊԲ Քահանայապետը։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=620097
 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ